Երանելի պիտի հռչակուի Հայր Ճուզէփփէ Պէոթթի
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 20 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց սուրբերու դատի վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն, որուն արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու Իտալացի Հայր Ճուզէփփէ Պէոթթիի եւ 8 Աստուծոյ ծառաներուն սրբադասման վերաբերող հրամանագիրերը։
Մօտիկ ապագային Երանելի պիտի հռչակուի Աստուծոյ ծառայ Ճուզէփփէ Պէոթթին, որ ծնած է 16 օգոստոս 1912ին՝ Իտալիա, ձեռնադրուած է քահանայ ապա հաւատքի ատելութեամբ սպաննուած է Իտալիոյ Սիտոլօ քաղաքին մէջ նացիական տիրապետութեան շրջանին։
Նոր Աստուծոյ ծառաններն ու աղախիններ
Աստուծոյ ծառաներու շարքին են Քամերունցի Հայր Սիմոն Մփէքէ, Սպանացի հայր Փետրօ Տէ Լա Վիրճեն, Իտալացի հայր Արնալտօ Քանէփա, Պրազիլցի հայր Կուիտօ Վիտալ Ֆրանքա Շաֆէր, Աստուծոյ աղախիններ՝ Իտալացի քոյր Էտտա Ռոտա, Պրազիլցի քոյր Թերեզա Մարկարիտա Տօ Քորաքաօ Տէ Մարիա, Իտալացի քոյր Մարիա Քրիսթինա Օճէր, Իտալացի Քոյր Լորենա Տալեսսանտրօ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ