Քահանայապետին հեռախօսազրոյցը Լուլա նախագահին հետ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի` 31 Մայիսի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հեռախօսազրոյց ունեցաւ Պրազիլի նախագահ` Տիար Լուիս Ինիացիօ Լուլա Տա Սիլվայի հետ։ Լուրը հաստատեցին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը եւ Պրազիլի Կառավարութիւնը, որոնք ի յայտ դրին նաեւ հեռախօսազրոյցի ընթացքին շօշափուած նիւթերը։
Նախագահ Լուլան նախ իր երախտագիտութիւնը արտայայտած է Ֆրանչիսկոս Պապին` Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատումին ի սպաս տածած աշխատանքին համար ու անոր փոխանցած է միւս Ղեկավարներուն հետ ունեցած զրոյցներու մասին տեղեկութիւններ` միշտ հայող Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան որոնումին։
Լուլան շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յանձնառութեան համար` աղքատութեան դէմ պայքարի ինչպէս նաեւ Ամազոնեան տարածաշրջանի պահպանման ուղղութեամբ, որուն Ֆրանչիսկոս Պապը նուիրած էր նաեւ Սիւնհոդոս մը 2019ին։
Նախագահ Լուլան նաեւ իր երախտագիտութիւնը արտայայտած է Ֆրանչիսկոս Պապին Անոր «Պրազիլի նկատմամբ վերջին տարիներուն ցուցաբերած զօրակցութեան արտայայտութիւններուն» համար ու այս առընչութեամբ խօսած է նաեւ Պրազիլի մէջ անօթութեան դէմ պայքարի ջանքերուն մասին, հուսկ Նորին Սրբութեան հրաւէր ուղղած է դարձեալ այցելելու Պրազիլը, ուր Սրբազան Պապը արդեն եղած էր իր ընտրութենէն մի քանի ամիսներ ետքը, 2013ի Յուլիսին` Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ կայացած Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան առիթով։
Հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի ապա թէ յառաջիկայ ամիսներուն ծրագրի մէջ է Լուլային այցը եւ Քահանայապետին հետ հանդիպումը Վատիկանի մէջ։ Այստեղ եւս պէտք է նշել,թէ Նախագահ Լուլային այցելութիւնը Վատիկան այս պարագային կը հանդիսանայ երրորդ այցը` տրուած ըլլալով, որ Ան Վատիկան ժամանած էր 2009 թուականին Պենետիկտոս ԺԶ օրով ապա 13 Փետրուար 2020ին հանդիպելով Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ