Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ բանաստեղծներուն, գրագէտներուն. «Եկեղեցին ձեր տաղանդին կարիքը ունի»

Ֆրանչիսկոս Պապ իր կեանքին մէջ շատ սիրած է բանաստեղծները, գրողները, որոնց շարքին յատուկէն Տանդէն, Պլոյը, Տոսթոյեվսքին։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 27 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «La Civiltà Cattolica» պարբերաթերթի եւ «Georgetown» համալսարանի «Կաթողիկէ երեւակայութեան համաշխարհային գեղեցկութիւնը» խորագիրով համագումարի մասնակիցները, ընկերակցութեամբ վերոյիշեալ պարբերաթերթի տնօրէն՝ Հայր Անթոնիօ Սփատարոյի եւ «Georgetown» համալսարանի նախագահին։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ մեծ ուրախութեամբ ողջունեց համագումարին՝ աշխարհի չորս ծագերէն իրենց մասնակցութիւնը բերող բանաստեղծները, գրողները, բեմայարդարները, նկատել տալով, որ իր կեանքին մէջ  շատ սիրած է բանաստեղծները, գրողները, որոնց շարքին յատուկէն Տանդէն, Պլոյը, Տոսթոյեվսքին եւ ուրիշներ, «որոնց բառերը օգնեցին ինծի լաւ հասկնալու աշխարհը, ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ խորացնելու մարդկային սիրտը, իմ հաւատքի անձնական կեանքը, նոյնիսկ հովուական ծառայութեան պարտականութիւնը, նաեւ հիմա՝ այս նոր պաշտօնիս մէջ», ըսաւ Սրբազան Հայրը, դիտել տալով որ ներկաները՝ բանաստեղծները, գրողները աչքեր են, որոնք կը դիտեն ու կ՝երազեն։

«Արուեստագէտը այն մարդն է, որ իր աչքերով կը դիտէ եւ միաժամանակ կ՝երազէ, ան աւելի խորը կը դիտէ. արուեստը հակաթոյն մըն է՝ հաշուի եւ միակերպութեան մտածելակերպին, դա մարտահրաւէր է մեր երեւակայութեան, իրերը տեսնելու եւ հասկնալու ձեւին, այս առումով Աւետարանը ինքնին գեղարուեստական մարտահրաւէր է, յեղափոխական թափով, որ դուք կանչուած էք արտայայտելու շնորհիւ ձեր տաղանդին՝ բողոքող, կանչող եւ աղաղակող բառով։ Այսօր եկեղեցին պէտք ունի ձեր տաղանդին», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ բանաստեղծներուն, գեղարուեստներուն, բեմադրիչներուն աշխատանքը կը կայանայ կեանք տալու, մարմին տալու, խօսք տալու մէջ այն բոլոր բաներուն զոր մարդկային կեանքը կ՝ապրի, կը զգայ, կ՝երազէ, կը տառապի, ստեղծելով համերաշխութիւն եւ գեղեցկութիւն։ Դա «Աւետարանական աշխատանք է, որ մեզ կ՝օգնէ լաւ հասկնալու նաեւ Աստուած, որպէս մարդկութեան մեծ բանաստեղծ» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն մատուցած ծառայութեան համար, քաջալերելով շարունակել երազել, երեւակայել բառեր եւ տեսութիւններ, «որոնք մեզ կ՝օգնեն կարդալու մարդկային կեանքի խորհուրդը ինչպէս նաեւ առաջնորդելու մեր հասարակութիւնը դէպի գեղեցկութիւն եւ տիեզերական եղբայրութիւն» ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա շնորհելէ ետք իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2023, 10:48