Որոնել

VATICAN-RELIGION-POPE-MASS-EASTER

Քահանայապետը փոխեց Վատիկան Պետութեան «Սահմանադրութիւնը»

Ֆրանչիսկոս Պապը «մեր օրերու կարիքներին արձագանքելու» և Սուրբ Աթոռի ու Վատիկանի Պետութեան կողմէն ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները ի գործ դնելու համար հրատարակեց նոր հիմնարար օրէնք մը, որ կը փոխարինէ 2000 թուականի օրէնքը: Այս նոր սահմանադրութեամբ աւելիով կ՛ընդլայնուի Քահանայապետական Յանձնաժողովը` որ այժմ կը կազմուի ոչ միայն կարդինալներէ այլ անոր կարող են անդամակցիլ աշխարհական տղամարդիկ և կանայք։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Համապատասխանելու համար մերօրեայ կարիքներուն» եւ «գործնական» դարձնելու համար Առաքելական Աթոռին ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները, Ֆրանչիսկոս Պապը` այսօր 13 Մայիսին, Ֆաթիմայի Տիրամօր տօնին օրը, հրատարակել տուաւ Վատիկանի Պետութեան նոր հիմնարար Օրէնք մը որով բարեփոխեց Վատիկանի Պետութեան «սահմանադրութիւնը», փոխարինելով 26 նոյեմբեր 2000 Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ թողարկած սահմանադրութիւնը որ իր կարգին կը բարեփոխէր 7 Յունիս 1929 Պիոս ԺԱ Քահանայապետին կողմէ հաստատուած օրէնսդրութիւնը։

Այսօրուայ օրէնքի համարագիրը, որ ուժի մէջ կը մտնէ յառաջիկայ 7 Յունիսին, եւ բաղկացած է 24 յօդուածներէ, մաս կը կազմէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Քահանայապետութեան տասը տարիներու ընթացքին ներմուծած բազմաթիւ բարեփոխումներուն։ Ան արդարեւ կը «ստանձնէ և կը լրացնէ» արդեն թողարկուած կարգաւորիչ թարմացումները, որոնք ի գործ դրուեցան Պետութեան մէջ։

Նոր Սահմանադրութիւն

Նոր սահմանադրութեամբ Սրբազան Պապը կը վերահաստատէ «Քահանայապետին «կառավարման լիազօրութիւններու ամբողջականութիւնը», որոնք կը ներառեն «օրէնսդիր, գործադիր և դատական ​​իշխանութիւնները»։ Կը վերահաստատուին նաև «Վատիկանի իրաւական համակարգի եզակի առանձնայատկութիւնն ու ինքնավարութիւնը», որ կը տարբերի Հռոմէական Քուրիայէն: Կը վերահաստատուի նաեւ Պետութեան իրաւասութիւնը արտատարածքային տարածքներու վրայ, հիմք ունենալով «Լատերանի պայմանագիրը» սահմանադրութեան եւ համաձայն միջազգային իրաւունքի։

Վատիկանի Պետութեան Քահանայապետական Յանձնաժողովը

Նոր Սահմանադրութեամբ Քահանայապետը կը հաստատէ ապա Վատիկանի Պետութեան Քահանայապետական Յանձնաժողովին օրէնսդրական գործառոյթը, որուն մինչեւ օրս մաս կը կազմէին միայն կարդինալները։ Նոր օրէնքով անոր կարող են մաս կազմել կարդինալներէն անդին նաեւ Քահանայապետին կողմէ նշանակուած աշխարհական անդամներ։

Այլ մէկ կարեւոր նորութիւն մը կը հայի պիւտճէին եւ նախահաշիւ ու վերջնական հաշուեկշիռին, որ ամէն տարի կը քննարկուի Քահանայապետական Յանձնաժողովի կողմէ։ Նոյն Յանձնաժողովին կ՛իյնայ նաեւ քննարկել եռամեայ ֆինանսական ծրագիրը այդ փաստաթուղթերը ուղղակիօրէն ներկայացնելով Քահանայապետին որուն կ՛իյնայ զանոնք վաւերացնելը։ Հաշուեկշիռը պէտք է ապահովէ եկամուտներու և ծախսերու «հաւասարակշռութիւնը» և ոգեշնչուի «յստակութեան, թափանցիկութեան և արդարութեան սկզբունքներէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2023, 12:00