Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց "Mision America" կազմակերպութեան անդամները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 11 մարտին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց եկեղեցիներու հետ համագործակցութիւններու եւ առաքելութիւններու ինչպէս նաեւ Misión América” հաստատութեան տնօրէններու խորհուրդին համար, Սպանական եպիսկոպոսաց յանձնաժողովի անդամները։
Այս առթիւ արտասանած պատգամին սկիզբը ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց որ Misión América հաստատութեան անդամները շարունակեն յառաջանալ Քրիստոսի նմանելու մէջ, այն Տիրոջ որ ըսած էր «Ինչպէս Հայրս զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ»։ ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ եկեղեցին պէտք է դուրս ելլէ եւ ուղիներու վրայ մնայ եւ այսօրուան մարտահրաւէրը առաքելութիւնն է, բանալ եկեղեցին առաքելութեան։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց վերոյիշեալ յանձնախումբին կատարած աշխատանքներու մասին, որոնք բնորոշուած են չորս բառերով. Տեսանելիութիւն, յարգանք, կամաւորութիւն եւ համագործակցութիւն։
Տեսանելիութիւն
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ Յիսուս այն ձեւով որ առաքուեցաւ Աստուծոյ կողմէ այնպէս կ՝առաքէ ներկաները, տալով տեսանելիութիւն ցաւի, մեղքի, մահուան իրականութեան, ոչ թէ ոեւէ մէկը դատապարտելու համար, այլ խորապէս ամոքելու համար մարդկութիւնը, որդեգրելով իր անձին մէջ։
Յարգանք
Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ որ Յիսուս միշտ ուշադիր է պահանջին, յատկապէս անձին՝ իր ամբողջականութեան մէջ։ Ճշմարիտ հաւասարութիւնը, ճշմարիտ արդարադատութիւնը, ոչ թէ բոլորին համար մէկ ու միասնական ճանապարհ պարտադրել է, այլ կարողութիւն է ընկերանալու բոլորին իրենց ազատութեան ու կարիքին մէջ, որպէսզի բոլորը կարենան Աստուծոյ կոչին պատասխանել, Անոր սիրոյ ծրագիրին իւրաքանչիւրիս համար։
Կամաւորութիւն
Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով որ միայն Աստուծոյ մէջ կարելի է գտնել ուժը, յորդորեց թափ տալ կամաւոր գործունէութեան սկսելով Սպանիոյ մէջ եկեղեցիէն, կամաւոր գործունէութիւն, որ կը կայանայ աղօթքով, աշխատանքով, զօրակցութեամբ աջակցելու մէջ բոլոր անոնց որոնք ներշնչուելով Սուրբ Հոգիէն, կը քալեն աշխարհին մէջ աւետելով Արքայութեան բարի լուրը։
Համագործակցութիւն
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ վճռորոշ բառ մը հասկնալու համար Տիրոջ Յարութեան վսեմ պարգեւը ան ալ Յիսուսի խօսքն է «խաղաղութիւն ձեզի» որ գեղեցիկ բան մըն է ու կը նշանակէ թէ խաղաղութիւնը զոր Աստուած կը հաստատէ մարդուն հետ եւ մարդոց միջոցաւ կը կերպարանափոխէ մեր գոյութիւնը, կը դառնայ առօրեայ կեանք՝ միասին քալելու մէջ, բարին որոնելու եւ սէրն ու համերաշխութիւնը տարածելու, ստեղծելով նոր իրականութիւններ, ստեղծելով կամուրջներ, կործանելով վախերը որոնց պատճառով առաքեալները փակուած մնացին։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց մաղթելով որ Յիսուսի այն պատկերը, որ եկեղեցին կ՝առաքէ առաքելութեան, ըլլայ խթան տալու համար տեսանելիութիւն վէրքերուն, որոնք տակաւին շօշափելի են խորհրդաւոր Մարմնին վրայ, աշխատելու եւ զօրակցելու բոլոր անոնց աշխատանքներուն, որոնք մեզի նման առաքուեցան, համագործակցելով բարի կամք ունեցող այր մարդոց հետ, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ փառքին որ կենդանի մարդ է ։
Ֆրանչիսկոս Պապ հայցեց Տիրոջ օրհնութիւնը բոլորին վրայ ապա խնդրելով Սուրբ Կոյս Մարիամէն, որ ընկերանայ անոնց ուղեւորութեան մէջ, խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ