Ֆրանչիսկոս Պապ. «Խթանել եղբայրութեան եւ սիրոյ վրայ հիմնուած տիեզերական զօրակցութեան կեցուածք մը»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
9-էն 10 մայիս, 2023ին, նախաձեռնութեամբ Քահանայապետական Գիտութիւններուն կաճարին, Վատիկանի Casina Pio IV անուան դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ «Պարենային եւ մարդասիրական ճգնաժամեր, գիտութիւն եւ քաղաքականութիւն անոնց կանխարգիլման եւ մեղմացման համար» թեմայով դասախօսութիւն, որուն աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ չորեքշաբթի, 10 մայիսին, ընդունեց դասախօսութեան մասնակիցները ու անոնց ուղղած ճառին մէջ ողջունելէ ետք ներկաները անդրադարձաւ դասախօսութեան վերոյիշեալ թեմային, զայն նպաստաւոր նկատելով, ոչ միայն ակադեմիական բանավէճին համար, այլ որովհետեւ «կոչ մըն է քաղաքական իշխանութիւններուն՝ առողջ եւ բաւարար սնունդէն զրկուած բազմաթիւ եղբայրներուն եւ քոյրերուն տառապանքը մեղմացնելու նպատակաւ»։
«Դա հրատապ մարտահրաւէր է քանի որ շատ յաճախ բնական աղէտներով, ինչպէս նաեւ զինուած մարտահրաւէրներով յատկանշուած իրավիճակները՝ ինչպէս Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը, քաղաքական, տնտեսական կաշառակերութիւնը, հողի, հասարակաց տան շահագործումը կը խոչընդոտեն սնունդի արտադրութիւնը, կը տկարացնեն սնունդի արտադրութեան համակարգերը ու վտանգ կը սպառնայ համայն ժողովուրդներուն սննդի պարէնաւորման» նշեց Սրբազան Հայրը պատգամին մէջ։
Սորվիլ ու ճանչնալ անցեալին սխալները
Ակնարկելով «Fratelli tutti» շրջաբերականին, Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ՝ այսօր ճգնաժամ մը կրնայ նաեւ հնարաւորութիւն ու արդիւնաբեր առիթ դառնալ՝ սորվելու եւ ճանչնալու համար անցեալին սխալները։
Նորին Սրբութիւնը ապա մաղթեց որ վերոյիշեալ դասախօսութիւնը օգտակար դառնայ ժամանակից ճգնաժամէն դուրս գալու , ոչ միայն կեդրոնանալով թեքնիկական լուծումներուն վրայ այլ յիշելով թէ ինչքան կարեւոր է խթանել տիեզերական զօրակցութեան կեցուածք մը, հիմնուած եղբայրութեան, սիրով եւ փոխըմբռնման վրայ։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց իր երախտագիտութիւնը յայտնելով դասախօսութեան մասնակիցներուն քահանայապետական գիտութեան կաճարին հետ սերտ համագործակցութեան համար, ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ