Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին դէպի Հունգարիա առաքելական ճամբորդութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ 28 ապրիլ 2023ի առաւօտուն, սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին դէպի Հունգարիա առաքելական ճամբորդութիւնը որ կը հանդիսանայ Նորին Սրբութեան Քահանայապետութեան 41րդը եւ որ պիտի տեւէ երեք օր ու կ՛աւարտի Կիրակի 30 ապրիլի յետմիջօրէին։
Այս երկրորդ անգամն է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛այցելէ Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտը` առաջին անգամ ան այնտեղ ժամանած էր մի քանի ժամուայ համար, 2021ին, Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային Համագումարի եզրափակիչ պատարագին առիթով իսկ այսօրուայ ճամբորդութիւնը համարուած է Քահանայապետին Հունգարիոյ տուած պաշտօնական այցելութիւն։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երկրորդ Քահանայապետն է, որ կ՛այցելէ Երկիրը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-էն ետքը, որ Հունգարիան այցելած է ինք եւս երկու անգամ` առաջինը 1991ին եւ երկրորդը 1996ին։
Նորին Սրբութիւնը հունգարիա մեկնեցաւ «Քրիստոս մեր ապագան է» նշանաբանով։ Ան Վատիկանէն հրաժեշտ առաւ առաւօտեան կանուխ ուղղուելով դէպի Հռոմի Ֆիումիչինօ միջազգային օդակայան որտեղէն Իտալական «ITA Airways» ընկերութեան օդանաւով, ժամը 8,21 անց իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամներուն եւ լրագրողներուն հետ միասին ուղղուեցաւ Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտ սաւառնելով Իտալիոյ, Խրուաթիոյ եւ անշուշտ Հունգարիոյ օդային տարածքներուն վրայէն։
Յայտնենք թէ Վատիկանէն չմեկնած Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի մօտակայքը ապրող 15 անօթեւաններու հետ, ընկերակցութեամբ Սուրբ Աթոռի Բարեգործական Ծառայութեան Վերատեսչութեան վերատեսուչ, Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքիին։
Քահանայապետին Պուտափեշտ ժամանումը նախատեսուած է ժամը 10 ժամանակները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ