Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ տարեցի հետ Ֆրանչիսկոս Պապ տարեցի հետ  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Երիտասարդներ ԵՀՕ երթալէ առաջ այցելեցէք ձեր պապիներուն եւ տատիկներուն

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, տարեցներու, պապիկներու եւ տատիկներու համաշխարհային 3-րդ օրուան նուիրուած պատգամը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 15 յունիսին, Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, տարեցներու, պապիկներու եւ տատիկներու համաշխարհային 3-րդ օրուան նուիրուած պատգամը, ունենալով որպէս նիւթ «Անոր ողորմութիւնը սերունդէ սերունդ» Ղուկասի աւետարանէն քաղուած խօսքը (Ղուկ 1,50)։

Պատգամին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ իր պատգամին նիւթը մեզ կը տանի դէպի օրհնուած հանդիպում. Որ է Երիտասարդ Մարիամի ու անոր Եղիսաբեթ տարեց ազգականին միջեւ հանիդպումը։ (Ղուկ 1,39-56).

Սերունդներու միջեւ բեղուն հանդիպում

Յիշելով Մարիամի եւ Եղիսաբեթի միջեւ օրհնաբանութիւնը` «Օրհնեալ ըլլաս դուն կիներուն մէջ եւ օրհնեալ ըլլայ որովայնիդ պտուղը», Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ Սուրբ Հոգին է, որ կ՝օրհնէ եւ կ՝ընկերանայ տարբեր սերունդներու միջեւ բեղուն հանդիպումներուն ինչպէս նաեւ տատիկներու եւ թոռնիկներու, երիտասարդներու եւ տարեցներու միջեւ հանդիպումներուն։

«Աստուած իսկապէս կը փափաքի, որ այնպէս ինչպէս Մարիամ փութաց Եղիսաբեթի մօտ զայն ուրախանցելով, նոյնպէս ալ երիտասարդները ուրախացնեն տարեցներու սիրտերը եւ իմաստութիւն քաղեն անոնց փորձառութիւններէն» գրեց Նորին Սրբութիւնը։

Ան ապա գեղեցիկ նկատեց պապիկներուն եւ տատիկներուն համաշխարհային օրուան մօտիկութիւնը այս տարուայ Երիտասարդներու համաշխարհային օրուան հետ, մատնանշելով, որ երկու համաշխարհային օրերը ունին որպէս նիւթ Մարիամի  այցելութիւնը Եղիսաբեթին (Ղուկ 1,39) այցելութիւն մը, որ կը մղէ խոկալու տարեցներու եւ երիտասարդներու միջեւ կապի մասին։

Տարեցներու ու երիտասարդներու միջեւ բարեկամութիւն

«Տարեցի մը հետ բարեկամութիւնը երիտասարդին կ՛օգնէ, որ կեանքը միապաղաղ կերպով չկեդրոնացնէ ներկայի վրայ, եւ յիշէ` որ ամէն բան կախեալ չէ իր կարողութենէն։ Իսկ տարեցներու համար երիտասարդի մը ներկայութիւնը յոյս կու տայ, որ իրենց  ապրածը չէ կորսուած ու կ՛իրականացուին իրենց երազները։

Նորին Սրբութիւն դիտել տուաւ, որ լաւ հասկնալու համար Աստուծոյ միջամտութեան ոճը պէտք է յիշել, որ ժամանակը պէտք է ապրուի իր լիարժէքութեան մէջ, որովհետեւ ամենէն մեծ իրականութիւններն ու գեղեցիկ երազները չեն իրականացուիր մէկ ակնթարթի մէջ, այլ աճումի, հասունութեան, երկխօսութեան, յարաբերութեան մէջ։ «Այն որ կը կեդրոնանայ անմիջականին վրայ,  սեփական առաւելութիւններուն վրայ, ամէն ինչի եւ անմիջապէսի վրայ, կը կորսնցնէ Աստուծոյ միջամտելու տեսութիւնը»։

Տարեցներու եւ երիտասարդներու միջեւ  հանդիպումի յորդաբուխ ուրախութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ «Մարիամի ուղեւորութիւնը եւ Եղիսաբեթի ընդունելութիւնը կը բանան դռները դէպի փրկութեան յայտնութեան ու անոնց ողջագուրումի միջոցաւ Աստուծոյ ողորմութիւնը ուրախ հեզութեամբ կը ներթափանցէ մարդոց կեանքին մէջ» Ան ապա պատգամի աւարտին հրաւիրեց թեմերը, ժողովրդապետութիւնները, տօնելու պապիկներու եւ տատիկներուն ու տարեցներու համաշխարհային օրը, անոր կեդրոն զետեղելով տարեցներու եւ երիտասարդներու միջեւ վերսկսուած հանդիպումի յորդաբուխ ուրախութիւնը։

Քահանայապետը ուստի խնդրեց երիտասարդներէն, որոնք կը պատրաստուին Լիզպոն մեկնելու կամ  համաշխարհային օրը նշելու տարբեր վայրերու մէջ,  մինչ այդ այցելելու եւ հանդիպելու իրենց պապիկներուն եւ տապիկներու հետ։ Ան  ապա տարեցներէն խնդրեց, որ աղօթքով ընկերանան համաշխարհային հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերող երիտասարդներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց  իր առաքելական օրհնութիւններով եւ իրեն համար աղօթքի խնդրանքով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2023, 10:33