Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց դէպի Պուտափեշտ իրեն ընկերացող լրագրողները ու «հիմարութիւն» յամարեց Վոյթիլա Քահանայապետին մասին ըսուած խօսքերը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Դէպի Պուտափեշտ թռիչքի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապ ինչպէս միշտ ողջունեց իր հետ ճամբորդող աւելի քան 73 լրագրողները, մաղթելով անոնց բարի ճամբորդութիւն ապա կատակ ընելով խօսափողին համար, որ շատ չէր լսուեր, ըսաւ թէ «Անիկա չար մանուկներու կը նմանի»։
Թռիչքի ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապ մէկիկ մէկիկ ողջունելով լրագրողները սեղմեց անոնց ձեռքերը ու կիսեց խօսքեր ու կատակներ։
«PAP» անուան Լեհ լրատու գործակալութեան լրագրող մը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին, անցեալ 16 մարտին, Ուրախ լեր Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին պաշտպանելու համար, 40 տարի առաջ անհետացած Վատիկանի քաղաքացի Էմանուէլա Օրլանտիի եղբօր հեռատեսիլէն ուղիղ արտասանած խօսքերուն համար, որ ըստ որուն վկայ մը կը փաստէ, թէ Լեհ Քահանայապետը երեկոյեան Վատիկանէն դուրս կ՝ելլէր՝ ոչ թէ տուները օրհնելու համար. «Անհիմն եւ վիրաւորական յարձակումներ են» ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական պալատին պատուհանէն արտասանած խօսքին մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապ, Վոթիլա Պապին երկրէն ժամանած Լեհ լրագրողուհիին այսօր ըսաւ որ այդ բոլորը «հիմարութիւն է»։
Նորին Սրբութիւնը ապա ժպիտիով պատասխանեց իր առողջապահութեան մասին հարցումներուն՝ Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ բուժուելէ ետք եւ շնորհակալութիւն յայտնեց լրագրողներու կողմէ ստացած պարգեւներու համար։
Յատուկ Նուէրներու շարքին, Ֆրանչիսկոս Պապ ստացաւ ծծակ եւ կողմնացոյց մը Սպանացի լրագրողուհի, Էվա Վերնատեզի կողմէն, ի յիշատակ Քութրոյի ողբերգական նաւաբեկութեան, որ տեղի ունեցաւ անցեալ 26 փետրուարին, Գալապրիա մարզէն ներս եւ որուն պատճառաւ մահացան աւելի քան 80 անձեր։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ