Ֆրանչիսկոս Պապ նորոգեց հրաւէրը աղօթելու Վարդարանը` աշխարհի խաղաղութեան համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան առիթով, որուն ընթացքին յիշատակուեցաւ Ղպտի ուղղափառ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու միջեւ եղբայրական սիրոյ Օրը, Ղպտի Եկեղեցւոյ Պապ Թաուատրոս Բ-ի եւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին իրարու փոխանակած ողջոյնի խօսքերէն ետքը, ըստ սովորութեան Նորին Սրբութիւնը, որ այս անգամ զանց ըրաւ օրուան խորհրդածութիւնը շեշտը դնելու համար երկու եկեղեցիներու միջեւ կարեւոր ու պատմական այս տօնախմբութեան վրայ, զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գտնուող տարբեր ազգութիւններու պատկան ուխտաւորները։
Ֆաթիմայի Տիրամօր տօնը
Ողջոյնի խօսքերու շարքին Քահանայապետը յիշեց, թէ յառաջիկայ շաբաթ օր կը յիշատակուի Ֆաթիմայի Տիրամօր տօնը, հրաւիրելով հաւատացեալները ընկալելու Սուրբ Կոյսին հրաւէրը եւ այս ամսուայ ընթացքին աղօթելու Վարդարանը` աշխարհի խաղաղութեան համար, յատուկ աղօթք խնդրելով նաեւ մարտիրոս Ուքրանիոյ համար ու հրաւիրելով յատկապէս յիշել պատերազմներէն տառապող կանայք ու մանուկները։
Քրիստոնեաներու միութիւնը պատասխան Քրիստոսի կամքին
Արաբական աշխարհի ուխտաւորներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը դարձեալ շեշտը դրաւ քրիստոնեաներու միջեւ միութեան կարեւորութեան վրայ հաստատելով, որ «Քրիստոնեաներու միութիւնը պատասխան է Յիսուսի կամքին ու Անոր աղօթքին»։
Քահանայապետը յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն եւ նորապսակներուն խրախուսելով զանոնք աղօթել Սուրբ Կոյս Մարիամին, իրեն նուիրուած այս ամսուայ ընթացքին, Խաղաղութեան Թագուհիին յանձնելով մարտիրոս Ուքրանիան։
Ի տարբերութիւն միւս հրապարակային ունկնդրութիւններուն Նորին Սրբութիւնը հրապարակ համախմբուած հաւատացեալները հրաւիրեց, որ միանան իրեն եւ Թաուատրոս պատրիարքին «Հայր մեր» աղօթքը աղօթելով, ապա «ես եւ Թաուատրոս Պատրիարքը ձեզի պիտի շնորհենք օրհնութիւնը» ըսաւ Ան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ