Հունգարիոյ Ճամբորդութեան երկրորդ օր. Քահանայապետը հանդիպեցաւ կոյր ու անկար մանուկներու հետ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապին հունգարիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրուայ յայտագիրը` 29 ապրիլին, սկիզբ առաւ առաւօտ կանուխ Նորին Սրբութեան Պապական Նուիրակութեան մէջ մատուցած պատարագով, որմէ ետք ան փոխադրուեցաւ Երանելի «Լաժլօ Պաթհանիի Սթրաթմանի» անուամբ կոյրերու եւ մանուկներու խնամքին յատուկ տուն, որ կը գտնուի Առաքելական Նուիրակութենէն երեք ու կէս քմ հեռաւորութեան վրայ։
Կեդրոն ժամանումին Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ կեդրոնի Տնօրէնին կողմէ ապա միասնաբար ուղղուեցան կեդրոնի սեղանատուն ուր Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ կեդրոնի հիւրերուն հետ, որոնք այս առթիւ անոր ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն աւարտին Սրբազան Պապը իր սրտէն բխած խօսքեր ուղղեց ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնելով հիւրընկալութեան եւ քնքշութեան համար։
Քահանայապետին սրտաբուխ խօսքը
«Շնորհակալութիւն ձեր երգերուն, ձեր ժեսթերուն ու ձեր աչքերուն համար» ըսաւ Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ կեդրոնի տնօրէնին որ հանդիպումը ուզեց սկսիլ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի աղօթքով որ, «կեանքի օրակարգ մըն է, ուր սուրբը շնորհք կը հայցէ այնտեղ ուր պակաս բան մը կայ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, թէ անիկայ իրականութեան մէջ ուղեւորութիւն է ու թէ Յիսուս եւս եկաւ իրականութիւնը յառաջ տանելու համար ու թէ այդ մէկը «Աւետարանական ուղեւորութիւն է, Յիսուսին ուղեւորութիւնը»
Սրբուհի Եղիսաբեթի եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում աղքատներուն ու գաղթականներուն հետ
հանդիպումէն ետքը Նորին Սրբութիւն ուղղուեցաւ Հունգարիոյ մէջ մեծարուած Արփատի տան Սրբուհի Եղիսաբեթի եկեղեցի, որ կը գտնուի «վարդերու» հրապարակին վրայ եւ ուր Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպում ունեցաւ աղքատներու ու գաղթականներու հետ ի ներկայութեան Հունգարիոյ Քարիթասի նախագահին որ հանդիպումին սկիզբը Նորին Սրբութեան ուղղեց բարի գալուստի խօսք մը ներկայացնելով Քարիթասին իրականութիւնը։
Ողջոյնի խօսքին հետեւեցան երեք վկայութիւններ` Յոյն Կաթողիկէ մէկ ընտանիքի, գաղթական մէկ ընտանիքի հուսկ Սարկաւագի մը ու անոր կողակիցին վկայութիւնը, որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն։
Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցին
Գաղթականներուն եւ աղքատներուն հետ հանդիպումէն ետքը Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն կու տայ Մայր Աստուծոյ Պաշտպանութեան Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ուր հանդիպում կ՛ունենայ տեղական Արքեպիսկոպոսին ու հասարակութեան հետ, անոնց հետ կիսելով աղօթքի պահ մը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ