Որոնել

Animals of the Borbollon Natural Reserve

Արարչագործութեան խնամքի Աղօթքի Համաշխարհային օրուան նուիրուած Քահանայապետին պատգամը

Նորին Սրբութիւնը կոչ կ՛ուղղէ մէկ անգամ ընդ միշտ անսալու անոր ձայնին` որ զոհ է բնապահպանական եւ կլիմայական անարդարութիւններուն, վերջ դնելու համար «անիմաստ պատերազմին», որ կը կործանէ մոլորակը ու միասին` Եկեղեցի, ընկերութիւն, իշխանութիւններ, իրագործել` աւելի կայուն ու հաւասար աշխարհ մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Հինգշաբթի 25 Մայիս 2023ի առաւօտեան ժամը 11.30 Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամը նուիրուած արարչագործութեան խնամքին աղօթքի համաշխարհային օրուան, որ պիտի տօնախմբուի յառաջիկայ սեպտեմբեր մէկին։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ելոյթ ունեցան Կարդինալ Միքայէլ Չեռնի` Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը, Անկլիքան եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ` Վերապատուելի Քանոն Ռաշել Մաշը, «Laudato si'» շարժումի գործադիր տնօրէն տիար Թոմաս Ինսուա եւ տիկ Չեչիլիա Թուրպիթովի` «Porto-Santa Rufina» թեմի Միսիոներական Կեդրոնի կամաւորուհի։

Արարչագործութեան խնամքի Աղօթքի Համաշխարհային օրուան նուիրուած Քահանայապետին պատգամը հրաւէր է քաջարի քայլեր կատարելու, որպէսզի արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը վերահաստատուին համայն աշխարհին մէջ։

Արդարութիւնը

«Արդարութիւնը հիմնական տարր մըն է Աստուծոյ զաւակներու կեանքին համար նման ջուրին` որ հիմնական է մարդուս եւ բնութեան գոյութեան համար» դիտել կու տայ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով` որ «Աստուծոյ կամքն է, որ որեւէ իրավիճակին մէջ որոնուի արդարութիւնը ու ապրինք Անոր օրէնքներուն համաձայն»։

«Եթէ մենք ամէնէն առաջ փնտռենք Աստուծոյ Արքայութիւնը, պահպանելով շիտակ կապ մը Աստուծոյ, մարդկութեան եւ բնութեան հետ , այդ ժամանակ արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը կարող են հոսիլ, որպէս բիւրեղ ջուրի անվերջ գետ մը, սնունդ տալով մարդկութեան ու համայն արարչագործութեան» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամին մէջ, մատնանշելով 2022ի Յուլիսին Քանատա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Սանդ՛Աննա լիճին մօտ կատարած խորհրդածութեան, որուն ընթացքին Ան բնիկներու թմբուկներու ներդաշնակ զարկը նմանեցուցած էր մայր հողի սրտի զարկին եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց` այս «Արարչագործութեան Ժամանակի ընթացքին կանգ առնելու ու մտաբերելու սրտին զարկերը` մերը, մեր մայրերունը, մեր մեծ մայրերունը, արարչագործութեանը ու նաեւ Աստուծոյ սրտին զարկերը» գրեց Նորին Սրբութիւնը։

Բնապահպանութեան ու կլիմայական անարդարութիւններու զոհերու կողքին

«Այսօր անոնք ներդաշնակութեան մէջ չեն, անոնք միասին չեն հնչեր արդարութեան ու խաղաղութեան մէջ։ Շատերուն արգիլուած է ըմպել այդ հզօր գետէն։ Անսանք առ այդ կոչին մենք մեզ դնելու բնապահպանութեան ու կլիմայական անարդարութիւններու զոհերու կողքին, վերջ դնելու համար արարչագործութեան դէմ մղուած այս անիմաստ պատերազմին», յանձնարարեց Քահանայապետը պատգամին մէջ, ակնարկելով այդ պատերազմի կործանարար հետեւանքներուն, ուր բազմաթիւ «գետեր չորացած» են ու «անապատները բազմապատկուած», ուր կայ «Հանածոյ վառելիքի մոլեգնող օգտագործում» և «անտառներու հատում», որոնք կը յառաջացնեն «ջերմաստիճանի բարձրացում եւ կը ստեղծեն ուժեղ երաշտներ»։

Կողոպուտի ենթարկուած «Քոյր ջուրը»

Քահանայապետը ակնարկեց ապա «ջուրի սարսափելի պակասին», որուն թիրախ ենք բոլորս, հաստատելով` որ «քոյր ջուրը» ինչպէս զայն կը կոչէ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը, «կողոպուտի ենթարկուած է ու դարձած շուկայական օրէնքներու ենթակայ ապրանք»։

Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա ՄԱԿ-ի կլիմայական փոփոխութիւններու միջ-կառավարական Խումբի ահազանգին` թէ հարկաւոր է հրատապ կերպով դիմագրաւել հարցը, նախ քան, որ իրականան աւելի վատ հետեւանքներ։

Միացնենք ձեռքերը

«Միացնենք մեր ձեռքերը ու կատարենք քաջարի քայլեր, որպէսզի արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը հոսին մայր հողի բոլոր տարածքին վրայ», կոչ  ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապ նշելով, որ «այս ընելու համար պէտք է որոշենք փոխել մեր սրտերը, մեր կեանքին ոճը ու հանրային քաղաքականութիւնները, որոնք կը կառավարեն մեր ընկերութիւնները»։

Փոխել սրտերը

Նախ եւ առաջ փոխել սրտերը, նորոգել մեր ու արարչագործութեան միջեւ յարաբերութեան ընթացքը, զայն չի նկատելով լոկ շահագործելիք տարր այլ Արարիչի սուրբ պարգեւ։

«Ընդհանուր մօտեցումը կը պահանջէ բնապահպանական յարգանք դրսևորել չորս ձևով՝ Աստուծոյ, մեր այսօրեայ և վաղուայ մերձաւորներուն, ողջ բնութեան և մենք մեր հանդէպ» գրեց Նորին Սրբութիւնը` ակնարկելով Պենետիկտոս ԺԶի այն համոզումին թէ «Արարչագործութիւնն ու Փրկութիւնը իրարմէ անբաժանելի են» եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց` «ծիսակատարութեան ու անձնական աղօթքի ընթացքին «արարչութեան մեծ եկեղեցւոյ մէջ», յիշենք այն Մեծ Արուեստագէտը, որ ստեղծեց այսքան գեղեցկութիւն ու խորհինք տիեզերքը ստեղծելու սիրոյ ընտրանքի խորհուրդին վրայ»։

Փոխել կենսակերպը

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց նեաւ փոխելու մեր կեանքին ոճերը, զղջալով մեր «բնապահպանական մեղքերուն» համար, որոնք վնաս հասցուցին բնական աշխարհին ու մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն։

«Աստուծոյ օգնութեամբ որդեգրենք աւելի նուազ մսխումով ու նուազ անիմաստ սպառողականութեամբ կեանքի ապրելակերպեր...փորձենք ուշադիր ըլլալ մեր սովորութիւններուն ու տնտեսական ընտրութիւններուն, որպէսզի բոլորն ալ իրենք զիրենք աւելի լաւ զգան»։

Բարեփոխել ընկերութիւնը

«Ապա` որպէսզի զօրեղ գետը կարողանայ շարունակել հոսիլ հարկաւոր է բարեփոխել մեր ընկերութիւններն ու այսօրուայ երիտասարդներու կեանքը ձեւաւորող հանրային քաղաքականութիւնները», դիտել տուաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով այս տարուայ յառաջիկայ 30 նոյեմբերէն 12 դեկտեմբեր կայանալիք COP28 Վեհաժողովին ու ժողովին մասնակցողներուն յանձնարարելով «անսալու գիտութեան ու սկիզբ տալու արագ եւ հաւասար անցումի փուլին` վերջ դնելու համար հանածոյ վառելիքի դարաշրջանին»։

Կասեցնել անարդարութիւնը

«Մեր ձայնը բարձրացնենք կասեցնելու համար աղքատներուն ու մեր զաւակներուն դէմ անարդարութիւնը» եղաւ Նորին Սրբուութեան կրկնուած կոչը որմէ ետք Ան պատգամին վերջին մասը  յատկացուց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսականութեան ի սպաս յանձնառութեան, նկատել տալով, որ այս տարուայ Արարչագործութեան Ժամանակը, որ պիտի եզրափակուի 4 հոկտեմբերին, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիին տօնին օրը, պիտի զուգադիպի Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի բացման արարողութեան։

Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական ընթացքը

«Այնպէս ինչպէս գետերը սնուցուած են հազարաւոր փոքրիկ առուակներով ու աւելի մեծ հոսանքներով, 2021ի հոկտեմբերին սկիզբ առած սիւնհոդոսականութեան ընթացքը հրաւէր կ՛ուղղէ իր բոլոր անդամներուն, ըլլայ անհատական ըլլայ հասարակական գետնի վրայ, համախմբուելու արտացոլման և նորացման հոյակապ գետին մէջ» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւէր ուղղելով, որ «նման գետին, որ կեանքի աղբիւր է իրեն շրջապատող միջավայրի համար», «սիւնհոդոսական եկեղեցին եւս դառնայ կեանքի աղբիւր` հասարակաց տան և բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛ապրին անոր մէջ», պարգեւելով կեանք ու ամէն տեղ սերմանելով արդարութիւն և խաղաղութիւն։

«Այս Արարչագործութեան Ժամանակի ընթացքին, որպէս Քրիստոսին հետեւորդները` մեր սիւնհոդոսական միասնական ուղեւորութեան մէջ, ապրինք, աշխատինք եւ աղօթենք, որպէսզի մեր հասարակաց տունը դարձեալ առատանայ կեանքով։ Թող Սուրբ Հոգին շարունակէ սաւառնիլ ջուրերուն վրայ և մեզ առաջնորդէ «երկրին երեսը նորոգելու» եղաւ Սրբազան Քահանայապետին Արարչագործութեան խնամքին աղօթքի համաշխարհային օրուան պատգամին վերջին մաղթանքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2023, 11:45