Քահանայապետը դարձեալ աղօթք խնդրեց խաղաղութեան համար ու յիշեց Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ երկրաշարժին զոհերը։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 26 Մարտ 2023ի կէսօրին գլխաւորած կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով այս առիթով ս. Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորները յիշեց, թէ երէկ` Աւետման տօնին առիթով նորոգեցինք Մարիամի Անարատ Սուրբ Սրտին նուիրագործումի արարքը, «այն վստահութեամբ, որ սրտերու դարձը կարող է բանալ խաղաղութեան տանող ճանապարհը» ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց շարունակել աղօթել մարտիրոս Ուքրանիոյ ժողովուրդին համար։
Սուրբ Եւ Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժի թիրախ ժողովուրդին մօտիկութիւն
Քահանայապետը ապա խնդրեց մօտիկ մնալ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ երկրաշարժի զոհերուն յիշելով, որ Իտալիոյ ժողովրդապետութիւններուն մէջ այսօր կատարուած դրամահաւաքը անոնց ի նպաստ է։
Աղօթք Միսսիսիփիի եւ Փրույի համար
«Աղօթենք նաեւ Միսսիսիփիի բնակչութեան համար, որ թիրախ է աւերիչ մրրիկի» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը, որոնց շարքին նաեւ Փերուէն ժամանած ուխտաւորներ, աղօթք խնդրելով Փերույի համար որ մեծապէս կը տառապի։
Իտալական զինեալ օդուժի հարիւրամեակը
Նորին Սրբութիւնը հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց Իտալական զինեալ օդուժի մէկ պատուիրակութեան. որ ըսաւ Ան, «կը տօնախմբէ հիմնադրութեան հարիւրամեակը», շնորհաւորութիւնները փոխանցելով անոնց ու քաջալերելով գործելու ի սպաս արդարութեան ու խաղաղութեան կառուցումին։
«Ես կ՛աղօթեմ ձեզի բոլորիդ համար դուք ալ նոյնը ըրէք ինծի համար» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի Կիրակի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ