Որոնել

Pope Francis holds weekly general audience at the Vatican

Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնի խօսքերը հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան մասնակցող ուխտաւորներուն։

«Վարդարանը աղօթեցէք խաղաղութեան համար։ Մարիամ Յիսուսին ու մեր Մայրը, մեզի օգնէ կառուցելու հանդիպումի ճանապարհներ եւ երկխօսութեան արահետներ, մեզի քաջութիւն պարգեւէ անոնց վրայ քալելու առանց յապաղումի»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 3 մայիսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը եւ ունկնդրութեան առթիւ անցեալ օրերուն Հունգարիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան մասին ներկայացուցած խորհրդածութենէն ետքը աւանդութեան համաձայն ողջոյնի խօսքեր ուղղեց տարբեր վայրերէն ու երկիրներէն ժամանած եւ ունկնդրութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած ուխտաւորներուն։

Վարդարանը աղօթել խաղաղութեան դիտաւորութեան 

Փորթուկալէն ժամանող հաւատացեալներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց Մայիս ամսուայ Մարեմեան ջերմեռանդութեան եւ Ֆաթիմայի Տիրամօր երեք փոքրիկ հովիւներուն ուղղած խնդրանքին, որ «ամէն օր աղօթեն սուրբ վարդարանը` աշխարհի խաղաղութեան եւ պատերազմի աւարտին համար»։ Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը ըսաւ, թէ ինք եւս այս մէկը կը խնդրէ «վարդարանը աղօթեցէք խաղաղութեան համար։ Մարիամ` Յիսուսին ու մեր Մայրը, մեզի օգնէ կառուցելու հանդիպումի ճանապարհներ եւ երկխօսութեան արահետներ, մեզի քաջութիւն պարգեւէ անոնց վրայ քալելու առանց յապաղումի»։

Դառնալ մարդոց միջեւ կամուրջներ

Ֆրանսացիներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Քահանայապետը հրաւիրեց «նիւթապաշտ եւ անհատապաշտ աշխարհի մը մէջ, Տիրոջմէն հայցելու, որ արմատացած պահէ մեզ Քրիստոսին մէջ, ու սորվեցնէ մենք մեզ նուիրելու եղբայրներուն ու դառնալու մարդոց միջեւ կամուրջներ, կառուցելու համար արարչագործութիւնը յարգող աւելի եղբայրական աշխարհ մը»։

Հաստատակամ ըլլալ հաւատքի, միասնութեան ու ներդաշնակ համագործակցութեան մէջ

Ի շարս այլ ողջոյնի խօսքերուն Սրբազան Պապը խօսքը ուղղեց նաեւ Լեհ հաւատացեալներուն ակնարկելով Հունգարացիներուն հետ ունեցած «անմոռանալի հանդիպումներուն», «որոնց հետ, ըսաւ Ան, ունիք սերտ կապեր մինչեւ այն աստիճան, որ զանոնք կը կոչէք զարմիկներ»։

«Յատկանշական է, որ երկու երկրներն ալ Մարիամը կը հռչակեն իրենց թագուհին։ Հայցեցէ՛ք Անոր բարեխօսութիւնը ձեր երկիրներու և ողջ Եւրոպայի համար՝ խնդրելով հաստատակամութիւն հաւատքի, միասնութեան և ներդաշնակ համագործակցութեան մէջ, բայց ամենէն առաջ խաղաղութիւնը, յատկապէս՝ մօտիկ Ուկրանիոյ համար» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Նորոգել Տիրամօր նկատմամբ պաշտամունքը

Ան ի վերջոյ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն ու նորապսակներուն անոնց եւս յորդորելով Մայիս ամսուայ սկիզբը նորոգելու իրենց պաշտամունքը Տիրամօր։ «Ձեզ կը քաջալերեմ աւելի խոր կերպով ճանչնալու Մարիամը, Անոր հետ մտերմութիւն հաստատելու, որպէսզի զայն ընկալէք` որպէս հոգեւոր Մայր եւ Քրիստոսի նկատմամբ հաւատարմութեան տիպար» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա Սուրբ Կոյսին` Խաղաղութեան Թագուհիի հովանիին յանձնեց ուքրանիոյ մարտիրոս ժողովուրդը։

Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը աւարտեցաւ Հայր մեր աղօթքով ու Քահանայապետին շնորհած առաքելական օրհնութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2023, 10:52