Որոնել

2023.06.10 Conferenza Stampa dal Policlinico Gemelli

Քահանայապետին ապաքինման ընթացքը կ՛ընթանայ կանոնաւոր կերպով. Ֆրանչիսկոս Պապը սրտի հետ կապուած հարցեր չունի. Փրոֆ. Ալֆիերի

Սրբազան Պապը վաղուան կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը պիտի կատարէ առանձնական կերպով հիւանդանոցի իր սենեակին մէջ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 10 Յունիս 2023-ի ժամը 12,30 ին, անցեալ 7 յունիսին կայացած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին վիրաբուժական գործողութենէն չորս օր ետք, Ճեմելլի բազմաբուժարանի մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, հայող Քահանայապետի առողջապահական վիճակին, մասնակցութեամբ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` տիար Մաթթէօ Պրունիի եւ Ֆրանչիսկոս Պապը խնամող բուժանձնակազմի պատասխանատու` Ճեմելլի հիւանդանոցի Որովայնային և էնտոկրին նիւթափոխանակութեան բժշկական և վիրաբուժական գիտութիւններու ամպիոնի տնօրէն` Փրոֆ. Սերճօ Ալֆիերիի։

Փրոֆ. Ալֆիերին յայտնեց` թէ Ֆրանչիսկոս Պապին առողջական իրավիճակը կանոնաւոր է, տաքութիւն չունի, ապաքինման ընթացքը կ՛ընթանայ բնականոն կերպով եւ բժշկական բոլոր քննութիւններու չափանիշերը կանոնաւոր են։ Ան կը սնուի կիսահեղուկ սննդակարգով։

«Սրբազան Քահանայապետը ուշադիր կը հետեւի իր ապաքինումին՝ ջանալով նուազեցնել որովայնի պատի վրայ գործադրուող ուժը՝ նպաստելու համար մկանային հիւսուածքի լիարժէք ապաքինմանը եւ վերականգնմանը» յայտնեց միշտ Փրոֆ. Սերճօ Ալֆիերին:

Ան ապա նշեց, որ «ապաքինման ընթացքը պահպանելու եւ Քահանայապետը յաւելեալ ճիգերու չենթարկելու համար, բժշկական անձնակազմը Սրբազան Պապէն խնդրած է` որ հրաժարի վաղուան Մարեմեան Աղօթքը գլխաւորելէ» եւ ասոր բերումով «Ան Մարեմեան աղօթքը պիտի արտասանէ հիւանդանոցի իր սենեակին մէջ առանձնական կերպով» աւելցուց Մաթթէօ Պրունին. հրաւիրելով բոլոր հաւատացեալները «որոնք կը փափաքին ընկերանալ Քահանայապետի աղօթքին, Անոր միանալու, ուր որ ալ ըլլան»։

Սրտի հետ կապուած որեւէ հարց չկայ

Պատասխանելով ապա լրագրողներուն ուղղած մի քանի հարցումներուն Փրոֆ Ալֆիերին անգամ մը եւս շեշտեց որ Ֆրանչիսկոս Պապը սրտի հետ կապուած որեւէ հարց չունի ու թէ թէեւ 86 տարեկան մարդ է ան ունի վաթսուն ամեայ մարդու հոգի եւ եռանդ։ Ալֆիերին նաեւ նշեց թէ բժշկական անձնակազմը Քահանայապետէն պիտի խնդրէ որ ապաքինման առաջին շրջանը անցնէ հիւանդանոցին մէջ, մինչեւ եկող շաբաթավերջը, բացատրելով թէ այս մէկը անհրաժեշտ է որպէսզի գործութեան հետեւանքով վէրքերը պահպանուին ու դարմանուին պէտք եղածին համեմատ առանց որ Սրբազան Պապը ենթարկուի յաւելեալ ճիգերու։ «Այս մէկը խնդրած են« որպէսզի Ան ապաքինման շրջանի աւարտին կարողանայ առանց մտահոգութիւններու վերադառնայ իր բնականոն առօրեայ գործունէութեան», աւելցուց ապա Ճեմելլի հիւանդանոցի Քահանայապետին հետեւող բուժանձանակազմի պատասխանատուն, յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելով նաեւ վիրահատութեան մանրամասնութիւններու մասին, ինչպէս նեաւ հաստատելով որ Սրբազան Պապը ամենայն հաւանութեամբ պիտի կարողանայ յարգել յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին նախատեսուած ճամբորդութիւններու օրակարգը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2023, 12:54