Որոնել

2021.11.23 Zambia: Solwezi Diocese Missionary Animators

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Տիրոջ կոչը շնորհք է, ձրիատուր պարգեւ եւ միաժամանակ պարտականութիւն՝ քարոզելու Աւետարանը»

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կոչումներուն համար համաշխարհային աղօթքի 60-օրուան առթիւ յղած պատգամը՝ «Կոչում՝ շնորհք եւ առաքելութիւն» խարգախօսով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 26 ապրիլին, լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կոչումներուն համար համաշխարհային աղօթքի 60-րդ օրուան առթիւ յղած պատգամը

Պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը կը նշէ, թէ այս տարի 60րդ անգամն է որ կը կատարուի կոչումներու նուիրուած միջազգային աղօթքի օրը։ Ան հաստատուած է Պօղոս Զ. Սրբազան Քահանայապետի կողմէ 1964 թուականին, Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովի ժամանակ։ Նպատակն է՝ օգնել հաւատացեալներուն, ըլլա՛յ իբր անհատ կամ իբր հասարակութիւն, որ պատասխանեն ա՛յն կոչին կամ առաքելութեան, որ Տէրը կը վստահի իւրաքանչիւր անհատի, հանդերձ այդ անհատի վէրքերով, յոյսերով, մարտահրաւէրներով, նուաճումներով։

Այս տարուան նիւթն է՝ «Կոչում՝ շնորհք եւ առաքելութիւն»։

Սա առիթ մըն է կրկին յայտնաբերելու թէ Տիրոջ կոչը շնորհք է, ձրիատուր պարգեւ եւ միաժամանակ պարտականութիւն՝ քարոզելու Աւետարանը։

Կոչուած ենք վկայելու հաւատքը։ Պէտք է նկատի առնել, որ Աստուծոյ գործը կ՚իրականանայ եկեղեցւոյ ներքին հաղորդակցութեան մէջ՝ եղբայրներու եւ քոյրերու հետ, առաջնորդուած հովիւներու կողմէ։

Ապա Սրբազան Պապը չորս կէտերու մէջ կը յստակէ այս տարուան կարգախօսը – «Կոչում՝ շնորհք եւ առաքելութիւն»։

Աստուած մեզ ընտրած է արարչագործութենէն առաջ (հմմտ. Եփես Ա. 4-5)

Կոչուած ենք որոշ առաքելութեան մը (հմմտ. Ա. Կոր Թ. 16)

Կոչուած ենք իբր հասարակութիւն

Շնորհք եւ առաքելութիւն, պարգեւ եւ պարտականութիւն

Նորին Սրբութիւնը նկատել կու տայ, որ կեանքին ընթացքին, Աստուծոյ կոչումը՝ գրուած մեր էութեան մէջ, որ կը կրէ երջանկութեան գաղտնիքը, մեզի կը հասնի, Սուրբ Հոգիին ներգործումով, միշտ նոր ձեւով, կը լուաւորէ մեր բանականութիւնը, ուժ կը սփռէ մեր կամքին ու կը վառէ մեր սիրտը։
Այս առնչութեամբ Սրբազան Հայրը կը յիշէ ինչպէս 1953 թուականին, 21 սեպտեմբերին, մինչ՝ աշակերտական տարեկան հանդիսութեան կ՝երթար, զգաց եկեղեցին մտնելու եւ խոստովանելու մղումը ու այդ օրը իր կեանքը փոխուեցաւ բնորոշուեցաւ մինչեւ օրս։

Նորին Սրբութիւնը դիտել կու տայ, որ Աստուծոյ նախաձեռնութիւնը եւ անշահախնդիր պարգեւը կը սպասեն մեր պատասխանին։ Կոչումը, աստուածային ընտրութեան եւ մարդու ազատութեան միջեւ հիւսուածքն են, զօրաւոր եւ խթանող յարաբերութիւն, որուն զրուցակիրները Աստուծոյ եւ մարդու սիրտն են, նշեց Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ կոչումի պարգեւը, նման է աստուածային սերմին, որ կը ծլի մեր կեանքին հողին մէջ ու մեզի կը բանայ Աստուծոյ եւ ուրիշներուն՝ անոնց հետ կիսելու համար գտնուած գանձը։ «Այս է հիմնական կառուցուածքը կոչումին. Աստուած մեզ կը կանչէ սիրելով եւ մենք երախտապարտ ըլլալով կը պատասխանենք սիրելով»։

Ես առաքելութիւն եմ այս երկրի վրայ

Ֆրանչիսկոս Պապ կը մատնանշէ, թէ Աստուծոյ կոչումը կը ներառէ ուղարկելը, դիտել տալով որ չկայ կոչում առանց առաքելութեան, եւ չկայ երջանկութիւնը եւ լիարժէք ինքնաիրականացում առանց ուրիշներուն նուիրուելու մեր գտած նոր կեանքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ նկատել կու տայ, որ բոլոր քրիստոնեաներուն ընդհանուր առաքելութիւնը կը կայանայ ուրախութեամբ վկայելու մէջ ամէն կացութեան ներքեւ, խօսքերով եւ կեցուածքներով այն ինչ որ Յիսուսի հետ կը փորձարկենք իր հասարակութեան ներքեւ՝ որ է եկեղեցին։

«Եւ այս առաքելութեան գործողութիւնը չծնիր պարզապէս մեր կարողութիւններէն, դիտաւորութիւններէն կամ ծրագիրներէն, ոչ իսկ մեր կամքէն, այլ կը ծնի Յիսուսի հետ խորունկ փորձառութենէն» նշեց Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ լոկ այն ատեն կրնանք դառնալ Մէկու մը, Կեանքի մը վկաները, եւ դա մեզ կը դարձնէ առաքեալներ։

Կանչուած միասին

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ, որ եկեղեցին յունարէն բառով կը կոչուի Ekklesía, այսինքն՝ կանչուած անձերու ժողով, կազմելու համար առաքեալներուն հասարակութիւն՝ իրարու միջեւ սիրելու յանձնառութեամբ ու զայն տարածելու որպէսզի Աստուծոյ արքայութիւնը գայ։
«Եկեղեցիին մէջ բոլորս ծառաներ ու աղախիններ ենք, շնորհիւ տարբեր կոչումներուն, շնորհապարգեւներուն եւ պաշտօններու։
Եկեղեցին կոչումի համանուագ է, բոլոր կոչումներով միաւորուած եւ ներդաշնակութեան մէջ տարբերուած, ինչպէս նաեւ միասին՝ դուրս գալու, աշխարհի մէջ ճառագայթելու համար Աստուծոյ արքայութեան նոր կեանքը», գրեց Սրբազան Հայրը

Շնորհք, առաքելութիւն. Պարգեւ եւ պարտականութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ կը գրէ, որ կոչումը պարգեւ մըն է, նոր կեանք եւ իսկական ուրախութեան աղբիւր մաղթելով, որ այս օրուան կապուած աղօթքի նախաձեռնութիւնները կարենան զօրացնել կոչումի զգայնութիւնը մեր ընտանիքներուն, ժողովրդապետական հասարակութիւններու, անձինք նուիրեալներուն, ընկերակցութիւններու, եկեղեցական շարժումներուն ներքեւ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը կ՝եզրափակէ Սուրբ Պօղոս Զ քահանայապետին, կոչումներու համար համաշխարհային առաջին օրուան նուիրած աղօթքով, ապա հայցելով Տիրամօր հովանին պատգամը կ՝աւարտէ շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2023, 11:30