Որոնել

Սուրբ Թովմաս Աքուինացի Սուրբ Թովմաս Աքուինացի  (© Biblioteca Apostolica Vaticana)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Սուրբ Թովմաս Աքուինացին եկեղեցւոյ մարդ՝ օժտուած մարդկային ու հոգեւոր մեծ իմաստութեամբ»

Սրբազան Հայրը ապա Սուրբերու դաստի վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն նշանակած է իրեն յատուկ ներկայացուցիչ՝նախագահելու համար Fossanova, վանքին մէջ մատուցուելիք Սուրբ Պատարագին ուր «Տիրոջ մէջ ննջած է» Սուրբ Թովմասը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ իրեն յատուկ ներկայացուցիչ նշանակեց, Սուրբերու դատի վերատեսուչ Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն նախագահելու համար Սուրբ Թովմաս Աքուինացիին սրբադասման եօթը հարիւր ամեակի նուիրուած Սուրբ արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Fossanova վանքին մէջ յառաջիկայ 18 յուլիս 2023ին։

Անուանումի առթիւ, կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոյին ուղղած 11 յուլիս թուակիր նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշած է, թէ Սուրբ Թովմաս Աքունիացին, որպէս եկեղեցւոյ մարդ, քահանայ եւ վարդապետ իր հսկայական հոգեւոր եւ մարդկային իմաստութիւնը կիսեց աղօթքի եւ գրութիւններու միջոցաւ։

«Սուրբ Թովմասը բազմաթիւ աշխատանքներ գրեց ու սորվեցուց անմոռանալի բաներ եւ բարձր  գնահատուած է Փիլիսոփայական եւ Աստուածաբանական գիտութիւններուն մէջ։ Ան կը փայլէր ճիշդ բանականութեամբ եւ յստակութեամբ եւ մինչ ակնածանքով , բանականութեամբ կը փնտռէր Աստուածային խորհուրդները՝ անոնց մասին կը խորհրդածէր ջերմեռանդ հաւատքով։

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակին մէջ յիշած է Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի նուիրուած Եռամեայ, ուր պիտի յիշուի Սրբադասման 700 ամեակէն անդին, 2024 թուականին մահուան 750 ամեակը եւ 2025ին Ծննդեան ութը հարիւր ամեակը։

«Միտքի մեծ բերկրանքով եւ հոգեւոր ուրախութեամբ ընկալեցինք եկեղեցւոյ տարբեր ծրագիրները՝արժանի կերպով մեծարելու համար Սրբութեան ամենապայծառ Վարդապետին եռանդն ու սուրբ վարդապետութեան ուսումնասիրութիւնը», գրած է Ան։

Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը ապա Սուրբերու դաստի վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն նշանակած է իրեն յատուկ ներկայացուցիչ՝նախագահելու համար Fossanova, վանքին մէջ մատուցուելիք Սուրբ Պատարագին ուր «Տիրոջ մէջ ննջած է» Սուրբ Թովմասը։

«Այդ արարողութեան բոլոր մասնակիցները պիտի խրախուսուին յայտնելու իրենց յատուկ Սէրը Քրիստոսին ու Անոր Աւետարանին՝ վերանորոգուած ուժով եւ նոր եռանդով աղօթքի միջոցաւ ինչպէս նաեւ առօրեայ կեանքին մէջ խանդավառ ըլլալով հաւատքի նախաձախնդրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2023, 14:29