Որոնել

Ճուլիանա Նորվիք Ճուլիանա Նորվիք  (Matt Brown)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ճուլիանա Նորվիք»ը եղբայրութեան տիպար առկայ ժամանակներուն համար»

«Ճուլիանա Նորվիք»ի յայտնութիւններուն 650-րդ ամեակի առիթով Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորական նամակը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Անկլիքան եկեղեցւոյ սուրբ եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ երանելի հռչակուած «Ճուլիանա Նորվիք»ի յայտնութիւններուն 650-րդ ամեակի առիթով Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական նամակ մը յղեց «Իսթ Անկլիա» թեմի եպիսկոպոս վերապատուելի, Փիթեր Քոլինսին, որուն մէջ յիշելով կարիքաւորներուն հանդէպ Ճուլիանա Նորվիքի առատաձեռնութիւնը, վստահեցուց թէ կ՝աղօթէ որպէսզի բոլոր անոնք, որոնք կը դիմագրաւեն պատերազմի, անարդարութեան, բնապահպանական տագնապի ու հոգեւոր աղքատութեան ծանր ճնշումները մխիթարութիւն եւ ուժ գտնեն խորհրդազգած կինէն։

Ճուլիանա Նորվիքի մայրական ազդեցութիւնն ու հեզութիւնը

Նամակին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նշած է, թէ «Ճուլիանա Նորվիք»ի մայրական ազդեցութիւնը, անոր հեզութիւնը ու Աստուածաբանական խոր ըմբռնումները կը յիշեցնեն, որ Աստուծոյ առատ նախախնամութեան ու կեանքի սրբութեան հաւատքը՝ արտայայտուած կարիքաւոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն առատաձեռն ծառայութեան մէջ, յաւերժական ճշմարտութիւններ են՝ ոչ միայն քրիստոնէական առաքելութեան կեանքի հիման վրայ այլեւ եղբայրական եւ արդար ընկերութեան մը միեւնոյն հիւսուածքին։

«Ճուլիանայի դիմագիծը յատուկ նշանակութիւն ունի՝ հոգեւոր քաջալերանք եւ խորհուրդ փնտռողը ընկալելու առատաձեռնութեան համար» նշած է Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով, որ ուրիշներու բարիքին համար այս ինքնագոհութիւնը զոհաբերելու պատրաստակամութիւնը յատուկէն անհրաժեշտ է պատասխանելու համար կղզիացումի եւ միայնութեան խնդիրները զգացուած՝ աշխարհի մէջ նիւթապէս ամենահարուստ երկիրներու մէջ։ Այս առումով կը մաղթեմ որ մայր Ճուլիանայի կեանքի աւելի մեծ գնահատանքով այսօրուան քրիստոնեաները քաջալերուին յաւելեալ հաւատարմութեամբ եւ ուրախութեամբ՝ հետեւելու Յիսուսի օրինակին, Ան որ եկաւ «ոչ միայն ծառայութիւն ստանալու այլ ծառայելու համար»գրեց Սրբազան հայրը։

Վստահութիւնը բարիքի հանդէպ դէմ է ամէն պատերազմի եւ անարդարութեան

«Աստուծոյ ողորմութեան եւ կարեկցութեան պատգամը բացայայտուած Մայր Ճուլիանային կողմէ կենսական է մեր առկայ ժամանակներու համար» գրած է Սրբազան հայրը ընդգծելով որ «Աստուածային սիրոյ յայտնութիւններուն մէջ կը սորվինք այն թանկագին ուսմունքը, որ հակառակ մեր մէջ գտնուող չարիքին, ամէն ինչ լաւ պիտի ընթանայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2023, 10:50