Ֆրանչիսկոս Պապ. «Քալապրիոյ մէջ ամէն ինչ եղբայրութեան հոգիով եւ միութեան մէջ կատարեցէք »։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 27 մարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ Քալապրիա թեմի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամները, քահանաները ու նորընծաները ու անոնց կազմաւորումով զբաղող կղերականները։
Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով նորընծաներուն կազմաւորման այս տարուան նիւթին՝քաղուած Յովհաննէսի աւետարանէն «Անոր քով անցուցին» (Յովհ 1,39), ընդգծեց Տիրոջ մօտ մնալու կարեւորութիւնը՝ չփնտռելու համար մեր անձին շահը, նոյնիսկ եթէ յանձնառու ենք բարի գործերու մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց նորընծաները միշտ հարց տալու, թէ որուն կը հետեւին, ինչ փափաքով կ՝ուզեն քահանայ դառնալ եւ ինչ բան կը որոնեն նորընծայարանէն ներս նկատել տալով, որ երբեմն կը պատահի, որ կրօնականութեան երեւոյթներու ու եկեղեցւոյ հանդէպ սիրոյ ետին, իրականութեան մէջ կը որոնենք մարդկային փառքն ու անձնական բարեկեցութիւնը կամ ալ քահանայական պաշտօնը կը փնտռենք որպէս ապաստան՝ թաքնուելու համար։
Զատորոշել այն ինչ որ Սուրբ Հոգին կը խնդրէ
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը ուղղելով եպիսկոպոսներուն խնդրեց անոնցմէ յստակ ընտրանք կատարել քահանայական կազմաւորման վերաբերեալ, մարդկային, հոգեւորական, աստուածաբանական ուժերը ուղղելով մէկ նորընծայարանի մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապ յանձնարարեց զատորոշել այն ինչ, որ Սուրբ Հոգին կը խնդրէ տեղական եկեղեցիներէն ու թեմերու համայն մարմինը պիտի օգնէ եպիսկոպոսներուն այդ զատորոշումին մէջ, ստանցնելով որոշումին բոլոր պատասխանատուութիւնը եպիսկոպոսը։
Աղօթքի եւ լռութեան մէջ զօրակցիլ
Ֆրանչիսկոս Պապ երբեմնի եպիսկոպոսներէն խնդրեց աղօթքի եւ լռութեան մէջ երբեք չպակսեցնեն իրենց զօրակցութիւնը, որովհետեւ երբ հովիւ մը կ՝աւարտ իր պաշտօնը ի յայտ կու գայ անոր հոգեւոր նկարագիրը ու եկեղեցւոյ ծառայած ձեւը, որուն մէջ կարելի է տեսնել թէ արդեօք ան սորված է հրաժեշտ տալ՝ ինքնիրեն մերկացնելով անփոխարինելի ըլլալու պահանջէն։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեց Քալապրիոյ թեմի հիմնադիր Սուրբ Ֆրանչիսկոս Փաուլան որ ծնած էր 27 մարտ 1416ին։ Սուրբ Ֆրանչիսկոս իր մահուան վերջին պահուն իր եղբայրակիցներուն ըսաւ, որ ոչ մէկ գանձ ունի փոխանցելու այլ յորդորեց մէկը միւսին սիրելու ու ամէն բան կատարել եղբայրսիրութեան մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն այցելութեան համար քաջալերելով միասին քալել եւ ոչ թէ կղզիացած փոքրիկ խումբերու մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը խրախուսեց վստահութեամբ եւ ուրախութեամբ յառաջ երթալ։ Ապա հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին, խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ