Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ու՞ր են այսօր խաղաղութեան ստեղծագործ ջանքերը»։ Պուտափեշտը պատմութեան, կամուրջներու եւ սուրբերու քաղաք.

Հունգարիա ճամբորդութեան առաջին ճառին մէջ Սրբազան Պապը շեշտը դրաւ խաղաղութեան խմբային երազին վրայ, ակնարկելով Եւրոպական Միութեան Հիմնադիրներու խանդավառութեան, խօսեցաւ միասնութեան կարեւորութեան մասին, որ չի նշանակեր միաձեւութիւն, ապա ակնարկեց Հունգարիոյ սուրբերուն եւ դարաշրջանային մարտահրաւէր` գաղթականութեան հարցը միասնաբար դիմագրաւելու հարկաւորութեան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ուրբաթ 28 ապրիլ 2023ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հունգարիայի մայրաքաղաք Պուտափեշտ ժամանելուն առաջին պաշտօնական ճառը արտասանեց Քարմելիթեաններու նախկին վանք` Վարչապետի նստավայրին մէջ, ի ներկայութեան քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն։

Ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ  Պուտափեշտը «կանչուած է դառնալու ներկայի եւ ապագայի դերակատարը» եւ ասկէ մեկնելով ուզեց մի քանի գաղափարներ կիսել  Պուտափեշտի մասին` որպէս պատմութեան, կամուրջներու եւ սուրբերու քաղաք։

Պատմութեան քաղաք

Խօսելով պատմութեան քաղաքի մասին Քահանայապետը նշեց, որ  Պուտափեշտը ունի հինաւուրց ծագում ու «թէեւ ծնունդ առաւ խաղաղ ժամանակաշրջանի մը մէջ ճանչցաւ ցաւալի հակամարտութիւններ», բռնութիւն ու ճնշում` նացիական եւ համայնավարական բռնատիրութիւններու ընթացքին... «այսօր Պուտաբեշթը է Երկրի մը կեդրոնը, որ կը ճանչնայ ազատութեան արժէքը եւ որ վճարելէ ետք բռնատիրութիւններու սուղ գինը իր մէջ կը կրէ ժողովրդավարութեան գանձը եւ խաղաղութեան երազը պահպանելու առաքելութիւնը» ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը։

Ան ապա ակնարկեց  Պուտափեշտի հիմնադրութեան 150 ամեակին, երբ 1873ին իրարու միացան երեք քաղաքներ` Պուտա, Օպուտա եւ Փեսթ քաղաքները։

Քահանայապետը այս մէկը նմանեցուց Եւրոպայի միասնական ուղեւորութեան դիտել տալով սակայն, թէ «այսօր ականատես ենք խաղաղութեան խմբային երազի տխուր մայրամուտին, մինչ տեղ կը տրուի պատերազմի մեներգներուն»։

Խաղաղ եւ կայուն ազգերու հասարակութիւն կառուցելու երազը

«Կարծես, ըսաւ Ան, տարիներու ընթացքին քանդուեցաւ ` խաղաղ եւ կայուն ազգերու հասարակութիւն մը կառուցելու խանդավառութիւնը ու միջազգային գետնի վրայ քաղաքականութիւնը, որպէս հետեւանք ունի խնդիրները լուծելու փոխարէն հոգիները բորբոքելու գաղափարը, մոռնալով պատերազմի արհաւիրքներէն յետոյ ձեռք բերուած հասունութիւնը»։

«Խաղաղութիւնը երբեք չ՛իրականանար հետապնդելով անձնական շահեր այլ քաղաքականութիւններով, որոնք կարողութիւնը ունին դիտելու միասնութիւնը, բոլորին զարգացումը, ուշադիր են մարդոց, աղքատներուն եւ ապագային, ու ոչ միայն իշխանութեան, շահերուն եւ ներկայի հնարաւորութիւններուն» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «Եւրոպան կը ներկայացնէ մարդկութեան յիշողութիւնը» ու թէ «ան կոչուած է իր դերը կատարելու` միացնելով հեռուները, իր մէջ հիւրընկալելով ժողովուրդները ու ոչ մէկը նկատելով առ յաւէտ թշնամի»։

«Ուստի հարկաւոր է վերագտնել Եւրոպայի հոգին, անոր հիմնադիրներու երազն ու խանդավառութիւնը» շեշտեց Սրբազան Հայրը ակնարկելով ներկայ պատմական ժամանակաշրջանի վտանգներուն, ու յատկապէս նահատակ Ուքրանիային ու հարց տալով. «Ու՞ր են այսօր խաղաղութեան ստեղծագործ ջանքերը»։

 Պուտափեշտը` որպէս կամուրջներու քաղաք

«Վերէն դիտուած «Դանուբի մարգարիտը» կողմերը իրար միացնող կամուրջներով ցոյց կու տայ իր իւրայատկութիւնը» շարունակեց Սրբազան Պապը, ճառը կեդրոնացնելով  Պուտափեշտի վրայ, որպէս կամուրջներու քաղաք։

Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Երկրին բնապահպանութեան ի սպաս ի գործ դրած ջանքերը եւ հաստատեց, որ «կամուրջները մեզ կը հրաւիրեն խորհելու միութեան կարեւորութեան վրայ, որ չի նշանակեր միաձեւութիւն»։

«Եւրոպան եւս, որ կառուցուած է ստեղծելու համար ազգերու միջեւ կամուրջներ կարիքը ունի բոլորի ներդրումին, առանց թերագնահատելու որեւէ մէկուն եզակիութիւնը» նշեց Քահանայապետը, մէջբերելով Եւրոպական Միութեան հիմնադիր հայրերէն խօսքեր ու մէջբերումներ կատարելով նաեւ Հունգարիոյ Հանրապետութեան սահմանադրութենէն ուր կը հաստատուի. «Անհատական ազատութիւնը կարելի է զարգացնել միայն միւսներուն հետ համագործակցութեամբ», ապա «Մենք կը հաւատանք, որ մեր ազգային մշակոյթը հարուստ ներդրում է եւրոպական բազմերանգ միասնութեան գործին համար»։

Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը զգուշացուց «կողմերու պատանդ» դարձող Եւրոպայի մը իրականութենէն, «գաղափարախօսական գաղութատիրութենէն» որ «կը վերացնէ տարբերութիւնները», ինչպիսին է «ճընտըր մշակոյթը», վիժումի իրաւունքէն», որ «միշտ ալ ողբերգական պարտութիւն մըն է»։

Կառուցել մարդակեդրոն ու ժողովրդակեդրոն Եւրոպա մը 

«Գեղեցիկ պիտի ըլլայ կառուցել մարդակեդրոն ու ժողովրդակեդրոն Եւրոպա մը ուր իսկական քաղաքականութիւններ մշակուին ծննդաբերութեան եւ ընտանիքին համար, ուր տարբեր ազգեր ըլլան մէկ ընտանիք, որոնք կը պաշտպանեն իւրաքանչիւրի աճումը ու եզակիութիւնը», ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը, որպէս տիպար ներկայացնելով  Պուտափեշտի ամենահռչակ կամուրջը` «շղթաներու կամուրջը», որ «մեզի կ՛օգնէ երեւակայելու մեծ ու իրարմէ տարբեր բազմաթիւ օղակներ, որոնք իրենց ամրութիւնը կը գտնեն միասնաբար զօրեղ կապեր ստեղծելու մէջ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ակնարկելով Հունգարիոյ այլ մէկ յատկանշական երեւոյթին, այն է` «համամիութենականութիւնը» ուր իրարմէ տարբեր դաւանանքներ միասնաբար կ՛ապրին, համագործակցութեամբ, եւ կառուցողական հոգիով։

Պուտաբեշթը Սուրբերու քաղաք

Սրբազան Քահանայապետին խորհրդածութեան երրորդ կէտը եղաւ  Պուտափեշտը` որպէս Սուրբերու քաղաք։ Մեկնելով Սուրբ Ստեփանոսէն, «Հունգարիայի առաջին թագաւորէն» Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, թէ «Հունգարիոյ պատմութիւնը ծնունդ առաւ դրոշմուած սրբութեամբ, եւ ոչ միայն թագաւորի մը սրբութիւնը այլ անոր ամբողջ ընտանիքինը, կինը Երանելի Ճիզելլան ու որդին` Սուրբ Էմէրիկոսը»։

Ան ապա յիշելով Սուրբ Ստեփանոսին իր որդիին ուղղած խօսքերը դարձեալ մէջբերեց Երկրին Սահմանադրութեան խօսքեր, ուր հաստատուած է «կը յարգենք միւս ժողովուրդներուն ազատութիւնն ու մշակոյթը, յանձն կ՛առնենք համագործակցիլ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն հետ», ապա «մեր հետ ապրող ազգային փոքրամասնութիւնները մաս կը կազմեն հունգարիոյ քաղաքական հասարակութեան եւ բաղկացուցիչ մաս են Պետութեան»։

«Այս հեռանկարը իսկապէս աւետարանական է» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը մէջբերելով սահմանադրութենէն այս հատուած մը, ուր կը հաստատուի «կարիքաւորներուն ու աղքատներուն խնամատարութեան ի նպաստ պարտաւորութիւնը»։

Սրբուհի Եղիսաբեթը

«Այս մէկը հունգարական սրբութեան պատմութեան շարունակութիւնն է» ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով Երկրին այլ մէկ մեծ սրբուհիի մը` Սրբուհի Եղիսաբեթը, որ մահացաւ 24 տարեկանին, հրաժարելէ ետք աշխարհի բոլոր բարիքներէն եւ իր ունեցածը նուիրելով աղքատներուն։

«Ան մինչեւ կեանքին վերջը նուիրուեցաւ իր կառուցած հիւանդանոցի մէջ խնամուած հիւանդներուն. Անիկա Աւետարանի փայլուն գոհար մըն», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց Երկրին իշխանութիւններուն` բարեգործական եւ դաստիարակչական մարզերէն ներս ներդրումներուն համար, ինչպէս նաեւ դժուարութեան մէջ ապրող աշխարհի քրիստոնեաներուն նուիրած աջակցութեան համար, ինչպէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի քրիստոնեաներուն։

Պետութիւն - Եկեղեցի համագործկացութիւն

Քահանայապետը ակնարկեց նաեւ Պետութիւն - Եկեղեցի պտղաբեր համագործակցութեան, ընդգծելով սակայն անոնց համապատասխան «տարբերութիւններու պահպանման անհրաժեշտութիւնը», ու դարձեալ մէջբերեց Սուրբ Ստեփանոսին իր զաւկին ուղղած խօսքեր, ուր Ան ի միջի ալոց կը գրէ. «Երկիր մը, որ ունի միայն մէկ լեզու եւ մէկ սովորոյթ տկար ու թոյլ է։ Ասոր համար քեզի կը յանձնարարեմ բարեացակամ գտնուիլ օտարականին հետ ու զայն հիւրասիրել յարգանքով, այնպէս որ Ան նախընտրէ քու մօտդ օթեւանիլ քան այլուր»։

Ասկէ մեկնակով Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկեց «հիւրընկալութեան» թեմային, որ ներկայ ժամանակներու «վիճաբանութիւններու» առարկայ է։ «Այնուամենայնիւ ան որ քրիստոնեայ է չի կրնար տարբեր վերաբերմունք ունենալ Սուրբ Ստեփանոսի փոխանցած պատգամէն, որ այդ մէկը սորվեցաւ Յիսուսէն որ ինքզինք նոյնացուց օտարականին մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Միասնաբար դիմագրաւել գաղթականութեան հարցը

«հակամարտութիւններէն, աղքատութենէն և կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքներէն փախչող շատ մը յուսահատ եղբայրներու և քոյրերու մէջ ներկայ Քրիստոսի մասին խորհելով է, որ անհրաժեշտ է խնդիրը դիմակայել առանց արդարացումներու և ձգձգումներու» ըսաւ Քահանայապետը, ընդգծելով, որ «ասիկա միասնաբար, որպէս համայնք քննարկելիք թեմա մըն է,…. որովհետեւ վաղ թէ ուշ անոր հետևանքները կ՛ազդեն բոլորիս վրայ: Հետևաբար, որպէս Եւրոպա, հրատապ է աշխատիլ անվտանգ և օրինական ուղիներ տրամադրելու հարցին վրայ, ընդհանուր մեխանիզմներու վրայ՝ ի դէմս դարաշրջանային մարտահրաւէրին, որ կարելի չէ յաղթահարել մերժումով, այլ զայն դիմագրաւելով` կառուցելու համար ապագայ մը, որ եթէ միասնական չէ կարելի չէ որ գոյութիւն ունենայ», յարեց Քահանայապետը որ խօսքը աւարտեց ակնարկելով Հունգարիոյ տարբեր սուրբերուն ու հաւատքի վկայութեան, ապա աղօթքները վստահեցուց ըլլայ երկրին մէջ ապրող ըլլայ հայրենիքէն դուրս բոլոր հունգարացիներուն, անոնց վրայ հայցելով Աստուծոյ Օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2023, 13:20