Որոնել

«Եղէք Հարաւային Սուտանի աղն ու լոյսը». Ֆրանչիսկոս Պապին Հարաւային Սուտանի մէջ եզրափակիչ պատարագը

100 հազար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ Սրբազան Քահանայապետը այսօր հարաւային Սուտանի մայրաքաղաք` Ճուպայի մէջ մատուցած սուրբ պատարագով, աւարտեց անցեալ 31 Յունուարին սկիզբ առած առաքելական միջազգային 40րդ Ճամբորդութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի 5 Փետրուար 2023ի առաւօտեան, Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութիւն եւ Հարաւային Սուտան առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը, Ֆրանչիսկոս Պապը Ճուպայի Առաքելական Նուիրակութեան մէջ ողջունելէ ետք աշխատակազմն ու նուիրատուները ուղղուեցաւ «John Garang» յուշահամալիր, ուր նախ շրջեցաւ եւ ողջունեց այս առթիւ այնտեղ համախմբուած աւելի քան 100 հազար հաւատացեալները, հուսկ հոգեւոր դասի մասնակցութեամբ մատուցեց Առաքելական Ճամբորդութեան եզրափակիչ սուրբ պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հարաւային Սուտանի հանգրուանի Համամիութենական ուխտագնացութեան մասնակցող Քանթրըպուրրի առաջնորդը եւ Սքովտիայի Եկեղեցւոյ Վարիչը, ինչպէս նաեւ Երկրին նախագահը ու քաղաքական իշխանութիւնները։

Ձեզի կու գամ Խաչեալ Քրիստոսի անունով

Սուրբ Զոհի ընթացքին ընթերցուած Սուրբ գրային ընթերցումներէն ետքը Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը, նախ յղում կատարելով Սուրբ Պօղոսին Կորընթացիներուն ուղղած առաջին նամակին, ուր առաքեալը կ՛ըսէ թէ ինք եկած է վկայելու Խաչեալ Քրիստոսին խորհուրդը (Ա Կորնթ. 2,1-2), եւ ասկէ մեկնելով Քահանայապետը հաստատեց, թէ ինք եւս այստեղ կը գտնուի «Յիսուս Քրիստոսի` սիրոյ Աստուծոյ անունով, Աստուածը, որ խաղաղութիւնը իրականացուց Խաչին միջոցաւ։ Յիսուս,որ խաչուեցաւ բոլորի համար….խաչուեցաւ ձեզմէ շատերու կեանքին մէջ… Ձեզի կու գամ հռչակելու Զինք, ամրապնդելու ձեզ Անոր մէջ, որովհետեւ Քրիստոսին հռչակումը յոյսի հռչակում է։ Յիսուս կը ճանչնայ ու կը սիրէ ձեզ, եւ եթէ Անոր մէջ մնանք պէտք չէ վախնանք, որովհետեւ մեր մէջ եւս խաչը պիտի վերածուի յարութեան, տխրութիւնը յոյսի, ողբը պարի», ըսաւ ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Դուք էք աշխարհի աղը

Ան ապա խօսքը կեդրոնացուց Մատթէոսի Աւետարանէն (Գլ. 5, 38-48) քաղուած աւետարանական հատուածին վրայ, ուր Յիսուս կ՛ըսէ. «դուք էք կեանքին աղը….դուք էք աշխարհին լոյսը», եւ այս խօսքերը մեկնաբանելով նշեց, թէ «աղը կը ծառայէ համ տալու կերակուրին։ Անիկայ այն անտեսանելի բաղադրիչն է, որ համ կը հաղորդէ ամէն բանի: Եւ ճիշտ այս պատճառով է, որ հնագոյն ժամանակներուն ան դիտուեցաւ որպէս իմաստութեան խորհրդանիշ, այսինքն՝ այն առաքինութեան, որ կարելի չէ տեսնել, բայց` որ հաճոյք կը պատճառէ կեանքին, և առանց որուն` գոյութիւնը կը դառնայ անպարկեշտ, անհամ:

Քրիստոնէական կեանքին աղը` Երանութիւնները

«Յիսուս քրիստոնէական կեանքի որպէս աղ կը ներկայացնէ Երանութիւնները, որոնք երկիր կը բերեն Երկնքի իմաստութիւնը, կը յեղաշրջեն աշխարհին չափանիշերը եւ մտածումը, հաստատելով, որ երանի ըլլալու համար պէտք չէ փորձենք ըլլալ ուժեղ, հարուստ, հզօր, այլ խոնարհ, հեզ ու ողորմած... չարիք չի պատճառենք ոչ մէկուն եւ ըլլանք խաղաղութեան գործիչներ` բոլորին համար։ Եթէ մենք ի գործ դնենք Երանութիւնները, Եթէ մարմնացնենք Յիսուսին իմաստութիւնը համ կու տանք ոչ միայն մեր կեանքին այլ նաեւ ընկերութեան ու Երկրին, որուն մէջ կ՜ապրինք», ըսաւ Քահանայապետը։

Աստուծոյ հետ դաշինքի վկաները

«Աղը համ տալէն անդին կը ծառայէ նաեւ պահպանելու ուտելիքները, որպէսզի չի փճանան» շարունակեց Քահանայապետը ակնարկելով Աստուծոյ հետ դաշինքին եւ Յիսուսի աշակերտին, այդ դաշինքին վկան ըլլալու, ամէնօրեայ պատարագին մէջ։

«Մենք կոչուած ենք Աստուծոյ հետ ուխտին վկաները ըլլալու ուրախութեան մէջ, երախտագիտութեամբ, ցոյց տալով, թէ կարող ենք բարեկամութեան կապեր ստեղծել, ապրիլ եղբայրութեան մէջ, կառուցել մարդկային բարի յարաբերութիւններ, կանխելու համար չարիքի ապականութիւնը, պառակտումներու հիւանդութիւնը, անօրէն գործառնութիւններուն կեղտը, անարդարութեան պատուհասը» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը:

Դուք էք այս երկրին աղը հալեցէք եւ համ տուէք ամբողջութեան

«Ես այսօր կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի, որովհետեւ դուք այս Երկրին աղն էք» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը, դիտել տալով, թէ երբ կը թուայ, որ դուք փոքր ու անկարող էք, ի տես բազմաթիւ վէրքերուն եւ բռնութիւններուն, «մի վհատիք, նայեցէք աղին ու անոր մանր հատիկներուն. փոքր բաղադրիչ է և անգամ մը, որ ափսէի վրայ դրուի կ՛ անհետանայ, կը հալի, բայց այդպիսով է, որ ան համ կը հաղորդէ համայն բովանդակութեան»։

«Այդպէս ալ մենք քրիստոնեաներս, թէեւ դիւրաբեկ ու փոքր, նոյնիսկ երբ մեզ ուժերը փոքր կը թուան, մեծ հարցերու եւ բռնութեան կոյր կատաղութեան դիմաց, կարող ենք նուիրել մեր վճռական օգնութիւնը պատմութիւնը փոխելու համար։ Յիսուս կը փափաքի, որ մենք այս մէկը ընենք աղին նման, բաւարար է մէկ պտղունց, որ կը հալի, որպէսզի ամբողջութեան համ տայ»։

Վար առնենք ատելութեան եւ վրէժի զէնքերը

«Սկսինք այդ քիչէն» խրախուսեց Սրբազան Պապը, «վար առնենք ատելութեան եւ վրէժի զէնքերը գրկելու համար աղօթքն ու գթութիւնը. Եւ յաղթահարենք այն հակակրանքներն ու հակառակութիւնները... սորվինք ներման աղը լեցնել վէրքերուն վրայ, աղ` որ կ՛այրէ բայց կը բուժէ։ Հրաժարինք չարին պատասխանել չարիքով, զիրար ընկալենք եւ իրար զիրար սիրենք անկեղծութեամբ եւ վեհանձնութեամբ, այնպէս ինչպէս Աստուած ըրաւ մեր հետը» յորդորեց Քահանայապետը։

Դուք աշխարհին լոյսն էք

Ան ապա ակնարկեց «Դուք աշխարհի լոյսն էք» խօսքին, հաստատելով, որ Աստուած աշխարհ ուղարկեց իր Որդին, որ աշխարհին Լոյսն է, իսկական լոյսը, որ կը լուսաւորէ իւրաքանչիւր մարդ ու ազգ, լոյս` որ կը փայլի խաւարին մէջ եւ կը փառատէ ամէն տեսակ մթութիւն։ Եւ նոյնինքն Յիսուսն է, որ իր աշակերտներուն կ՛ըսէ, թէ իրենք եւս աշխարհին լոյսն են» նկատել տուաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, թէ «մենք եւս ընկալելով Քրիստոսին լոյսը կը դառնանք լուսաւոր ու կը տարածենք Աստուծոյ լոյսը»։

Կոչուած ենք լուսաւորելու մեր կեանքը

«Յիսուսին հրաւէրը ըլլալու աշխարհին լոյսը յստակ է» շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապը, մենք կոչուած ենք լուսաւորելու մեր կեանքը ու մեր գործերով նաեւ քաղաքներն, գիւղերը եւ վայրերը ուր կ՛ապրինք, մարդիկը, որոնց հետ կը յարաբերուինք.... Տէրը մեզի կու տայ ուժը ըլլալու Անոր մէջ լոյս բոլորին համար»։

Հարաւային Սուտանի յոյսի իղձը

Եթէ ապրինք, որպէս զաւակներ ու եղբայրներ այս աշխարհին մէջ մարդիկը պիտի բացայայտեն թէ Հայր մը ունին երկնքի մէջ։ Մեզմէ պահանջուած է այրիլ սիրով....այս գեղեցիկ ու մարտիրոս հողը կարիքը ունի լոյսին, զոր ունի ձեզմէ իւրաքանչիւրը կամ աւելի շիտակ` այն լոյսին, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրն է։

Եղէք աղը` որ կը համեմէ Հարաւային Սուտանը

Կը մաղթեմ, որ ըլլաք աղը, որ կը տարածուի եւ կը հալի վեհանձնութեամբ համեմելու Հարաւային Սուտանը Աւետարանի եղբայրական համով, ըլլալու քրիստոնեայ լուսաւոր հասարակութիւն, որ բարիի լոյսը կը տարածեն, բոլորին ցոյց տալով, թէ գեղեցիկ եւ հնարաւոր է ապրիլ ձրիութիւնը, յոյսը, միասին կառուցել հաշտուած ապագայ մը։ Ես ձեր հետն եմ ու կը մաղթեմ որ փորձարկէք Աւետարանի ուրախութիւնը, համն ու լոյսը զոր Տէրը` Խաղաղութեան Աստուածը, եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը, կ՛ուզէ զեղուլ իւրաքանչիւրի վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2023, 08:39