«Կեանքով խօսինք բարեսիրութեան լեզուն». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ 29 ապրիլ 2023ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պուտափեշտի Սրբուհի Եղիսաբեթի անուան եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ աղքատներուն ու գաղթականներուն հետ որուն ընթացքին ներկաներուն ուղղած իր պատգամին մէջ, նախ գնահատեց Հունգարիոյ Եկեղեցւոյ աղքատներուն ի նպաստ ու անոնց հետ կատարած աշխատանքը, հաստատելով որ «աղքատներն ու կարիքաւորները Աւետարանին սիրտն են» ու թէ «Յիսուս եկաւ աղքատներուն բերելու համար բարի լուրը» (Ղուկ.4,18)։
Խօսիլ սիրոյ լեզուն
«Անոնք ուստի մեզի ցոյց կու տան հետաքրքրիր մարտահրաւէր մը, որպէսզի մեր հաւատքը կալանաւորուած չմնայ կեանքէն հեռու պաշտամունքի մը մէջ, այլ ըլլայ իսկական հաւատք, որ վտանգի կ՛ենթարկուի, որ դուրս կը հանէ մեզ, դէպի աղքատները ու կարող կը դարձնէ կեանքով խօսելու բարեսիրութեան լեզուն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դնելով «բարեսիրութեան լեզուին վրայ» ու դիտել տալով, թէ ան եղաւ նաեւ Սրբուհի Եղիսաբեթի լեզուն, որուն հանդէպ հունգարիոյ ժողովուրդը կը ցուցաբերէ մեծ սէր ու մեծարանք։
Սրբուհի Եղիսաբեթին օրինակը
«Սրբուհի Եղիսաբեթը թագաւորի դուստր, աճեցաւ արքունական կեանքի հանգստաւէտ կեանքով, ապա Քրիստոսի հետ հանդիպումէն բարեփոխուած կարիքը զգաց հրաժարելու աշխարհի ունայնութենէն եւ հարստութիւններէն ու հոգ տանելու անոր` որ կարիքի մէջ է», ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը նշելով, թէ ինչպէս Սրբուհին ոչ միայն ծախեց իր ունեցուածքը այլ իր կեանքը նուիրեց վերջիններուն, բորոտներուն ու հիւանդներուն, զանոնք խնամելով անձնապէս։
Բոլորին հանդէպ կարեկցութիւն
«Ահա այս է եղբայրսիրութեան լեզուն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով իր ճառէն առաջ Պրիճիթթա անունով կնոջ ներկայացուցած վկայութեան, ուր ան խօսեցաւ զրկումներու մասին, որոնց ենթարկուեցաւ կեանքին մէջ ու թէ ինչպէս ամենածանր ժամանակ Տէրը եկաւ անոր օգնութեան եւ ինք Տիրոջ այդ մօտիկութիւնը կարողացաւ զգալ շնորհիւ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ու բազմաթիւ այլ անձերու, որոնք ջանացին իրեն օգնութեան հասնիլ, քաջալերել, աշխատանք հայթայթել ու թիկունք կանգնիլ, ըլլայ նիւթական կարիքներու մէջ, ըլլայ հաւատքի ուղեւորութեան մէջ։
«Այս է մեզմէ պահանջուած վկայութիւնը` բոլորին հանդէպ կարեկցութիւն, ու մասնաւորապէս անոնց հանդէպ, որոնց կեանքը դրոշմուած է աղքատութեամբ, հիւանդութեամբ ու ցաւով» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով, թէ մենք կարիքը ունինք Եկեղեցւոյ մը, որ «սահուն կերպով կը խօսի սիրոյ լեզուն, որ միջազգային լեզու է, զոր բոլորը կը լսեն ու կը հասկնան նոյնիսկ ամենահեռուները ու նաեւ անոնք` որոնք չեն հաւատար»։
Հունգարիոյ Եկեղեցւոյ սիրոյ յանձնառումը
Այս առնչութեամբ Քահանայապետը դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց Հունգարիոյ Եկեղեցւոյ` «սիրոյ յանձնառումին համար», բարեգործութեամբ զբաղող անձերու, կամաւորներու ստեղծած ցանցին համար, որոնց շարքին նաեւ այլ դաւանանքներու հաւատացեալներ, «բոլորն ալ միացած համամիութենական հաղորդութեան մէջ, որ կը յորդի սէրէն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ ուքրանացի գաղթականներուն վերապահած հիւրընկալութեան համար, որմէ մեկնելով Ան անդրադարձաւ երկրորդ մէկ վկայութեան` Օլէկին ու անոր ընտանիքին վկայութեան, որոնք յանձն առին «դէպի ապագայ ճանապարհորդութիւն մը», հեռու պատերազմի սարսափէն։ Ան հունգարիոյ մէջ սիրալիր ընդունելութիւն գտած էր երբ աշխատանքի բերումով Պուտափեշտ եկած էր տարիներ առաջ եւ ճիշդ այդ ընդունելութեան յիշողութեան վրայ հիմնուելով է, որ հազիւ պատերազմը սկսած, մտածեց փախչիլ ու ապաստան գտնել Պուտափեշտի մէջ, ուր դարձեալ գտաւ վեհանձն հիւրընկալութիւն։
Սէրը կ՛օգնէ արմատախիլ ընելու եսասիրութեան եւ անտարբերութեան չարիքները
«Ընդունուած սիրոյն յիշողութիւնը դարձեալ կը վարէ յոյսը, կը քաջալերէ յանձն առնել կեանքի նոր ուղիներ։ Նոյնիսկ ցաւի ու տառապանքի մէջ, կարելի է քաջութիւնը գտնել յառաջ ընթանալու երբ ընդունած ենք սիրոյ բալասանը»` յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ «անիկա ուժ է, որ մեզի կ՛օգնէ հաւատալու թէ ամէն ինչ չէ կորսուած ու թէ տարբեր ապագայ մը միշտ ալ կարելի է»։
«Սէրը, որ Յիսուս մեզի կու տայ եւ կը պատուիրէ ապրիլ կ՛ օգնէ մեր ապրած հասարակութիւններէն, քաղաքներէն և վայրերէն, արմատախիլ ընելու անտարբերութեան և եսասիրութեան չարիքները և դարձեալ կը բորբոքեցնէ նոր մարդկութեան մը յոյսը, աւելի արդար և եղբայրական, ուր բոլորն ալ իրենք զիրենք կը զգան իրենց տան մէջ» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով, որ բազմաթիւ են այսօր անոնք` որոնք մնացած են առանց բնակարանի ու շատեր են անոնք որոնք կ՛ապրին նիւթական, մշակութային ու հոգեկան աղքատութեան մէջ, եւ ասկէ մեկնելով ակնարկեց երրորդ վկայութեան` Զոլթան սարկաւագին ու անոր կողակից Աննայի վկայութեան, որով անոնք ներկայացուցին կեանքէն վիրաւոր բազմաթիւ անհատներու հոգերը ու ապրած դժուարութիւնները եւ այդ անձերուն նուիրուած օգնութիւնները։
Նիւթական կարիքներէն անդին հոգ տանիլ առանձնութիւններուն
Քահանայապետը յատուկէն անդրադարձ կատարեց անոնց արտասանած մէկ խօսքին, թէ իրենք նիւթական կարիքներէն անդին ուշադրութիւն կը դարձնեն իւրաքանչիւրի անձնական պատմութեան ու արժանապատւութեան, հոգ տանելով առանձնութիւններուն։
«Աննան ըսաւ թէ «Յիսուս Կենդանի խօսքն է, որ կը բուժէ սրտերը եւ անոնց յարաբերութիւնները, որովհետեւ անհատը կը վերակազմուի ներքինէն», կը վերածնի այն ժամանակ երբ կը փորձարկէ, թէ ինք Աստուծոյ աչքերուն համար սիրուած եւ օրհնուած է » ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով, թէ «այս մէկը վաւեր է համայն Եկեղեցւոյ համար» ու թէ «բաւարար չէ միայն փորը կշտացնող հաց նուիրել այլ կարիքը կայ սնուցանելու նաեւ մարդոց սրտերը»։
«Եղբայրսիրութիւնը միայն նիւթական եւ ընկերային օգնութիւն մը չէ ան կը մտահոգուի համայն անհատով, ու կ՛ուզէ զայն վերականգնել Յիսուսին սիրով, սէր որ կ՛օգնէ վերագտնելու գեղեցկութիւնը եւ արժանապատուութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը քաջալերելով ներկաները խօսելու սիրոյ լեզուն։
Եկեղեցւոյ եւ Երկրին տանիլ սիրոյ բոյրը
Ակնարկելով հուսկ Սրբուհի Եղիսաբեթին պատահած մէկ հրաշքին, երբ Տէրը վարդի վերածեց հացը զոր ան աղքատներուն կը տանէր, Սրբազան պապը մաղթեց, որ երբ յանձնառու են հացը տանելու անօթիներուն, «Տէրը ծաղկեցնէ ուրախութիւնը եւ իրենց գոյութիւնը օծէ այն սիրով որ իրենք կը պարգեւեն»։
«Կը մաղթեմ, որ դուք Եկեղեցւոյ եւ Երկրին տանիք սիրոյ բոյրը եւ կը խնդրեմ բարեհաճեցէք շարունակել աղօթել ինծի համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով իր խօսքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ