Նոր Սուտանի բերրի և փարթամ աճի սերմը դուք էք. Ֆրանչիսկոս Պապը՝ Երկրի փախստականներուն
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Հարաւային Սուտան համամիութենական բնոյթ կրող այցելութեան վերջընթեր օրը՝ Փետրուար 4ին, մայրաքաղաք Ճուպայի մէջ, Քանթըրպուրիի Առաջնորդ Ժասթին Ուելպիի եւ Սքովտիայի Եկեղեցւոյ Վարիչ Եայն Կրինշիլտսի հետ միասին, հանդիպեցաւ Երկրի փախստականներուն և տեղահանուածներուն՝ Freedom Hallի մէջ:
Մինչ Սրբազան Քահանայապետի ճառը, Հարաւային Սուտանի մօտ ՄԱԿի Գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցչի տեղակալ Սառա Պեյսոլու Նիանթին տեսանիւթի մը միջոցաւ և իր մեկնաբանութիւններով ներկայացուց փախստականներու իրավիճակը Երկրի մէջ, ուր 2013ին լայնածաւալ հակամարտութիւնները և բռնութիւնները ստիպած են միլիոնաւոր անձանց լքել սեփական բնակավայրերը:
Տեսանիւթի ցուցադրման հետևեցան փախստական մանուկներու վկայութիւնները:
«Երկար ժամանակէ ի վեր կը մտածեմ ձեր մասին՝ սրտիս մէջ կրելով ձեր հետ հանդիպելու, ձեր աչքերուն մէջ նայելու, ձեռքերը սեղմելու, ձեզ գրկելու ցանկութիւնը», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը տեղահանուածներուն ուղղուած իր ճառին սկիզբը և իր մօտիկութիւնը յայտնեց անոնց:
Առանց խաղաղութեան և ընկերային ընդելուզումի չկայ զարգացում
Այնուհետև, Ան ամբողջ սրտով նորոգեց իւրաքանչիւր հակամարտութիւն դադրեցնելու իր կոչը և հաստատեց, որ միայն խաղաղութեան, կայունութեան և արդարութեան պարագային է հնարաւոր զարգացում և ընկերային ընդելուզում:
Քահանայապետը ապա իր շնորհակալութիւնը յայտնեց ՄԱԿի յատուկ ներկայացուցիչի տեղակալին ցամաքամասի փախստականներու ամէնէ մեծ ճգնաժամային իրավիճակը ներկայացնելու և լուծումներ փնտռելուն ուղղուած իր աշխատանքին համար և կիսեց անոր կարծիքը, թէ՝ «Երկիրը փոխելու բանալին կանայք են»: Ասկէ մեկնելով Պապը յորդորեց. «Կը խնդրեմ պաշտպանել, յարգել, արժեւորել և պատուել իւրաքանչիւր կին, աղջնակ, աղջիկ, օրիորդ, մայր, մեծ մայր: Առանց ասոր ապագայ չկայ»:
Ֆրանչիսկոս շեշտեց նաև, որ տպաւորուած է չորս միլիոն տեղահանուած երեխաներով Երկրի իրականութիւնը տեսնելով ու գիտնալով, որ կրած տառապանքը երբեք չեն մարած ժպիտն ու յոյսը անոնց դէմքերէն։
Հանդիպումի նպատակն է թևեր տալ փախստականներու յոյսերուն
Նորին Սրբութիւնը այնուհետև բոլորին դիմելով ընդգծեց, որ այս հանդիպումի նպատակն է թևեր տալ անոնց յոյսերուն, նոյնիսկ տեղահանուածներու այս ճամբարներուն հողի մէջ կարող է ծնիլ նոր սերմ մը, որ պտուղ կու տայ և «այդ սերմը դուք էք` Նոր Սուտանի բերրի և փարթամ աճի համար», յարեց Ան:
Տարբեր ցեղերու երիտասարդներդ՝ եղէ՛ք խաղաղութեան նոր պատմութիւններու առաջին էջերը
Ֆրանչիսկոս իր ուրախութիւնը արտայայտեց, որ Հարաւային Սուտանի ժողովուրդը կը կարևորէ իր արմատները. երիտասարդները կը մեծնան տարեցներու պատմութիւնները լսելով, թէեւ վերջին տարիներուն կը բնորոշուին բռնութիւններով, շեշտեց Ան ու մաղթեց, որ ճիշտ արմատներէն մեկնելով հնարաւոր ըլլայ հանդիպումի նոր պատմութիւններ կերտել, ուր ոչ թէ ներկայացուի առօրեայ լուրերու ողբերգականութիւնը, այլեւ խաղաղութեան խանդավառ իղձը.
«Դուք՝ տարբեր ցեղերու երիտասարդներդ, եղէք այս պատմութիւններու առաջին էջերը», պնդեց Նորին Սրբութիւնը:
Օգնութեանը զուգահեռ ուղեկցիլ բնակչութեան զարգացման ճանապարհին
Ան իր ճառին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցական համայնքներուն, միսիոնարներուն, մարդասիրական և միջազգային կազմակերպութիւններուն, մասնաւորապէս՝ ՄԱԿ-ին, կատարուած մեծ աշխատանքին համար, միաժամանակ ընդգծելով, որ հարուստ կենսամիջոցներով այս Երկիրը արտաքին աջակցութեամբ չէ, որ պէտք է գոյատևէ։
Քահանայապետը խրախուսեց, այսօրեայ իրավիճակի համար անյետաձգելի այդ օգնութեանը զուգահեռ, ուղեկցիլ բնակչութեանը զարգացման ճանապարհին, օրինակի համար օգնելով անոնց սորվիլ օգտուիլ գիւղատնտեսութեան և անասնաբուծութեան ժամանակակից սարքաւորումներէն, այդպիսով նպաստելով աւելի անկախ աճին։
Ի վերջոյ, Ֆրանչիսկոս կոչ ուղղեց բոլորին. «Սիրտս ձեռքերուս մէջ կը խնդրեմ ձեզ. Եկէք օգնենք Հարաւային Սուտանին, մինակ չթողունք անոր բնակչութիւնը, որն այդքան շատ տառապած է և դեռ կը տառապի»։
Աւարտին Քահանայապետը կրկին անգամ իր մօտիկութիւն յայտնեց Հարաւային Սուտանի փախստականներուն և Քանթըրպուրրի Առաջնորդի ու Սքովտիայի Եկեղեցւոյ Վարիչի կամ ինչպէս Պապը ինքը նշեց՝ «իմ եղբայրներ Ժասթինի և Եայնի» հետ միասին, իր յատուկ օրհնութիւնը բաշխեց բոլորին՝ Երկրի մանուկներուն յատկապէս, որպէսզի կարողանան մեծնալ խաղաղութեան մէջ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ