Ֆրանչիսկոս Պապ․ Անհրաժեշտ է ստեղծել հեռանկարային տնտեսական ձեւաչափեր եւ ձերբազատուիլ «թափօններու» մշակոյթէն
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետն այսօր՝ 20 Ապրիլին, ընդունեց «Մեծ Մանչեսթերի Միջկրօնական առաջնորդներու «Interfaith Leaders from Greater Manchester» պատուիրակութեանը։ Անոնց ուղղած իր ողջոյնի խօսքը Պապը սկսաւ շնորհակալութիւն յայտնելով՝ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան հրատապ անհրաժեշտութեան հանդէպ իրենց ուշադրութիւնը սեւեռելու եւ կլիմայական փոփոխութիւններու ազդեցութիւններուն դիմագրաւելու պարտաւորութեան համար։
Յղում կատարելով Մանչեսթեր քաղաքի արդիւնաբերական յեղափոխութեան, ուր հսկայական արհեստագիտական և տնտեսական առաջընթացի թողած ժառանգութիւնը, զուգորդուած է մարդկային և շրջակայ միջավայրի վրայ բացասական ազդեցութեան հետ՝ Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտեց, որ արարչագործութիւնը՝ Աստուծոյ պարգևը պաշտպանելու մեր ներկայիս յանձնառութիւնը, աւելի ընդլայնուած ջանքերու կարիք ունի։
Պէտք է ընդունիլ, որ «մեր ժամանակի բնապահպանական ճգնաժամը և հասարակական ճգնաժամը ոչ թէ երկու առանձին, այլեւ՝ մէկ ճգնաժամ են (տե՛ս Laudato si', էջ 139) », որոնք յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է ստեղծել նոր և հեռանկարային տնտեսական ձեւաչափեր՝ ձերբազատուելով առաջին հերթին սպառողականութեան և ընդհանրական անտարբերութեան հետեւանքով առաջացած «թափօններու» մշակոյթէն, յարեց Ան։
Սրբազան Քահանայապետը այս համատեքստին մէջ ընդգծեց նաեւ, որ Պատուիրակութիւնը ներկայացնող կրօնական եւ քաղաքական Առաջնորդները՝ սեփական համայնքներու մէջ, ղեկավարուելով տարբեր աւանդոյթներու իմաստութեամբ, կարևոր դեր ունեցած են բնապահպանական վերափոխման ծիրէն ներս՝ հիմնուած բնութեան նկատմամբ յարգանքի, սթափութեան, մարդկային համերաշխութեան և հասարակութեան ապագայի հանդէպ մտահոգութեան արժէքներու վրայ:
«Այս ներդրման էական կողմը երիտասարդներու միտքն ու սրտերը ձևաւորելու ձեր յանձնառութիւնն է», որուն նպատակն է մարդկային կայուն և համապարփակ զարգացումը, աւելցուց ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը եւ իր լաւագոյն մաղթանքները յղելով ներկաներուն՝ անոնց տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ