Ֆրանչիսկոս Պապ դէպի Հունգարիա ժողովուրդներու միջեւ կամուրջներ կառուցելու համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 28 ապրիլին, Հռոմի միջազգային օդակայանէն Ֆրանչիսկոս Պապ քահանայապետական թռիչքով մեկնեցաւ Հունգարիա։
Դէպի Հունգարիա թռիչքի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապ սովորութեան համաձայն ողջոյնի հեռագիրներ յղեց թռիչքով օդային տարածքներէն անցած պետութիւններուն ղեկավարներուն։
Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին յղած հեռագիրին մէջ Սրբազան Հայրը նշեց, թէ մինչ կը պատրաստուի լքելու Իտալիոյ հողը՝ Հունգարիա առաքելական ճամբորդութիւն կատարելու համար՝ խրախուսուած հաւատքին մէջ եղբայրներու հետ հանդիպելու եւ ժողովուրդներու միջեւ կամուրջներ կառուցելու հրամայականը վկայելու փափաքէն , իր սիրելի ողջոյնները կը փոխանցէ Իտալիոյ նախագահին ու համայն Իտալացի ժողովուրդին ապահովուելով իր աղօթքը Ազգին բարիքին համար։
Իր կարգին, Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ, տիար Սերճօ Մաթթարելա, Նորին Սրբութեան յղած ողջոյնի հեռագիրին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց քահանայապետին, իրեն յղած պատգամին համար Հունգարիա մեկնելէ առաջ։
«Առաքելական ճամբորդութիւն դէպի երկիր մը, որ հին քրիստոնէական աւանդութիւններուն օրրանն է, շատ մօտ է այն վայերուն՝ ուր տեղի կ՝ունենան աննկարագրելի բռնութիւններ Ուքրանացի Ժողովուրդին դէմ, անգամ մը եւս անիկա հրաւէր է խորհելու դաժանօրէն խախտուած միջազգային կարգը վերականգնելու բացարձակ անհրաժեշտութեան մասին եւ ամոքելու Ուքրանիոյ դէմ յարձակումէն պատճառած հսկայական տառապանքը» գրեց Իտալիոյ նախագահը։
Ան հեռագիրը աւարտեց վստահելով, որ Ֆրանչիսկոս Պապին վկայութիւնը պիտի քաջալերէ հունգարացի ժողովուրդը ընթանալու եղբայրութեան եւ ընդունելութեան ճանապարհներուն վրայէն ու վերանորոգելով իր խորին յարգանքները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ