Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Իտալիոյ INAIL ընկերկացութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Իտալիոյ INAIL ընկերկացութեան անդամները  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եկէք բուժենք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն վէրքերը եւ գծենք եղբայրութեան ուղիներ»

Բարի Սամարացին իր ժեսթերով ցոյց տուաւ որ իւրաքանչիւրին գոյութիւնը կապուած է ուրիշներու հետ»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 9 մարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց իտալական հանրային INAIL Ազգային աշխատանքային արկածներուն ապահովագրութեան ընկերակցութեան պատասխանատուներն ու անձնակազմը։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելէ ետք ներկաները քաջալերեց զանոնք շարունակելու իրենց աշխատանքը «կառուցելու ընկերութիւն մը, որուն մէջ ոչ մէկը ետին կը մնայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն առողջապահական ծանր տագնապի ընթացքին տածած աշխատանքներու համար, յատուկէն դիւրաբեկներու նկատմամբ։

Բարի Սամարացիին առակը

«Առանց ծառայութեան, որուն նուիրուած էք, թոյլ կու տաք, որ անձ մը երբեք լքուած չզգայ։ Առանց պաշտպանութիւններու, ընկերութիւնը կը դառնայ միշտ ստրուկ մնացորդացի մշակոյթին։ Մնացորդացի դժբախտ տրամաբանութիւնը կը համառօտուի մէկ նախադասութեան մէջ։ « Կ՝արժես, այն ինչ որ կ՝արտադրես»։
ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով որ վերոյիշեալ ընկերակցութեան անդամներու ներկայութիւնը թոյլ կու տայ մտածելու աշխատանքի մասին եւ մտածելու թէ ինչպէս կարելի է պատմական տարբեր միջավայրերէն ներս, միացնել Բարի Սամարացիին առակը։

«Ձեր աշխատանքը կը յիշեցնէ , թէ բարի Սամարացիին ոճը միշտ արդիական է ու ունի ընկերային արժէք։ Բարի Սամարացին իր ժեսթերով ցոյց տուաւ որ իւրաքանչիւրին գոյութիւնը կապուած է ուրիշներու հետ» կեանքը ժամանակ մը չէ որ կ՝անցնի, այլ հանդիպումի ժամանակն է։ (Fratelli tutti, 66).
Երբ անձ մը օգնութիւն կը խնդրէ, այդ անձը տառապանքի մէջ կը գտնուի եւ կը վտանգուած է ընկերութեան եզրին լքուելու, հիմնական է ձեզի նման հաստատութիւններուն արագ եւ արդիւնաւէտ յանձնառութիւնը, որ գործի մէջ կը դնեն Աւետարանի առակի բայերը. Տեսնել, գթալ, նեցուկ գտնուիլ, վէրքերը բուժել, պատասխանատուութիւն ստանձնել

Գթութիւն ու քնքշութիւնը կ՝արտացոլան Աստուծոյ ոճը

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց ներկաները դիմակայելու հաշմանդամութեան բոլոր ձեւերը, որոնք կը յառաջանան։ Ոչ միայն ֆիզիկական, նաեւ հոգեբանական, հոգեւորական եւ մշակութային։ Ընկերային լքուածութիւնը հետեւանք ունի իւրաքանչիւրիս ինքն իրեն նայելու եւ ընկալելու վրայ։ Տեսնել ուրիշը կը նշանակէ վերաբերիլ անձերուն հետ իրենց իւրայատկութեան եւ եզակիութեան մէջ, դուրս հանելով զիրենք թիւերու տրամաբանութենէն։ Գթութիւն ու քնքշութիւնը կեցուածքներ են, որոնք կ՝արտացոլան Աստուծոյ ոճը։

Սիրելի եղբայրներ եկէք նայինք մեր եղբայրներու եւ քոյրերու վէրքերուն եւ գծենք եղբայրութեան ուղիներ։ Մեր համերաշխութիւնը կը տրուի նախ եւ առաջ զօրակցութենէ եւ եղբայրսիրութենէ։ Անիկա ոչ միայն կ՝արձագանգէ իրաւական արդարադատութեան չափանիշերուն, այլ մարդկութեան հոգատարութիւնէ իր տարբեր ծաւալներէն ներս։ Երբ այդ կը պակսի, «Թող փրկուի անոր որ կրնայ» արագօրէն կը թարգմանուի « բոլորս բոլորին դիմաց» խօսքով։ Անտարբերութիւնը նշան է յուսալքուած եւ միջակ ընկերութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց յանձնելով բոլորը, աշխատաւորներու պաշտպան սուրբ, Սուրբ Յովսէփին ապա հայցելով Տիրամօր հովանին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրելով, որ աղօթեն իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2023, 12:03