Որոնել

Տասը երիտասարդներու անյարմար հարցումները ուղղուած Ֆրանչիսկոս Պապին

Աւելի քան մէկ ժամ տևած զրոյցի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը պատասխանեց գրեթէ Եկեղեցիէն հեռու տասը երիտասարդներու հարցումներուն, որոնք ներգրաւեցին սեռական ինքնութեան, կնապաշտութեան, վիժումի, գաղթականութեան, չարաշահումներու, հաւատքի կորուստի, կանանց դերակատարութեան և այլ նիւթերու: Հարցազրոյցը եթեր ուղարկուեցաւ «Disney+» հարթակի վրայ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հանգիստ, ժպտերես ու կատակասէր, իսկ այլ պահերին՝ շատ լուրջ, յուզուած ու տխուր։ Բայց միշտ պատրաստ յստակ պատասխաններ տալու այն բարդ հարցերուն զոր իրեն կ՛ուղղեն համայն աշխարհէն երիտասարդներ: Քահանայապետին ու երիտասարդներուն միջեւ Հանդիպումը խտացուած է 83 վայրկեան տեւող վաւերագրական տեսերիզի մէջ որ նկարահանուեցաւ անցեալ տարուայ Յունիսին` Հռոմի Փինիեթօ թաղամասին մէջ, ղեկավարութեամբ սպանացի Jordi Évole եւ Màrius Sánchezին։ ժապաւէնը եթեր ուղարկուեցաւ այս տարուայ 5 ապրիլին «Disney+» հոսքային հարթակի վրայ։

Այդ շրջանին Ֆրանչիսկոս Պապը կը տառապէր ծնկացաւէն բայց այդ մէկը արգելք չի հանդիսացաւ որ Ան ժամանակ գտնէր հանդիպելու եւ զրուցելու 20էն 25 տարեկան սպանախօս երիտասարդներուն հետ, պատասխանելով իրեն ուղղած ու երիտասարդները յուզող հրատապ հարցերուն։ Երիտասարդները եկած էին Սպանիայէն, Սենեկալէն, Արժանթինէն, Միացեալ Նահանգներէն, Փերուէն, եւ Քոլոմպիայէն։

Նոյնիսկ եթէ սկիզբը անոնք խռոված կը թուային Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ղեկավարի հետ մօտալուտ երկխօսութեան համար, Ֆրանչիսկոս Պապին ժամանումէն ետքը անոնք շուտով ամաչկոտ կեցուածքէն անցան վստահութեան, երբեմն ալ՝ համարձակութեան՝ ի թիւս տարբեր թեմաներու, խօսելով Եկեղեցւոյ կանանց դերի մասին, սեռական ինքնութեան, կնապաշտութեան, վիժումի, գաղթականութեան, չարաշահումներու, եւ հաւատքի կորուստի մասին։

Քահանայապետը որ զրուցակիցներուն ներկայացուց իր ապրած կեանքի մասին մանրամասնութիւններ, թէ ինք աշխատավարձ չի ստանար, «բայց անօթի չեն ձգեր զիս», ըսաւ Ան։ Ապա շեշտը դրաւ դարձեալ վկայութեան կարեւորութեան վրայ «Երբ վկայութիւն չկայ եկեղեցին կը դառնայ բարի մարդոց ակումբ մը, որ քաջութիւնը չունի երթալու դէպի արուարձանները» յարեց Սրբազան Պապը նշելով թէ «եթէ կ՛ուզես իրականութիւնը տեսնել պէտք ես երթալ արուարձանները», ըլլան անոնք մշակութային կամ գոյութենական։

Նիւթերու շարքին էր նաեւ գաղթականութեան երեւոյթը որուն մասին արտայայտուելով Սրբազան Պապը անգամ մը եւս դատապարտեց չարաշահումները իսկ վիժումի նիւթին մասին խօսելով Սրբազան Քահանայապետը բացատրեց թէ «սաղմը» որ կը գտնուի մօր մը արգանդին մէջ, արդեն «անձ» մըն է ու թէ վիժումը մարդասպանութիւն է։ Անշուշտ պակաս չէր կարող ըլլար` եկեղեցւոյ մէջ անչափահասներուն նկատմամբ ոտնձգութիւններու նիւթը որուն մասին անդրադառնալով Նորին Սրբութիւնը արտայայտեց իր խոր ցաւը անգամ մը եւս վստահեցնելով իր վճռականութիւնը այդ ախտը արմատախիլ ընելու եկեղեցւոյ կեանքէն։

«ԼԳԲՏ»իի նիւթը եւս մաս կազմեց երկխօսութեան ու Քահանայապետը հաստատեց թէ ամէն իւրաքանչիւր անձ «Աստուծոյ զաւակ» է ու թէ Եկեղեցին պէտք է ընդունի բոլորը անկախ անոնց սեռական յարումէն։ Աստուած Հայր է եւ չի մերժեր ոչ մէկը եւ ես իրաւունք չունիմ ոչ մէկը վտարելու Եկեղեցիէն։ Եկեղեցին պէտք չէ դուռը փակէ ոչ մէկուն առջեւ։

Երիտասարդները Քահանայապետին կ՜ուղղեն նաեւ սեռական կեանքին հայող հարցումներ` որոնց պատասխանելով Ան կը հաստատէ որ «սեռականութիւնը Աստուծոյ ամենէ գեղեցիկ պարգեւներէն մին է» եւ թէ «այս գործունէութեան կիզակէտը սիրոյ արտայայտութիւնն է» թէեւ կը խոստովանի Քահանայապետը քրիստոնեաներս միշտ ալ հասուն մօտեցում չունեցանք սեռի նկատմամբ։

Քահանայապետին ուղղուած վերի երկու հարցումները կը վերաբերէին մէկը հաւատքի վկայութեան իսկ միւսը հաւատքէն հեռանալու փորձառութեան որոնցմէ իւրաքանչիւրին Քահանայապետը ցուցաբերեց հայրական մօտեցում մը Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց իր խօսակիցներուն, «համատեղ փորձառութեան համար», հակառակ «մտածելակերպերու տարբերութիւններուն», ընդգծելով` որ Եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնը կը կայանայ ճիշտ այս իրականութեան մէջ «բոլորը միացած տարբերութիւններուն մէջ։ Բոլորը եղբայրներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2023, 09:00