Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ «Երանութիւններուն հասարակութիւն» պատուիրակութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ «Երանութիւններուն հասարակութիւն» պատուիրակութեան անդամները  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եկէք միասին քալենք եւ հաւատքի մէջ իրարու օգնենք»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆրանսայի մէջ յիսուն տարի առաջ ծնած եկեղեցական ընտանիքի պատուիրակութիւնը մը, որ աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն մէջ կը կատարէ լայնածաւալ առաքելութիւն, երիտասարդներուն նուիրուած տարբեր գործունէութիւններով եւ միջ կրօնական երկխօսութեան զարգացման համար նախաձեռնութիւններով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 17 ապրիլին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Երանութիւններու հասարակութիւն» անուան հաստատութեան անդամները, հաստատութեան հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առիթով։

«Ձեր շնորհապարգեւը, որ կը ծնի կաթողիկէ խարիզմաթիկ վերանորոգումէն, պարգեւ մըն է եկեղեցւոյ եւ աշխարհին համար» գրած է Սրբազան Հայրը վերոյիշեալ հաստատութեան անդամներու փոխանցած գրաւոր պատգամին սկիզբը, աւելցնելով, որ «Հոգեգալուստի փորձառութիւնը եւ վախճաբանութեան ծաւալը, ընկերակցութեան խարիզմի՝ ծագումէն ի վեր կեդրոնը եղան ու անոր մղումով, մինչեւ այսօր կը տարածուի Սուրբ Հոգիին մէջ կեանքի, առաքելութեան ու կեանքի հաղորդութեան վիճակներու շնորհիւ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Հոգեգալուստի փորձառութիւնը հաստատութեան հոգեւորական կեանքի սիրտն է ու ան կ՝արտայայտուի Աստուծոյ հետ միութեան կայուն որոնումին մէջ ու շօշափելի կը դառնայ, առօրեայ սուրբ Պատարագի արարողութեամբ եւ աղօթքի կեանքին մէջ։

Անդրադառնալով ընկերակցութեան կատարած առաքելութեան, Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց զարգացող տարբեր երկիրներու մէջ ընկերակցութեան նախաձեռնած կարգ մը ծրագիրներ, ինչպէս դժուարութեան մէջ գտնուող անչափահասներուն հիւրընկալութիւնը, թերսնուած եւ հաշմանդամութիւն ունեցող անչափահասներուն օգնութիւնը, սննդի առողջապահական խնամքի բաշխումը, ինչպէս նաեւ աղքատ միջավայրերէն ներս հիւանդանոցի, բուժարանի, ատամնաբուժական, ակնաբուժական կեդրոններու մատակարարումը։

Ընկերակցութեան առաքելութիւնները

Բարեգործական եւ եղբայրսիրական գործունէութիւններուն շարքին Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց ընկերակցութեան առաքելական այլ գործեր, որոնց շարքին, արձակուրդի վայրերէն ներս կազմակերպուած աղօթքի պահեր, սուրբ պատարագի արարողութիւնները, գիշերային աղօթքի եւ հսկումի ձեռնակներ, «Գործունէութիւններ, որոնք ցոյց կու տան ձեր բացումը երիտասարդներու խնդրանքներուն առջեւ, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւնը Աստուծոյ խօսքը տանելու ամէն միջավայր»։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց ընկերակցութեան այլ կարեւոր առաքելութիւններ, որոնց շարքին միջազգային հաւաքները կազմակերպուած Լուրտի եւ Լիզիոյի մէջ, «հանդիպումներ, որոնք յոյժ կարեւոր են հոգեւորական վերանորոգումի համար բոլոր մասնակիցներուն համար եւ որոնք հնարաւորութիւն կ՝ընձեռեն կիսելու փորձառութիւններ աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն հետ։

Նորին Սրբութիւնը ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հաստատութեան անդամներուն անոնց կատարած աշխատանքին՝ կրօնաւորական կեանքէն ներս ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ եւ աշխարհի մատուցած ծառայութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց յառաջ երթալ ու հաստատակամ մնալ իրենց առաքելութեան մէջ եռանդով եւ առանց վախի ու ուրախութեամբ եւ յոյսով վկայել հաւատքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց հաւատարիմ մնալ երիտասարդներուն կազմաւորման եւ միջ կրօնական երկխօսութեան աշխատանքներուն մէջ յատուկէն մահմետական եղբայրներու եւ քոյրերուն հետ։

Շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը, Նորին Սրբութիւնը գրաւոր պատգամը աւարտեց խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2023, 11:19