Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ալֆոնսիանա  կաճառի անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ալֆոնսիանա կաճառի անդամները  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ոչ գրասեղանի բարոյականութեան, թող Աստուածաբանութիւնը ուշադիր ըլլայ իրական կեանքին»։

Բարոյագիտութեան աստուածաբանները, միսիոնարները, խոստովանահայրերը կանչուած են Աստուծոյ ժողովուրդին հետ կենդանի կապ հաստատելու, հասկնալու համար իսկական դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ պատասխաններ շնորհելու։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 23 մարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քահանայապետական «Ալֆոնսիանա» կաճառի եւ «Սուրբ Ալֆոնսօ. Վերջիններուն հովիւը եւ եկեղեցւոյ վարդապետը» նիւթով համագումարի մասնակիցները։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելէ ետք կաճառի տեսուչը, ուսուցիչներն ու աշակերտները անդրադարձաւ համագումարին նիւթին՝ բարոյական աստուածաբանութեան, ընդգծեց թէ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովին համաձայն բարոյական աստուածաբանութիւնը՝ սնուած սուրբ գիրքէն, պէտք է որ հաւատացեալներուն օգնէ ըմբռնելու աշխարհի մէջ Քրիստոսի սէրը տարածելու իրենց կոչումը«, ըսաւ սրբազան Հայրը աւելցնելով որ բարոյականութեան աստուածաբանները, միսիոնարները, խոստովանահայրերը կանչուած են Աստուծոյ ժողովուրդին հետ կենդանի կապ հաստատելու, հասկնալու համար իսկական դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ պատասխաններ շնորհելու, որոնք կ՝արտացոլացնեն Հօր յաւիտենական սիրոյ լոյսը»։

Զրուցելով Սուրբ Ալֆոնսոյի մասին, որուն աշխատանքին համահունչ սկիզբ առած է համագումարը՝ քննարկելով խիղճը ու անոր կազմաւորման ուժականութիւնը Ֆրանչիսկոս Պագ բարձր գնահատելով այդ նիւթը նշեց «Խիղճը, նաեւ առաջ վայրն է ուր իւրաքանչիւր անձ մինակ կը գտնուի Աստուծոյ հետ, որուն ձայնը կը հնչէ մտերմութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ համաժողովին ընթացքին արծարծուած նիւթերու շարքին կենսաբանականութեան հարցերուն, հրաւիրեց ժողովի մասնակիցները մշակել ունկնդրութեան եւ համեմատութեան համբերութիւնը ինչպէս յանձնարարած է Սուրբ Ալֆոնսը ընդդիմադրական իրավիճակներուն համար։
«Կենսաբարոյականութեան առաջարկը պէտք է ուշադիր ըլլայ անձերուն իսկական ողբերգութիւններուն, որոնք յաճախ կը յայտնուին շփոթութեան մէջ կեանքի բարոյական երկընտրանքներու առջեւ։

Անդրադառնալով ապա համաժողովին երրորդ ոլորտին, որ կը վերաբերի ընկերային բարոյականութեան Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ «Տէրը պատմութեան աւարտն է, մարդկութիւնը վերանորոգուած Քրիստոսի մէջ ուղղուած է աճելու որպէս Աստուծոյ ընտանիքը», ըսաւ Սրբազան Հայրը քաջալերելով հեզութեամբ եւ իմաստութեան մտնել ընկերութեան կառուցուածքին մէջ, որուն մէջ կ՝ապրինք, լաւ ճանչնալու համար շարժունակութիւնները եւ այդ մարդոց եւ կիներու առաջարկելու այս ուղղութեան համարժէք ուղիները։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր պատգամը ըսաւ որ «Եկեղեցին Ալֆոնսիանա կաճառէն կ՝ակնկալէ իմանալ հաշտեցնել գիտական խստութիւնն եւ մօտիկութիւնը Աստուծոյ ժողովուրդին հետ ու շօշափելի պատասխաներ տալ իսկական հարցերուն եւ ձեւակերպել բարոյական առաջարկներ՝ ուշադրութիւն դարձնելով ճշմարտութեան եւ մարդկանց բարօրութեան պահպանման։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2023, 12:11