Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Մեքսիքոյէն Հռոմ ժամանած խումբ մը ձեռնարկուներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Մեքսիքոյէն Հռոմ ժամանած խումբ մը ձեռնարկուներուն հետ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ.«Անհատապաշտութիւնն ու փակումը վնաս կը հասցնեն աշխարհին,առաջին հերթին ընդհանուր բարիքը»

ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Մեքսիքոյէն Հռոմ ժամանած խումբ մը ձեռնարկուներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 17 փետրուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ու իր սիրտի խօսքը ուղղեց Մեքսիքոյէն ժամանած խումբ մը ձեռնարկուներուն, որուն մէջ իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն այցելութեան համար դիտել տալով, որ «Բոլոր կաթողիկէներուն համար Վատիկանը իրենց տունն է, վայր մը՝ ուր եկեղեցւոյ որդիները կրնան Աստուած փառաբանել ընտանիքին մէջ։»

Անդրադառնալով աշխարհը յուզող հարցերուն ինչպէս պատերազմները ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, թէ մարդկային ընտանիքէն ներս պատերազմները քանդումի պատճառ կը դառնան, ինչպէս նաեւ աղքատութեան եւ տառապանքի,
ու ժամանակակից մշակոյթը բնորոշուած է անհատականութեամբ եւ փակուածութեամբ, կամաց կամաց ականատես դառնալով թէ մեր խիղճերը քնացած են հանգստաւէտութենէն, որուն պատճառաւ կը մոռնանք տառապող անձերը։

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, թէ կաթողիկէ ձեռնարկու մը դառնալու համար աշխարհի տնտեսութեան մէջ Աստուծոյ ներկայութեան նշան պէտք է հոգ տանի Տիրոջ հետ յարաբերութեան ու Ամենակարեւոր դրամագլուխը որ կրնանք ունենալ ան ալ հոգեւորական դրամագլուխն է։

Նորին Սրբութիւն նկատել տուաւ որ իւրաքանչիւր անձ կանչուած է նպաստելու որպէսի ընկերութիւնը միշտ ունենայ խաղաղութեան եւ հանդիպումի մշակոյթ դերակատարներ, որպէսզի եկեղեցւոյ մէջ բազմապատկուին հասարակութեան մը կառուցողները՝ ուր բոլոր առանց խտրութեան սիրուած եւ ընկալուած կը զգան Տիրոջմէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը խնամելու համար հրամայական է բարի քահանաներու գոյութիւնը, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ ժողովուրդին հովիւներն են ու Հաւատացեալներուն իրաւունքն է ունենալ բարի, լաւ կազմաւորուած քահանայ մը, որ ուրախութեամբ կը սնուցանէ հաւատացեալները քարոզով եւ Հաղորդութեան հացով։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց Մեքսիկացի ձեռնարկուները աղօթելու քահանաներուն համար ու անոնց նեցուկ գտնուելու օգնելով զանոնք որպէսզի կարենան իրենց ուժերը կեդրոնացնել հովուական ծառայութեան վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց յանձնելով բոլորին Կուատալուփէ Տիրամօր յարելով. որ Աստուածամայրը խնդրեց կառուցել տուն մը, ուր իր բոլոր որդիները պիտի կարենան զինք այցելել ու իրենց ցաւերը ու յոյսերը զետեղել։

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2023, 11:14