Որոնել

2023.03.30 Papa Francesco al Gemelli

Յառաջիկայ օրերուն Քահանայապետը դուրս կու գայ հիւանդանոցէն. Կայ առողջութեան յստակ բարելաւում

Հիւանդանոցի անձնակազմին տեղեկութիւններուն մէջ կը նշուի. «Սրբազան Հօր համար նախատեսուած հիւանդանոցային ստուգումներու ծիրէն ներս, յայտնաբերուեցաւ վարակիչ ցնցղատապ, որ կը պահանջէր հակաբիոտիկ դարմանումի կիրառում թրջոցային հիմունքներով, որ տուաւ ակնկալուող ազդեցութիւնները՝ առողջական վիճակի յստակ բարելաւմամբ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երէկ` 30 Մարտի երեկոյեան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան վիճակին հայող նոր տեղեկագիր մը որուն մէջ նշեց թէ Քահանայապետը «օրուան երկրորդ կէսը անցուց հանգստութեամբ, աղօթքով եւ աշխատանքային զբաղումներով»։

Պրունին ապա մէջբերեց Քահանայապետին առողջապահական վիճակին հետեւող հիւանդանոցի բուժանձնակազմին տեղեկութիւնները ուր նշուած է. «Սրբազան Հօր համար նախատեսուած հիւանդանոցային ստուգումներու ծիրէն ներս, յայտնաբերուեցաւ վարակիչ ցնցղատապ, որ կը պահանջէր հակաբիոտիկ դարմանումի կիրառում թրջոցային հիմունքներով, որ տուաւ ակնկալուող ազդեցութիւնները՝ առողջական վիճակի յստակ բարելաւմամբ»: Մասնագէտներու կարծիքով՝ «կանխատեսելի արդիւնքի հիման վրայ Սրբազան Հայրը կարող է յառաջիկայ մի քանի օրուայ ընթացքին դուրս գալ հիւանդանոցէն»։

Շուտափոյթ ապաքինումի պատգամներ

Յայտնենք թէ բազմաթիւ են շուտափոյթ ապաքինումի մաղթանքները, որ այս օրերուն ուղղուեցան Քահանայապետին, որոնց շարքին նաեւ Իտալիոյ Հանրապտեութեան նախագահին մաղթանքները եւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասինը, ուր կը մատնանշու,ի որ իտալացի եպիսկոպոսները «իրենց մօտիկութիւնը կ՛արտայայտեն Ֆրանչիսկոս Պապին», մաղթելով` որ Ան «շուտով վերականգնի»։ Նոյնը կ՛ընէ նաեւ Հռոմի Թեմը` որուն եպիսկոպոսն է Ֆրանչիսկոս Պապը, Սրբազան Հօր ապահովեցնելով աղօթքներ, այս դժուար պահի ընթացքին»։

Իր հերթին Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական Մարմնի աւագերէցը կիպրոսի հանրապետութեան դեսպան Տիար Ժորժ Փուլիտեսը հեռագիրի մը մէջ կը գրէ. «Ողջ դիւանագիտական Մարմնի և իմ գործընկերներու անունով կը խնդրեմ ընդունիք շուտափոյթ ապաքինման մեր ամենաանկեղծ մաղթանքները։ Մենք անհամբեր կը սպասենք ձեզ ուժի մէջ, Եկեղեցւոյ գլուխը և պատրաստ մեզի անգամ մը ևս վկայելու հաւատքի գեղեցկութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2023, 08:00