Քահանայապետը ժամանեց Պուտափեշտ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Գրեթէ մէկ ու կէս ժամ տեւած թռիչքէ մը ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուրբաթ 28 ապրիլ 2023ի առաւօտեան ժամը 9,53 անց ժամանեց Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի միջազգային օդակայան, ուր դիմաւորուեցաւ Երկրին փոխ վարչապետին կողմէ ընկերակցութեամբ քաղաքական ու եկեղեցական այլ ներկայացուցիչներու, որոնց շարքին Հունգարիոյ մօտ առաքելական նուիրակը գերապայծառ Միքայէլ Պանախ եւ Պուտաբեշթի Արքեպիսկոպոսը Կարդինալ Փիթըր Էրտոն։ Դիմաւորողներու շարքին էին նաեւ խումբ մը մանուկներ Վատիկանի եւ Հունգարիայի դրօշներով։
Նախագահական պալատին մէջ բարի գալուստի արարողութիւնը
Օդակայանին մէջ կայացած փրոթոքոլային արարողակարգէն ետքը Սրբազան Պապը ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ նախագահական նստավայր` «Շանտոր» պալատ` ուր տեղի ունեցաւ Սրբազան Պապին ի պատիւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը ի ներկայութեան Երկրի նախագահ Տիկ. Քաթալին Նովաքին, որուն հետ Նորին Սրբութիւնը ունեցաւ առանձնական հանդիպում մինչ քովնտի սրահին մը մէջ, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը հակիրճ հանդիպում ունեցաւ Հունգարիոյ Վարչապետ Տիար Վիքթոր Օրպանին հետ։
Վարչապետին ու քաղաքական իշխանութիւններուն հետ հանդիպում
Նախագահին հետ ունեցած հանդիպումէն ետքը Ֆրանչիսկոս Պապը առանձնապէս հանդիպեցաւ Վիքթոր Օրպանի հետ հուսկ Նախագահին, Վարչապետին ու պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին ուղղուեցաւ` Հունգարիոյ Վարչապետին նստավայր` «Քարմելիթեաններու նախկին Վանք», ուր հանդիպում ունեցաւ քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը։
Քարմելիթեաններու նախկին Վանքը
«Քարմելիթեաններու նախկին Վանք»ին պատմութիւնը սկիզբ առած է 1200 թուականին երբ ան կը պատկանէր Ֆրանչիսկեան միաբանութեան։ Այնտեղ կառուցուած Սուրբ Յովհաննէսի եկեղեցին թուրքերուն կողմէ գետնին հաւասարեցուցաւ 1541ին եւ անոր տեղ կառուցուցաւ մզկիթ մը որ իր կարգին քանդուեցաւ Պուտայի վերատիրապետումին առիթով։ 1736ին Քարմելիթեաններու միաբանութիւնը այնտեղ կը կառուցէ վանք մը, բայց 1784ին Յովսէփ Բ կայսրը միաբանութիւնը լուծելով զայն կը վերածէ թատերասրահի...Համաշխարհային Բ պատերազմի ընթացքին կառոյցը մեր վնասներ կը կրէ եւ հանրութեան առջեւ իր դռները կը բանայ միայն 1978 թուականին։ 2001ին ան կը դառնայ Ազգային Պարախումբի թատերասրահի սեփականութիւն ապա 2019էն ի վեր, յաւելեալ վերանորոգութեան աշխատանքներէն ետքը դարձաւ Վարչապետի գրասենեակ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ