Որոնել

2023.06.13 Foto Ospedale Gemelli

Նոր հաղորդագրութիւն. Քահանայապետի ապաքինումի ընթացքը Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ. Աշխատանք, աղօթք եւ ընթերցում

Պրունի նշեց թէ «Սրբազան Քահանայապետը առաւօտը նուիրուեց աշխատանքային գործունէութեան եւ ընթերցումի» մինչ «կէսօրէն առաջ անձնական յարկաբաժնի մարտան մէջ ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ եւ ընդունեց Սուրբ Հաղորդութիւնը»։

Վատիկան Նիուզ

Երեքշաբթի 13 Յունիս 2023ի կէսօրուայ ժամերուն հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի, տեղեկացուց թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը «լաւ ու հանգիստ անցուցած գիշերը» ու թէ քննութիւնները կանոնաւոր են ու կը շարունակէ շնչառական վերականգնողական դարմանումը։

Պրունի նշեց ապա թէ «Սրբազան Քահանայապետը առաւօտը նուիրուեց աշխատանքային գործունէութեան եւ ընթերցումի» մինչ «կէսօրէն առաջ անձնական յարկաբաժնի մարտան մէջ ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ եւ ընդունեց Սուրբ Հաղորդութիւնը»։

Յայտնենք թէ անցեալ 7 Յունիսէն ի վեր Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ, ուր միշտ 7 Յունիսի յետմիջօրէին ընդհանուր անզգայնացման տակ ենթարկուեցաւ որովայնահտաման եղանակով որովայնի պատի վերականգնողական վիրահատական գործողութեան։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը առաջին օրէն ի վեր եւ օրը երկու անգամ տեղեկութիւններ կը հրապարակէ Քահանայապետին առողջապահական իրավիճակի մասին մերթ ընդ մերթ նաեւ մամլոյ ասուլիսնր ներկայացնելով, որոնց իր մասնակցութիւնը կր բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը խնամող բուժանձնակազմի պատասխանատու` Ճեմելլի հիւանդանոցի Որովայնային և էնտոկրին նիւթափոխանակութեան բժշկական և վիրաբուժական գիտութիւններու ամպիոնի տնօրէն` Փրոֆ. Սերճօ Ալֆիերիի։

Այս վերջինս է որ անցեալ շաբաթ օր լրագրողներուն փոխանցեց լուրը թէ Քահանայապետը ապաքինման ընթացքի առաջին փուլը պիտի անցնէ հիւանդանոցին մէջ ու առ նուազն մինչեւ այս շաբթուայ շաբաթավերջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2023, 13:55