Որոնել

Մարդկային փխրունութեան և մեծութեան հակադրութեան զարմանքէն կը բխի մշակոյթը. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետի Հունգարիա այցի վերջին հանդիպումը ակադեմիական եւ մշակութային աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ էր:

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հունգարիա առաքելական ուղեւորութեան վերջին հանգրուանը հանդիսացաւ «Փիթըր Փազմանի - Péter Pázmány» կաթողիկէ համալսարանը, ուր Ան, այսօր՝ 30 Ապրիլին յետմիջօրէին, հանդիպեցաւ ակադեմիական եւ մշակութային աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ:

Մշակոյթ, գիտելիք եւ ճշմարտութիւն. Այս նիւթերը առանցքը կազմեցին Սրբազան Պապի՝ այս առթիւ արտասանած ճառին: «Մշակոյթ՝ բառ, որ կը բխի մշակել բայէն», ըսաւ ԱՆ և շարունակեց. «գիտելիքը կը նշանակէ ամենօրեայ ցանքս, որ մխրճուելով իրականութեան ակօսներու մէջ՝ պտուղ կու տայ»:

Արհեստագիտութեան վտանգները

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա յղում կատարելով ԺԹ դարի իտալացի մեծ մտաւորական եւ հաւատացեալ Ռոմանօ Կուարտինիին (Romano Guardini) նշեց, որ վերջինս կը տարբերակէ գիտելիքի երկու ձեւ. Մէկը երբ կը խորասուզուիս առարկայի եւ անոր համատեքստին մէջ ու կ’ապրիս անոր մէջ, իսկ միւսը, ընդհակառակը, կը ժողուես իրերը, կը դասաւորէս տուփերու մէջ, կը տիրէս անոնց (հմմտ. Նամակներ Քոմօ լիճէն. Արհեստը եւ մարդը, Պրեշա 2022, էջ 55):

«Կեանքը կարո՞ղ է կենդանի մնալ»

Գիտելիքի այս երկրորդ ձեւին վրայ կանգ առնելով եւ իտալացի մտաւորականի միտքը շարունակելով՝ Նորին Սրբութիւնը զգուշացուց արհեստագիտութեան վտանգներէն, երբ «ուժանիւթերն ու հարստութիւնները կ’ուղղորդուին դէպի մէկ նպատակակէտ, այն է՝ մեքենայ (էջ 58)», եւ ներկաներուն ուղղեց Կուարտինիի մտահոգիչ հարցումը. «Ի՞նչ կըլլայ [...], երբ յայտնուինք արհեստագիտութեան հրամայականներու գերիշխանութեան առջև: [...] Նման համակարգէն ներս կեանքը կարո՞ղ է կենդանի մնալ: (էջ 61)»:

Այդ մտահոգութիւնը, որ Կուարտինին ունեցած էր մէկ դար առաջ, պէտք է կրկին բարձրաձայնել՝ «յատկապէս այս վայրին մէջ, որտեղ խորութեամբ կ’ուսումնասիրուին տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները եւ «պիոնիկ գիտութիւնները», յարեց Սրբազան Քահանայապետը եւ առաջարկեց մտածել բնապահպանական ճգնաժամի, համայնքային կապերու քայքայման, մեկուսացուած անհատներու մասին, որոնք աւելի շատ «social» են և աւելի պակաս՝ «սոցիալական»:

Մռայլ երանգներու մէջ է, որ լաւագոյնս կը փայլի մշակոյթի և համալսարաններու դերը

Այս համատեքստի մէջ Ֆրանչիսկոս յիշատակեց Ռոպերթ Պենսոնի «Աշխարհի տէրը» «մարգարէական» վէպը՝ գրուած աւելի քան մէկ դար առաջ, որ կը նկարագրէ ապագայի զարգացած, բայց մռայլ աշխարհ մը, որտեղ կը գերիշխեն արհեստագիտութիւնը, և որտեղ առաջընթացի անուան տակ ամէն բան միակերպուած է. ամենուր քարոզուող նոր «մարդասիրութիւնը», կը վերացնէ տարբերութիւնները, ժողովուրդներու կեանքը, կրօնները, լեզուները ու մշակոյթները՝ իբրեւ թէ համընդհանուր խաղաղութեան հասնելու համար, որ իրականութեան մէջ կը վերածուի հալածանքի, ուր ինչպէս գլխաւոր հերոսը կը հաստատէ. «աշխարհը կարծես խեղաթիւրուած կենսունակութեան տիրապետութեան տակ է» (էջ 145):

Նման մռայլ երանգներու մէջ է, որ լաւագոյնս կը փայլի մշակոյթի և համալսարաններու դերը, որտեղ կը ծնի, կ'աճի և կը հասուննայ միտքը, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը: Անիկա այն «տաճարն» է, որտեղ գիտելիքը կոչուած է դառնալ մշակոյթ, այսինքն՝ մարդու «մշակում», միջ մարդկային եւ մարդու՝ պատմութեան եւ արարչագործութեան հետ յարաբերութիւններու «մշակում», շեշտեց Ան եւ շարունակեց ըսելով, որ. «Այս կապակցութեամբ Վատիկանի Տիեզերական Երկրորդ ժողովը հաստատած է. «Մշակոյթը պէտք է ուղղուած ըլլայ մարդկային անձի համապարփակ կատարելութեանը, համայնքի և ողջ մարդկային հասարակութեան բարօրութեանը» (Հովուական սահմանադրութիւն Gaudium et spes, 59) »:

Բացուիլ ուրիշներու առջեւ

Պապը գնահատեց Համալսարանի Ռեկտորի խօսքերը թէ՝ «գիտութեան օգնութեամբ մենք ոչ միայն կ’ուզենք ճիշտը հասկընալ, այլ կ’ուզենք նաև ճիշտ կերպով վարուիլ, այն է՝ կառուցել մարդասիրական և աջակցող քաղաքակրթութիւն, կայուն մշակոյթ և միջավայր»:

Ֆրանչիսկոսը անդրադարձաւ նաեւ Փրոֆեսոր Մայորի կողմէ ներկայացուցած կրթական այլ իրականութիւններու հետ համագործակցութեան, որուն ծիրէն ներս Համալսարանը ընդունած է ուսանողներ աշխարհի այլ տարածաշրջաններէն, ինչպիսին է Մերձաւոր Արևելքը եւ յատկապէս տանջուած Սուրիան:

«Ճանաչիր ինքդ քեզ»

Անդրադառնալով ապա իմաստունի Դելփեան տաճարին փորագրուած «Ճանաչիր ինքդ քեզ» («Ծանիր զքեզ») յայտնի խօսքերուն Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ անոնք մեզ ցոյց կու տան մեր սահմանները՝ խոնարհութիւնէն մինչեւ մեր հրաշալի ներուժի բացայայտում, որ շատ աւելին է, քան արհեստագիտութիւնը:

«Մարդու փխրունութեան և մեծութեան հակադրութեան զարմանքէն կը բխի մշակոյթը. երբեք չբաւարարուած և միշտ փնտռտուքի մէջ, անհանգիստ և համայնքային, կարգապահ՝ իր կատարելութեան մէջ և բաց՝ դէպի բացարձակը: Կը մաղթեմ, որ դուք աճեցնէք ճշմարտութեան այս յուզիչ բացայայտումը», ընդգծեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը:

«Ճշմարտութիւնը կ'ազատէ ձեզ»

Անոր երկրորդ ուղղորդող արտայայտութիւնը՝ եղան Յիսուս Քրիստոսի՝ «Ճշմարտութիւնը կ'ազատէ ձեզ» (Յովհաննէս 8:32) խօսքերը: Ան Նշեց, որ «Հունգարիան անցեալին տեսած է գաղափարախօսութիւններու յաջորդականութիւն՝ պարտադրուած ճշմարտութեամբ, առանց ազատութեան», ու շեշտեց, որ «այսօր նման վտանգը համայնավարութեանը հետեւած սպառողականութիւնն է»:

Զսպուած ազատութենէ մինչև անարգել ազատութիւնը. այդ երկուքին ալ կը միաւորէ կեղծ ազատութեան գաղափարը՝ ոչ ուրիշներու պարտադրածը եւ ոչ ալ իրերու ստրուկը ըլլալը չեն կարող ազատութիւն համարուիլ, պնդեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով` որ Յ«իսուսի նշած ճշմարտութեան հասնելու ուղին գիտելիքն է, որ երբեք սէրէն անջատ չէ, որ յարաբերութեան մէջ է, խոնարհ է և բաց, առարկայական, համարձակ և կառուցողական», եւ եզրափակեց. «Ասիկա է, որ համալսարանները կոչուած են աճեցնել եւ, որ կը սնուի հաւատքով»:

Նշենք, որ Փիթեր Փազմանի Կաթողիկէ Համալսարանի համակարգչային գիտութեան և պիոնիկայի բաժանմունքը եզակի է ողջ Եւրոպայի մէջ, քանի որ կը համատեղի էլեկտրոնային և համակարգչային ճարտարագիտութեան ուսումնասիրութիւնը մասնիկային և նեարդային կենսաբանութեան և բժշկութեան հետ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2023, 16:41