Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Մնացէք ձեր ժողովուրդին մօտ սրբելու համար բազմաթիւ արցունքներ»

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Հարաւային Սուտանի կղերական դասի անդամներուն
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 4 փետրուարին, առաւօտեան, Հարաւային Սուտանի Ճուպա մայրաքաղաքին մէջ գտնուող Պապական նուիրակի պալատէն Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Սրբուհի Թերեզայի մայր տաճար, ուր հանդիպում կ՝ունենայ Հարաւային Սուտանի եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն, սարկաւագներուն հետ։

Եպիսկոպոսներու ուղղած Ճառին սկիզբը ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց 2017 թուականին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կայացած խաղաղութեան պարգեւին դիտաւորութեան աղօթքի արարողութիւնը, ինչպէս նաեւ 2019ին, Վատիկանի մէջ քաղաքական առաջնորդներու հոգեւոր կրթութիւնը նուիրուած հարաւային Սուտանի մէջ հաշտութեան եւ եղբայրութեան կառուցման։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց Նեղոս գետին վրայ նշելով, որ այդ գետին մէջ կը հոսին տառապանքի եւ ցաւի մէջ ապրող ժողովուրդի արցունքները ու գետին ջուրերու մէջ հաւաքուած են հասարակութիւններուն հեծեծանքը, կոտրուած կեանքերու աղաղակը, փախուստի մէջ գտնուող ժողովուրդի ողբերգութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ այդ գետը միեւնոյն ժամանակ կը յիշեցնէ Մովսէսի պատմութիւնը, որ ազատութեան եւ փրկութեան նշան է։ Արդարեւ Մովսէս այդ ջուրերէն փրկուելով առաջնորդեց իր ժողովուրդը Կարմիր ծովուն մէջ, դառնալով ազատութեան միջոց, Աստուծոյ օգնութեան իքոն, որ կը տեսնէ իր զաւակներու չարչարանքները ու կը լսէ անոնց աղաղակը եւ կ՝իջնէ զանոնք ազատելու։ «Մնացէք ձեր ժողովուրդին մօտ սրբելու համար բազմաթիւ արցունքներ» ըսաւ Սրբազան հայրը, Ան ապա կեդրոնացաւ Մովսէս հայրապետին երկու կեցուածքներուն վրայ՝ հնազանդութիւն եւ բարեխօսութիւն։

Հնազանդութիւնը

«Մովսէս հայրապետին պատմութեան առաջին իրողութիւնը, որ կը զարմացնէ ան ալ անոր հնազանդութիւն է, Աստուծոյ նկատմամբ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով որ բոլորին գործերը կը յառաջանան Աստուծմէ, Ան Տէրն է եւ մենք կանչուած ենք անոր ձեռքերուն հնազանդ գտնուելու ու Մովէսէս հայրապետը այս մասին ըմբռնեց՝ երբ օր մը Տէրը իրեն յայտնուեցաւ կրակի մը մէջ՝ բլուրին վրայ։

«Հարկ է հեզութեամբ եւ հրապոյրով մօտենալ Աստուծոյ եւ թոյլ տալ, որ մեզ հրապուրէ ու ընկերանայ։ Պէտք է վստահիլ Աստուծոյ խօսքերուն նախ քան մեր խօսքերուն, հեզութեամբ ընկալել Անոր նախաձեռնութիւնը, նախ քան կեդրոնանալ մեր անձնական եւ եկեղեցական ծրագիրներուն վրայ։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ

Բարեխօսութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, թէ Մովսէս հայրապետը լուսաւորուած Աստուածային հուրէն դարձաւ իր տառապող ժողովուրդին փրկութեան միջոց ու Աստուծոյ հանդէպ հնազանդութեամբ դարձաւ բարեխօս իր եղբայրներուն։

Մովսէս հայրապետը ամենէն դժուար պահերուն, կ՝իջնէ ու կը բարձրանայ այն լեռէն, ուր Աստուած ներկայ է՝ ժողովուրդին բարեխօսելու նպատակաւ,զանոնք Աստուծոյ մօտեցնելու համար։

«Բարեխօսել չնշանակեր պարզապէս աղօթել մէկու համար, բարեխօսել կը նշանակէ ժողովուրդին մէջ մտնել ու Աստուծոյ կապող կամուրջներ դառնալ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց զարգացնել ժողովուրդին հետ քալելու արուեստը, քալել տառապանքներու, արցունքներու, Աստուծոյ անօթութեան եւ եղբայրներու եւ քոյրերուն սիրոյ ծարաւին մէջ, իսկ ժողովուրդին ի նպաստ բարեխօսելու համար անհրաժեշտ է ձայն բարձրացնել անարդարութեան եւ չարաշահումներու դիմաց, որոնք կը ջարդեն ժողովուրդը եւ բռնութիւն կը գործադրեն՝ մատակարարելով գործառնութիւններ պատերազմներու շուքին տակ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառին մէջ անդրադարձաւ Հարաւային Սուտանի մէջ բռնութեամբ հալածուած եւ սպաննուած կղերականներուն, ըսելով

Բազմաթիւ քահանաներ, կրօնաւորներ, կրօնաւորուհիներ, բռնութիւններու, ահաբեկչութիւններուն ենթարկուեցան կորսնցնելով իրենց կեանքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ Ճառը եզրափակեց իր եւ եկեղեցւոյ անունով շնորհակալութիւն յայտնելով հարաւային Սուտանի կղերական դասի անդամներուն՝ համբերութեամբ եւ նուիրուածութեամբ կատարած, անխոնջ աշխատանքներուն համար մաղթելով անոնց որ միշտ ըլլան վեհանձն Հովիւներ եւ վկաներ դառնան՝ զինուած լոկ աղօթքով եւ եղբայրսիրութեամբ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2023, 08:15