Որոնել

Յիսուս մեր ապագան է թոյլ տանք, որ Ան առաջնորդէ մեր կեանքը. Եղէք բաց դռներ. Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը

Տխուր է տեսնել բակ դռներ` մեր եսասիրութեան բակ դռները հանդէպ անոր` որ մեր կողքին կը քալէ ամէն օր... մեր անտարբերութեան բակ դռները, հանդէպ անոր` որ կ՛ապրի աղքատութեան ու տառապանքին մէջ, բակ դռները` հանդէպ անոր, որ օտարական է, տարբեր, գաղթական ու աղքատ։ Եւ նոյնիսկ մեր եկեղեցական հասարակութիւններուն բակ դռները, դռներ` որոնք բակ են մեր միջեւ, աշխարհին նկատմամբ, հանդէպ անոր որ «օրինաւոր» չէ, հանդէպ անոր, որ կը ձգտի Աստուծոյ ներումին»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 30 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պուտափեշտի «Քոսսութ Լայոս» հրապարակին վրայ մատոյց Քահանայապետութեան առաքելական 41 ճամբորդութեան եզրափակիչ սուրբ պատարագը, որուն առթիւ արտասանած քարոզը կեդրոնացուց Յովհաննէսի աւետարանէն քաղուած բարի հովիւի մասին խօսող հատուածին վրայ, ուր Յիսուս մէկ նախադասութեան մէջ կ՛ամփոփէ իր առաքելութեան նպատակը ըսելով. «Ես եկայ որպէս զի մարդիկը կեանք ունենան եւ առատութեամբ ունենան» (Յովհ. 10,10)։

«Ահա այս է այն ինչ որ կ՛ընէ բարի հովիւը։ Յիսուս որպէս բարի հովիւ կ՛երթայ փնտռելու իր հօտը։ Ան մեզ ալ փնտռեց մինչ կորսուած էինք ու մեզ առաջնորդեց իր Հօր փարախին մէջ, մեզ դարձնելով իր զաւակները» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով խորհրդածել Բարի Հովիւի տիպարին վրայ ու կեդրոնանալ Աւետարանին մէջ Հովիւին գործած երկու արարքներուն վրայ` առաջին «կանչել ոչխարները» ապա «դուրս հանել» զանոնք։

«Կանչել ոչխարները»

Խօսքը կեդրոնացնելով «կանչել ոչխարները» արարքին վրայ Քահանայապետը ընդգծեց, թէ «մենք ալ կանչուեցանք Աստուծմէ» ու թէ «Յիսուս որպէս մարդկութեան բարի Հովիւ եկաւ մեզ կանչելու ու տուն վերադարձնելու» ու նաեւ` թէ «այսօր եւս Ան կեանքի որեւէ իրադարձութեան մէջ, մեր մոլորումներու, վախերու, նահանջներու, ու պարտութեան զգացումներու մէջ, տխրութեան բանտին մէջ, որ մեզ կը կալանաւորէ, մեզ կը կանչէ»։

«Կու գայ որպէս բարի հովիւ, մեզ կը կոչէ մեր անունով, մեզի ըսելու համար, թէ թանկարժէք ենք իր աչքերուն, կու գայ դարմանելու մեր վէրքերը եւ իր վրայ առնելու մեր տկարութիւնները, մեզ համախմբելու միութեան մէջ իր փարախին մէջ, մեզ դարձնելով ընտանիք` Հօրը հետ ու մեր միջեւ» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Ան ապա դիտել տուաւ, թէ ինչպէս այսօրուայ ներկայութեամբ կը զգացուցի Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդը ըլլալու ուրախութիւնը։ «Աստուած է, որ մեզ համախմբեց, որպէսզի հակառակ մեր տարբերութիւններուն ու տարբեր հասարակութիւններու պատկանելիութեան, «Անոր վեհանձն սէրը մեզ միացնէ բոլորս միակ ողջագուրումի մը մէջ...բոլոր քրիստոնեաներս, որ կոչուած ենք տարածելու անոր սէրը եւ փարախը դարձնելու ընդելուզող եւ ոչ թէ բացառող» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը նշելով թէ «ասոր համար կանչուած ենք մշակելու եղբայրութեան եւ համագործակցութեան յարաբերութիւններ, առանց մեր միջեւ բաժնուելու, առանց մեկուսանալու եւ իւրաքանչիւրս մտահոգուելու սեփական տարածքի պաշտպանութեամբ, այլ բացուելով փոխադարձ սիրոյն։

Դուրս գալ

«Հովիւը ապա կոչելէ ետք ոչխարները` զանոնք դուրս կը հանէ», շարունակեց Քահանայապետը։ Նախ եւ առաջ զանոնք ներս կը մտցնէ իսկ այժմ դուրս կը հանէ։ Մենք ալ նախ կը համախմբուինք Աստուծոյ ընտանիքին մէջ, որպէսզի կազմենք անոր ժողովուրդը, ապա ղրկուած ենք աշխարհ` որպէսզի քաջութեամբ եւ անվախ դառնանք Բարի Աւետիսին հռչակողները, մեզ ստեղծող Սիրոյն վկաները» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով Աւետարանին մէջ Յիսուսին այլ մէկ արտայայտութեան, որուն մէջ Ան կը խօսի մուտքի եւ ելքի շարժումի մասին ըսելով. «Ես եմ դուռը։ Եթէ մէկը մտնէ իմ միջոցովս պիտի փրկուի, պիտի մտնէ, պիտի ելլէ եւ սնունդ պիտի գտնէ»։

Յիսուս` որ դուռն է, նախ մեզի թոյլ կու տայ մտնել Հօր հետ հաղորդութեան մէջ փորձարկելու համար ողորմութիւնը, ապա մեզի դուրս կը հանէ դէպի աշխարհ` մեզ կը մղէ դէպի մեր եղբայրները` առանց բացառելու ոչ մէկը։

Դէպի դուրս ըլլալը կը նշանակէ դառնալ նման Յիսուսին բաց դուռ մը։ Տխուր է արդարեւ տեսնել բակ դռներ` մեր եսասիրութեան բակ դռները հանդէպ անոր` որ մեր կողքին կը քալէ ամէն օր. մեր անհատապաշտութեան բակ դռները, ընկերութեան մը մէջ` որ մենութեան մէջ հիւծուելու վտանգին տակ է. մեր անտարբերութեան բակ դռները, հանդէպ անոր` որ կ՛ապրի աղքատութեան ու տառապանքին մէջ, բակ դռները` հանդէպ անոր, որ օտարական է, տարբեր, գաղթական ու աղքատ։ Եւ նոյնիսկ մեր եկեղեցական հասարակութիւններուն բակ դռները, դռներ` որոնք բակ են մեր միջեւ, աշխարհին նկատմամբ, հանդէպ անոր, որ «օրինաւոր» չէ, հանդէպ անոր, որ կը ձգտի Աստուծոյ ներումին»։

Բաց պահել դռները, ըլլալ բաց եւ ընդելուզող

«Խնդրեմ. «բացէք ձեր դռներ»։ Փորձենք մենք եւս առօրեայ խօսքերով, արարքներով, ու գործունէութեամբ ըլլալ բաց դռներ, նման Յիսուսն» աղերսեց Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով թէ ինք այս մէկը մասնաւորապէս կը կրկնէ իրեն համար, իր եղբայր Եպիսկոպոսներուն ու քահանաներուն համար, «մեզի հովիւներուս համար» յարեց Նորին Սրբութիւնը, յանձնարարելով դառնալ Աստուծոյ շնորհքին «միջնորդները», մօտիկութեան մասնագէտները, պատրաստ կեանքը տալու, այնպէս ինչպէս ըրաւ Յիսուս Քրիստոսը` մեր Տէրը ու մեր ամէն ինչը։

«Եղէք բաց դռներ» կրկնեց Ֆրանչիսկոս Պապը այս անգամ խօսքը ուղղելով նաեւ աշխարհականներուն, հովուական գործիչներուն, կրօնուսոյցներուն եւ անոնց, որոնք ունին քաղաքական եւ սոցիալական պատասխանատուութիւններ։

Թոյլ տանք, որ մեր սրտին մէջ մուտք գործէ կեանքին Տէրը, անոր մխիթարող եւ բուժող Խօսքը, որպէսզի ապա դուրս ելլենք եւ մեր կարգին դառնանք բաց դռներ` ընկերութեան մէջ։

Ըլլանք բաց եւ ընդելուզող, որպէսզի սատարենք Հունգարիային, աճելու համար եղբայրութեան մէջ, որ խաղաղութեան ճանապարհն է» ըսաւ Քահանայապետը, որ ապա քարոզը եզրափակեց հաստատելով, որ Յիսուս բարի Հովիւը դուռն է եւ ան` որ անոր միջոցով կ՛անցնի ունի յաւիտենական կեանքը։ Ուստի Ան մեր ապագան է, չյուսալքուինք, թոյլ չտանք, որ մեզմէ խլեն ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը, զոր Ան մեզի պարգեւեց, չփակուինք հարցերուն մէջ։ Թոյլ տանք առաջնորդուիլ մեր Հովիւէն` Անոր հետ մեր կեանքը, մեր ընտանիքները, մեր քրիստոնեայ հասարակութիւնը եւ համայն Հունգարիան պիտի վերստին շողան նոր կեանքով մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2023, 10:19