Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն հետ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եկեղեցւոյ մէջ յետամնացութիւնը. Կարօտակէզներու հիւանդութիւն»

La Civiltà Cattolica" պարբերաթերթին տնօրէն Հայր Անթոնիօ Սփատարոյի յօդուած Հունգարիոյ մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին Յիսուսեան միաբանութեան իր եղբայրակիցներու հետ հանդիպումի մասին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Անցեալ 29 ապրիլ 2023ին, Հունգարիա կատարած առաքելական 41-րդ ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ Պուտաբեշտի Պապական նուիրակի պալատէն ներս հանդիպում ունեցաւ Հունգարիոյ մէջ ծառայող Յիսուսեան միաբանութեան պատկան իր եղբայրակիցներուն հետ։

«La Civiltà Cattolica» պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսաւ Հայր Անթոնիօ Սփատարոյի ստորագրութիւնը կրող վերոյիշեալ հանդիպումին ու Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամին մասին յօդուածը, որուն մէջ կը կարդանք, թէ Նորին Սրբութիւնը խօսած է երիտասարդներու հովուական ծառայութեան մասին ընդգծելով, որ երիտասարդներու հետ պէտք է խօսիլ որպէս չափահասներ եւ ոչ թէ որպէս մանուկներ, որովհետեւ անոնք կարիքը ունին հարազատ վկայութեան։

Նորին Սրբութիւնը ապա պատուիրած է եկեղեցւոյ մէջ հակադարձել յետամնացութեան, նկատելով զայն կարօտակէզներու հիւանդութիւն։

Պատասխանաելով Յիսուսեան միաբանութեան 32 անդամներուն իրեն ուղղուած հարցումներուն, Ֆրանչիսկոս Պապ զրուցած է երիտասարդներու հովուական ծառայութեան, հաւատացեալներու հետ վերաբերելու ինչպէս նաեւ
տարեցներու եւ երիտասարդներու միջեւ երկխօսութեան նիւթերու մասին, ընդգծելով, որ երիտասարդի մը մարգարէականութիւնը կը ծնի տարեցներու հետ ունեցած քնքուշ յարաբերութենէ։

Սեռային չարաշահումները

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսած է սեռային չարաշահումներու մասին ընդգծելով, թէ չարաշահողը պէտք է դատապարտուի, շնորհելով անոր Աւետարանի խնդրած կարեկցութիւնը։

Յետամնացութեան վտանգը

Անդրադառնալով Վատիկնեան Տիեզերական Բ Ժողովին մասին, Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ ժողովը տակաւին կը կիրարկումի մէջ է ու երբեք պէտք չէ վախնալ փոխուելէ, որովհետեւ ետ դարձով կեանքը երբեք չպահպանուիր, ըսած է քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2023, 13:48