Կարդինալ Ծուփփին Պայտընին յանձնած է Ֆրանչիսկոս Պապի նամակը
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Աւարտեցաւ Սրբազան Քահանայապետին Յատուկ Պատուիրակ կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփիի Ուաշինկթըն Յուլիս 17էն 19ը տեղի ունեցած այցը։
Իրեն վստահուած խաղաղութեան առաքելութեան ծիրէն ներս Կարդինալը 17 Յուլիսին ժամը 17․00ին հանդիպած է Միացեալ նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ, որուն յանձնած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի նամակը՝ ընդգծելով Պապի ցաւը պատերազմի պատճառած տառապանքներու համար։
Երկօրեայ այցի վերաբերեալ Սուրբ Աթոռի տարածած մամլոյ հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք նաեւ, որ Ֆրանչիսկոս Պապի Յատուկ Պատուիրակը 17 Յուլիսի առաւօտեան հանդիպած է ԱՄՆ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ գերապայծառ Թիմըթի Պրոլիոյին հետ, որու ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Ուքրանիոյ պատերազմի եւ՝ ի նպաստ զոհերու եւ խաղաղութեան, Սուրբ Աթոռի նախաձեռնութիւններու վերաբերեալ։
Վատիկանի մամլոյ հաղորդագրութիւնը անդրադարձած է Կարդինալ Ծուփփիի՝ ուղեկցութեամբ Սուրբ Աթոռի Առաքելական նուիրակի եւ Նուիրակութեան խորհրդականի, յաջորդ օրերու հանդիպումներուն․
18 Յուլիսին Վատիկանի պատուիրակութիւնը հանդիպած է Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան՝ Հելսինքեան յանձնաժողովի անդամներու հետ՝ անոնց հետ քննարկելով Պապի առաքելութիւնը աւելիով արդիւնաւէտ դարձնելու հնարաւոր ուղիները։
Մինչ 19 Յուլիսի առաւօտեան, Վատիկանի պատուիրակութիւնը հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներու հետ, որոնց Կարդինալ Ծուփփին տեղեկացուցած է իր խաղաղապահ առաքելութեան տարբեր փուլերու ատեն ունեցած հանդիպումներու մասին։
Այդ հանդիպումի ընթացքին երախտագիտութիւն արտայայտուած է Սուրբ Աթոռի ջանքերուն համար ու ընդգծուած խաղաղութեանն ուղղուած բոլորի պատասխանատուութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ