Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Valzer in La bem. magg. Op.42
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
Ֆրանչիսկոս Պապ եւ համագումարի մասնակիցները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ համագումարի մասնակիցները 

Ֆրաչիսկոս Պապ. «Երկխօսիլ կը նշանակէ յարգել ուրիշներու ուղին»

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց Արժանթին մէջ միջ կրօնային երկխօսութեան համագումարի մասնակիցները ուրիշին հետ խօսիլ առանց վաղի ու դատապարտումներու։ Աստուած բոլորին Հայրն է, որ բոլորս կ՝առաջնորդէ երկխօսելու

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը յղեց, Արժանթինի մէջ միջ կրօնային երկխօսութեան հաստատութեան գումարած համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերող անդամներուն, որոնց ընդունած է երեկ՝ 5 մայիսին, Վատիկանի մէջ։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացնելով երկխօսութեան վրայ նշեց, թէ բոլորս երկխօսութիւն կը կատարենք՝ սակայն հիմնական կէտը այն է, թէ որուն կը հետ կը խօսակցինք եւ կրօնական դաւանանքները միշտ չէ որ երկխօսութիւն կը կատարեն։

«Երկխօսութեան մէջ իւրաքանչիւր անձ կը պատմէ իր փորձառութեան մասին։ Աստուծոյ փորձառութիւնը։ Աստուած կը յայտնուի բոլոր մշակոյթներու ներքեւ, կը յայտնուի ժողովուրդներու մէջ, որոնք քալեցին պատմութեան ճանապարհին վրայ տարբեր ձեւով, որ միեւնոյն Աստուածն է ։Ան բոլորին Հայրն է, որ մեզ կ՝առաջնորդէ երկխօսելու։ Մեր կեանքին մէջ միշտ կայ ուղի մը, որ կը մեկնի հայելիի հետ երկխօսութենէն դէպի իրականութեան հետ երկխօսութիւնը, դէպի մեր եղբայրներու հետ երկխօսութիւնը», ըսաւ Սրբազան Հայրը յիշեցնելով որ երեկ յետմիջօրէին երկու կէս ժամ ժամանակ անցուցած է լեհ աւետարանական եկեղեցւոյ եւ տարբեր աւետարանական դաւանանքներու հովիւներուն հետ ինչպէս նաեւ Լեհ եպիսկոպոսներուն հետ։ Հանդիպումի ընթացքին իւրաքանչիւր անձ պատմած է իր սեփական ուղեւորութեան մասին, ըսաւ Սրբազան Հայրը դիտել տալով, որ ինք մտիկ ըրաւ ու ուրախ մնաց՝ անոնց հետ կիսելու համար, շեշտելով թէ «կղզիացած չենք եւ ոչ իսկ կղզիներ ենք» ու «պէտք չէ երեք ըսել, որ իմ եկեղեցիս միակ ու ճշմարիտ եկեղեցին է ու ձեր եկեղեցին երկրորդական է ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով միջ կրօնային երկխօսութեան անդամներու կատարած աշխատանքներու համար խնդրելով ներկաներէն, որ իւրաքանչիւր անձ իր լեզուով ու ժեսթերով աղօթեն իրեն համար, որովհետեւ ինք եղբայրներու աղօթքի զօրակցութեան կարիքը ունի։

«Եթէ մենք Արժանթիցիներս չ՝աղօթենք մէկը միւսին համար, ուրեմն վերջացած ենք, որովհետեւ միակ բանը որ կը մնայ մեզի անիկա է» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ան պատգամը աւարտեց հրաւիրելով լռութեան մէջ իւրաքանչիւր անդամ աղօթէ հանդիպումի մասնակցող իր եղբօրը ու քրոջը համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2023, 13:03
Prev
March 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031     
Next
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930