Ֆրանչիսկոս Պապին հեռագիրները Իտալիան եւ Յունաստանը հարուածող բնական աղէտներուն ի տես
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ 28 Յուլիս 2023ին հրատարակուեցան Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող երկու հեռագիրներ` մէկը ուղղուած Յունաստանի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` Գերապայծառ Փեթրոս Սթեֆանույին եւ միւսը Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփիին, երկու երկիները հարուածող բնական աղէտներուն ի տես։
Գերապայծառ Սթեֆանուին ուղղուած հեռագիրին մէջ կը կարդանք. «Ֆրանչիսկոս Պապը խորապէս մտահոգ է Յունաստանի տարբեր շրջաններու մէջ տարածուած կեանքի սպառնացող եւ վնասներ յառաջացնող հրդեհներուն համար.... Ան իր հոգեւոր մօտիկութիւնը կը փոխանցէ ու յատուկէն կ՛աղօթէ որպէսզի Ամենակալը օրհնէ հրշէջներուն եւ այլ շտապ օգնութեամբ զբաղող մարմիններու անձնակազմը, պայքարելու համար այս վտանգաւոր իրականութեան դէմ»։
Նորին Սրբութիւնը նաեւ կը մաղթէ, որ ներկայի կլիմայական տագնապը բոլոր մարդիկը մղէ նորոգելու իրենց յանձնառումը արարչագործութեան պարգեւի խնամքին մէջ յառաջիկայ սերունդներուն բարօրութեան ի նպաստ։
Իսկ Կարդինալ Ծուփփին ուղղուած հեռագիրին մէջ կը կարդանք. «Իտալիոյ տարբեր շրջանները հարուածող ջրհեղեղներու եւ հրդեհներուն ի տես, որոնք պատճառեցին բազմաթիւ վնասներ, Քահանայապետը ձեզմէ կը խնդրէ` որ ըլլաք Անոր մօտիկութեան թարգմանը, հանդէպ այս կլիմայական իրավիճակէն տուժած բնակչութեան մօտ, որ կ՛ընդգծեն հարկաւորութիւնը քաջ ու հեռատես ջանքեր ի գործ դնելու, դիմագրաւելու համար կլիմայական փոփոխութիւններու մարտահրաւէրը եւ պատասխանատու կերպով պաշտպանելու արարչագործութիւնը հոգ տանելով մեր հասարակաց տան։
Քահանայապետը հուսկ Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ բոլորին վրայ կը հայցէ Տիրոջ մխիթարութիւնը գնահատանք արտայայտելով բոլոր անոնց` որոնք վեհանձն օրէն իրենց օգնութեան ծառայութիւնը մատուցեցին ու յատկապէս հրշէջներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ