Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Մեկնաբանել ամէն ինչ Աւետարանի լոյսի տակ»

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպումը ու ճառը Հունգարիոյ մէջ կղերական դասի անդամներուն հետ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 28  ապրիլին, Հունգարիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, տեղական ժամանակացոյցով յետմիջօրէին, ժամը 4,40ին, Ֆրանչիսկոս Պապ, Պուտափեշտի մէջ Պապական Նուիրակի պալատէն ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Սուրբ Ստեփանոսի նուիրուած մայր տաճար, ուր հանդիպում ունեցաւ եպիսկոպոսներու, քահանաներու, սարկաւագներու, նորընծաներուն եւ հովուական ծառայութեան գործիչներուն հետ։

Նայիլ Քրիստոսին

«Այս աշխարհին մէջ, որ կը փոխուի կ՝ուզենք վկայել, որ Քրիստոսը մեր ապագան է, դա կարելի է լոկ նայելով Քրիստոսին, որպէս մեր ապագան», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ արտասանած պատգամին սկիզբը դիտել տալով, որ դիւրաբեկութեամբ նշուած մեր կեանքը ամրապէս զետեղուած է Անոր ձեռքերուն մէջ, եթէ մոռցուի այս մէկը այն ժամանակ հոգեւոր հովիւները, աշխարականները պիտի որոնեն մարդկային միջոցներ՝աշխարհէն պաշտպանուելու համար, փակուելով երկնային ովասիսի մէջ կամ ալ ընդհակառակը յարմարելով աշխարհիկութեան փոփոխուող քամիներուն ու մեր քրիստոնէութիւնը պիտի կորսնցնէ իր ուժը եւ պիտի դադրինք այս աշխարհին մէջ աղ ըլլալէ», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Մարգարէական Հոգին

Անդրադառնալով ապա կարգ մը հաւատացեալներուն տուած վկայութիւններուն, Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց Հայր Սանտորիի, Աստուծոյ գոհութիւն յայտնելու վկայութեան՝ զինք պարտուողականութենէն ազատելուն համար, նկատել տալով, որ աղէտալի պարտուողականութեան եւ աշխարհիկ մտայնութեան ենթարկումի դէմ Աւետարանը կու փոխանցէ նոր աչքեր, կը շնորհէ զատորոշումի շնորհքը՝ մտնելու մեր ժամանակուան մէջ՝ հիւրընկալող կեցուածքով, նաեւ մարգարէական հոգիով, այսինքն մարգարէական ընդունելութիւնը, որ կը նշանակէ մեկնաբանել ամէն ինչ Աւետարանի լոյսի տակ՝ առանց աշխարհիկութեան ենթարկուելու, այլ որպէս աւետողներ եւ վկաներ քրիստոնէական մարգարէութեան։

Ապրիլ Տիրոջ պատուիրած սէրը՝ Սուրբ Հոգգին պարգեւը

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձ կատարեց հովուական ծառայութեան գործունէութիւններուն նշելով որ բարի հովուական ծառայութիւն մը կարելէ  այն ժամանակ երբ կարող կը դառնանք ապրելու Տիրոջ պատուիրած սէրը, որ Սուրբ Հոգիին պարգեւն է։

«Եթէ բաժնուած կամ իրարմէ հեռու գտնուինք կը դադրինք արդիւնաբեր դառնալէ» Սրբազան Հայրը դիտել տալով, որ տխուր իրողութիւն է երբ բաժնուած ենք իրարմէ, ինչպէս նաեւ փոխանակ խմբային խաղ խաղալու կը խաղանք սատանային խաղը» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ առաջին հովուական ծառայութեան աշխատանքը հաղորդութեան վկայութիւնն է, որովհետեւ Աստուած ներկայ է հոն ուր եղբայրական սէր կայ, յորդորելով յաղթահարել մարդկային բաժանումները, միասին աշխատելու համար Տիրոջ այգիին մէջ։

Ունենալ ողորմած նայուածք

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց քահանաները ստեղծելու ընտանեկան հոգի, որոնելով կարծր չդառնալ, այլ ունենալ ողորմած եւ գթասիրտ նայուածքներ, որ գիտէ միշտ ներել, օգնել՝ վերսկսելու, որ կ՝ընդունի եւ չդատեր, կը քաջալերէ եւ չքննադատեր, կը ծառայէ եւ չշատախօսեր։

«Այս բոլորը մեզ կը մարզէ մարգարէական ընդունելութեան, Տիրոջ մխիթարութիւնը սփռելու համար աշխարհի ցաւի եւ աղքատութեան կացութիւններու մէջ, տարբեր ցեղերու անձերուն ու բոլոր անոնց, որոնք կը գտնուին կարօտի մէջ։

Սուրբ Մարթինոսը Սրբութեան օրինակ

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Հունգարիոյ մէջ Սրբութեան օրինակ, Սուրբ Մարթինոս՝ որ աղքատին հետ կիսած իր վերարկուն կը նկատէ եղբայրսիրութենէն աւելի սիրոյ առաքելութիւն մը նկատել տալով, որ Սուրբ Մարթինոսը Հունգարիոյ եկեղեցւոյ պատկերն է, Եւրոպային սիրտին մէջ փոխանցելիք մարգարէութիւնն է ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Քրիստոսը մեր ապագան է, որովհետեւ Ինքն է, որ կ՝առաջնորդէ պատմութիւնը։

«Ձեր հաւատքի խոստովանողները այս իրողութեամբ հաստատապէս համոզուած էին. բազմաթիւ քահանաներ, կրօնաւորներ, կրօնաւորուհիներ նահատակուեցան անաստուածութեան ժամանակ», ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա յիշելով Կարդինալ Մինստէնդին նշեց, որ Ան կը հաւատար աղօթքի զօրութեան, այն աստիճան, որ այսօր ժողովուրդը կը կրկնէ անոր խօսքը ըսելով. «Եթէ Աղօթքի մէջ մէկ միլիոն հունգարացիներ գտնուին, ապագայէն պիտի չվախնամ»։ Ըսաւ Սրբազան Հայրը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2023, 18:09