Որոնել

POPE-AFRICA/CONGO Խմբագրական

Միայն արցունք եւ լռութիւն կարող էին ընկերանալ ցաւալի վկայութիւններուն

Յուզիչ ու ցնցիչ էր Ֆրանչիսկոս Պապին հանդէպումը Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան արեւելեան շրջանի մէջ տեղի ունեցած բռնութիւններու զոհերուն հետ հանդիպումը։ Քահանայապետը լսելով այդ պատմութիւնները մեծապէս յուզուեցաւ, ծայրայեղ բռնութիւններ, ցաւ` որ կը յառաջանայ չարիքէ մը, որ պատճառ չի ճանչնար:

Անտրէա Թորնիելլի - Վատիկան

Քինշասա ժամանելուն առաջին օրէն իսկ Ֆրանչիսկոս Պապը աշխարհին կոչ ուղղեց չփակելու աչքերը, ականջներն ու բերանը Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան ու համայն Ափրիկէին մէջ տեղի ունեցածին ի տես։

Ճամբորդութեան երկրորդ օրուայ կէսօրէն ետքը, Քինշասայի Առաքելական Նուիրակութեան մէջ բոլորս ալ դէմ յանդիման գտնուեցանք հակամարտութիւններու եւ բռնութիւններու անմարդկային դաժան պատմութիւններու, որոնք տեղի կ՜ունենան Երկրի արեւելեան շրջանի մէջ, որ պատուհասի ենթարկուած է ցեղային ու տարածքային պայքարներով,

հակամարտութիւններ` որոնք կապուած են հողի սեփականութեան հետ, սրբապիղծ ատելութիւն անոնց, որոնք կը սպանեն յանուն կեղծ աստուծոյ։ Երկիր` որ պատուած է պատերազմով որ «առաջացած է կենսական առարկաներու և փողի անյագ ժլատութենէն»։

Միայն լռութիւնն ու արցունքները կարող էին ուղեկցիլ Սրբազան Պապին ներկայացուած պատմութիւններուն, ինչպէս, օրինակ, երիտասարդ հողագործ Լատիսլասի պատմութիւնը, որ տեսած էր, զինուորական հագուստով մարդիկ, որ իր հայրը սպանեցին ու մայրը առևանգեցին։ Կամ նման Պիժուին, որ

2020 թուականին տասնհինգ տարեկան հասակին, մինչ կը պատրաստուէր գետէն ջուր առնել, առևանգուեցաւ ապստամբներու խումբի մը կողմէ և 19 ամիս բռնաբարուեցաւ անոնց հրամանատարի կողմէ: Ան ապա յաջողեցաւ փախչիլ յղիութեան ժամանակ, և այժմ այստեղ է՝ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին դիմաց իր երկուորեակ դուստրերու հետ։ Ապա Էմելտան, որ առեւանգուեցաւ ապստամբներու ձեռքով 2005-ի ուրբաթ երեկոյ մը, տասնվեց տարեկան հասակին և երեք ամիսներ ամբողջ դարձաւ սեռային ստրուկ, մինչ ամէն օր հինգէն տասը տղամարդ բռնութեան կ՛ենթարկէին զայն: Անոր ստիպեցին նաեւ ուտել սպաննուած մարդոց միսը, որպէսզի ինք եւս նոյնպէս կտոր-կտոր չըլլար…

Միայն լռութիւն և արցունքներ: Ֆրանչիսկոսը ցնցուած էր եւ յուզուած։ Ան կրկնեց Յիսուսին անունը, որովհետեւ «Անոր հետ չարը այլևս կեանքի վերջին խօսքը չունի ... Անոր հետ ամէն գերեզման կարող է վերածուիլ օրօրոցի, ամէն փորձութիւն՝ Զատկական պարտէզի»։ Անոր հետ յոյսը կարող է վերածնիլ անոնց համար, որոնք «չարութիւն կրեցին ու նոյնիսկ անոնց համար` որոնք այդ չարիքը գործեցին»։

Զոհերը, ներգրաւուած ներման և հաշտեցման գործընթացին մէջ, իրենց տառապանքի որոշ խորհրդանիշներ՝ խոշոր դանակ, խսիր, քամեր, զետեղեցին Քահանայապետին մօտ զետեղուած մեծ Խաչին ոտքին։ Դժուար է պատկերացնել ներման հնարաւորութիւնը, լսելէ ետք անոնց խօսքերը որ բռնութեան, տառապանքի և նուաստացման ովկիանոս մըն են, զոր անոնք կրեցին: Եթէ այդ մէկը կարելի է պարզապէս շնորհքի շնորհիւ է: Միայն հրաշքը կարող է այդ մէկը թոյլ տալ։ Մենք ականատես եղանք այս հրաշքին, որ հնարաւոր է անոնց համար, որոնք կ՛ապրին` Անոր հետ, որ գերեզմանը դարձրեց նոր պատմութեան սկիզբ։Մենք ականատես եղանք այս հրաշքին, ճիշտ երբ արևը մար կը մտնէր Քինշասային մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2023, 08:00