«Որպէս կիզակէտ ընտրել «միասին» բառը». Ֆրանչիսկոս Պապը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հաւանայի մէջ այս օրերուն, 24-28 Յունուար 2023 ին, տեղի կ՛ունենայ «Աշխարհի հաւասարակշռութեան համար» խորագիրով միջազգային գիտաժողով` յիշատակելու համար Խօսէ Մարթի ծնունդը, որ եղած է Քուպացի ժողովրդավարական հանրապետպոթեան քաղաքական գործիչ, մտաւորական, լրագրող, փիլիսոփայ եւ բանաստեղծ, որուն տիպարը խթան է վերազարթնելու խիղճերն անոնց, որոնք աշխարհի մէջ կոչուած են ստեղծելու երկխօսութեան եւ եղբայրութեան մթնոլորտ մը, որ կարող ըլլայ «խթանել նշանակալից փոփոխութիւններ, այսօրուայ ընկերային ու քաղաքական միջավայրերուն մէջ»։
Փոփոխութիւն յառաջացնել
Վերոնշեալ գիտաժողովին առիթով Սրբազան Պապը ժողովականներուն ուղղած պատգամի մը մէջ գնահատելով գիտաժողովի նիւթն ու կազմակերպութիւնը ընդգծած է, թէ այսօրուայ պայմանները «ահազանգի» պատճառ են եւ «պէտք է մեր մէջ յառաջացնեն ճանապարհի փոփոխութիւն»։ Ան ապա հրատապ նկատած է այս ուղղութեամբ «կառուցել կամուրջներ, որոնք մեզ օգնեն շօշափելի լուծումներ գտնելու, միասին, եւ որոնք ոչ մէկը բացառեն»։
Երկխօսութիւն եւ տիեզերական եղբայրութիւն
«Եւ այս բոլորը մեկնելով երկխօսութենէն եւ տիեզերական եղբայրութեան աւելի ընդարձակ հորիզոնէն» (Fratelli tutti, թիւ 142) գրած է Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ դարձեալ ակնարկելով Խօսէ Մարթիի տիպարին եւ Անոր երանաշնորհ Ֆելիքս Վարելայի մասին խօսքերուն ու վկայութիւններուն, հրաւիրելով այս երկու անձնաւորութիւնները ընտրել, որպէս արժէքներու օրինակ։
Կիզակէտ ընտրել «միասին» բառը
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ակնարկեց այս տարուայ Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան պատգամին, մէջբերելով խօսքը թէ «համավարակի ընթացքին բազմաթիւ հերոսներ վկայութիւն տուին հաւատքին, յոյսին, եւ վեհանձն անձնուիրումին, որոնք ծնունդ կ՜առնեն Աստուծոյ սէրէն որ դրոշմուած է իւրաքանչիւր մարդու բնութեան մէջ»։
«Անոնք մեզմէ կը խնդրեն որպէս կիզակէտ ընտրել «միասին» բառը։ Արդարեւ միասին է որ եղբայրութեան եւ զօրակցութեան մէջ, կը կառուցենք խաղաղութիւնը, կ՛երաշխաւորենք արդարութիւնը, կը յաղթահարենք ամենացաւալի իրադարձութիւնները»։ Այս է բանալին վերագտնելու համար հաւասարակշռութիւնը, որ ձեր հանդիպումին բնաբանն է, որովհետեւ միայն միասին կարող ենք դիմագրաւել բարոյական, ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամերը, զոր կ՛ապրինք եւ որ բոլորն ալ իրարու հետ փոխկապուած են» գրեց Սրբազան Պապը պատգամին աւարտին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ