«Մայր Եկեղեցին իր բոլոր զաւակները կը սիրէ». Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Այսօր՝ 25 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Գթութեան միսիոնար Փոքր Քոյրերու (Տոն Օրիոնէի դուստրեր) միաբանութեան անդամները՝ 13րդ Ընդհանրական Ժողովի առթիւ։
Այդ նպատակով պատրաստած իր ճառին սկիզբը Պապը յիշեց` թէ Միաբանութեան հիմնադիր Սուրբ Լուիճի Օրիոնեն յանձնարարեց «զգալ Աստուծոյ Նախախնամութիւնը եւ Եկեղեցւոյ մայրութիւնը»: Այսինքն, շարունակեց Սրբազան Պապը, «ձեզի յորդորած է մարմնաւորել Աստուծոյ և Եկեղեցւոյ ողորմածութիւնը մայրական ոգիով եւ ցոյց տուած է երեք հիմնարար ուղիներ` ըլլալ միաբան Յիսուսին հետ, մօտիկ՝ եղբայրներու ու քոյրերու հետ և գործունեայ ծառայութեան մէջ»։
Ճիշտ Տոն Օրիոնեի ուղեցոյցները Ֆրանչիսկոս Պապը դարձուց իր պատգամին առանցքը։
Ըլլալ միաբան Յիսուսի հետ
«Աստուծոյ նուաճելու և միւսները ըմբռնելու համար պէտք է նախ ապրինք Աստուծոյ բուռն կեանքը մեր մէջը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մէջբերելով Միաբանութեան հիմնադիրի խօսքերը եւ շեշտեց, որ ամենէ մեծ պարգեւը որ Միաբանութեան քոյրերն ու մայրերը կրնան տալ՝ Աստուծոյ կողմէ իրենց վստահուած մանուկներուն Աստուծոյ հանդէպ մայրական եւ քնքուշ սէրը փոխանցելն է ։
Մօտ ըլլալ եղբայրներուն եւ քոյրերուն
«Ապրեցէք ձեր ծառայութիւնը Յիսուսի հետ հանդիպելու ուրախութեամբ, նոյն սիրով ոգեւորուած», քաջալերեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը Տոն ՕրիոնԷի երկրորդ ուղեցոյցի առնչութեամբ եւ շարունակեց․ «ձեր տուները եւ ծառայութեան ձեր վայրերը թող լի ըլլան մայրական ջերմութեամբ՝ վանելով տրտունջները»
Ըլլալ գործունեայ ծառայութեան մէջ
Սրբազան Պապը, ի վերջոյ, անդրադարձաւ Սուրբ Լուիճի Օրիոնէի երրորդ ուսուցումին՝ ըլլալ գործունեայ ծառայութեան մէջ, եւ յորդորեց «տքնաջան կերպով աշխատիլ»՝ ամենէ կարիքաւորներուն ի նպաստ, թոյլ չտալով, որ պակսի ուշադրութիւնը անոնց հանդէպ՝ ինչպէս մայրը զաւակներու, քնքշութեամբ եւ նոյնիսկ նախատինքով, ուր` որ անհրաժեշտ է։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա ընդգծեց, որ մայրը անխտիր կերպով իր բոլոր զաւակները կը սիրէ՝ անկախ անոնց կարողութիւններէ, յաջողութիւններէ, հասարակական պայմաններէ, ծագումէն ու կրօնական պատկանելութենէն։
«Այսպէս կը սիրէ Քրիստոս, այսպէս կը սիրէ Մայր Եկեղեցին, կը յորդորեմ ձեզի ալ այդպէս սիրել` որպէս գթութեան մայրեր», եզրափակեց իր պատգամը Նորին Սրբութիւնը եւ իր օրհնութիւնը բաշխեց ներկաներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ