Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Թաուատրոս Բ պատրիարքը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Թաուատրոս Բ պատրիարքը  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Յառաջ դէպի միութիւն, Լիպիոյ մէջ սպաննուած Ղպտիները մարտիրոս են նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար»

Ֆրանչիսկոս Պապին ընդունեց Ղպտի եկեղեցւոյ Թաուատրոս Բ Պատրիարքը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 11 մայիսին, տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ղպտի ուղղափառ Եկեղեցւոյ Թաուատրոս Բ Պատրիարքին ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամներու միջեւ հանդիպում, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Ղպտի եկեղեցւոյ միջեւ համամիութենական ուղեւորութեան յիսուն ամեակի տօնախմբութեան առիթով։

Հանդիպումը սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Թաուատրոս պատրիարքին հետ առանձնական հանդիպումով ապա տեղի ունեցաւ պատուիրակութեան անդամներու ներկայացում, նուէրներու փոխանակում եւ ողջոյնի խօսքեր։

Այս առթիւ արտասնած ողջոյնի խօսքին սկիզբը Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարքին, 1973 թուականին պատմական իրադարձութեան յոբելեանը, ինչպէս նաեւ 2013ին, առաջին հանդիպման տասնամեակը տօնելու հրաւէրը ընդունելուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, որ 9էն 13 մայիս 1973ին, Հռոմի մէջ կայացած իրենց նախորդներուն հանդիպումը՝ որ Ղպտի օրթոտոքս եկեղեցւոյ Պապին եւ Հռոմի եպիսկոպոսի միջեւ եղաւ առաջին հանդիպումը, «բնորոշեց աստուածաբանական վէճին աւարտը՝ որ սկիզբ առած էր Քաղկեդոնի ժողովէն՝ շնորհիւ 10 մայիս 1973ին, ստորագրուած յիշարժան ընդհանուր Քրիստոսաբանական հռչակագիրին, որ հետագային ծառայեց այլ արեւելեան եկեղեցիներուն հետ նմանատիպ համաձայնագիրերու», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, որ այդ հանդիպումը հանգեցուց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Ղպտի օրթոտոքս եկեղեցւոյ միջեւ խառն միջազգային յանձնաժողովի ստեղծման, որ ապա ճամբայ բացաւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ համայն արեւելեան օրթոտոքս եկեղեցիներու Աստուածաբանական բեղուն երկխօսութեան ստեղծման, որ իր առաջին հանդիպումը կատարեց 2004ին, Գահիրէի մէջ, հիւրընկալութեամբ Նորին Սրբութիւն Շնուտայի։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ իրենց նախորդներուն հանդիպումը երբեք չդադրեցաւ իր պտուղները բերելէ երկու եկեղեցիներուն ուղեւորութեան մէջ՝ դէպի լիակատար հաղորդութիւն, յիշելով նաեւ 1973ին հանդիպումի ի յիշատակ Թաուատրոս Բ Պատրիարքին Հռոմ կատարած առաջին այցելութիւնը՝ 10 մայիս 2013ին, որուն առիթով Ան առաջարկած էր 10 մայիսը հռչակել Կաթողիկէ եւ Ղպտիներու միջեւ բարեկամութեան օր, որ ամէն տարի կը նշուի երկու եկեղեցիներու կողմէ։

Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ այդ բարեկամութեան ուղեւորութեան մէջ առաջնորդուած են նաեւ մարտիրոսներուն կողմէ, որոնք կը վկայեն, թէ ոչ մէկը աւելի մեծ սէր ունի քան այն, որ իր կեանքը կու տայ բարեկամներուն համար։

Ան  ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Լիպիոյ մէջ՝ 15 փետրուար 2015ին սպաննուած ղպտի մարտիրոսներուն մասունքը որպէս թանկարժէք նուէր ստանալուն համար, նշելով որ «այս մարտիրոսները մկրտուեցան ոչ միայն ջուրի եւ Սուրբ Հոգիին մէջ, նաեւ արեան մէջ՝ արիւն` որ Քրիստոսի հետեւորդներու արեան սերմն է ։ Այս առնչութեանբ ֆրանչիսկոս Պապ յայտարարեց, որ Թաուատրոս Պատրիարքի հետ համաձայնութեամբ, այդ 21 մարտիրոսները պիտի ներառուին Հռոմի յայսմաւուրքի մէջ, որպէս նշան հոգեւորհաղորդութեան, որ կը միացնէ երկու եկեղեցիները

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց մաղթելով, որ Ղպտի մարտիրոսներուն աղօթքը միացած Սուրբ Կոյս Մարիամի աղօթքին, շարունակէ բարեկամութեան մէջ աճեցնել երկու եկեղեցիները, մինչեւ այն օրհնեալ օրը երբ «միասնաբար պիտի կարենանք միեւնոյն խորանին վրայ տօնախմբել եւ հաղորդակցիլ նոյն Փրկչին Մարմնին եւ Արեան հետ, «որպէսզի աշխարհը հաւատայ» (Յովհ 17, 21)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2023, 10:49