Որոնել

Ֆրանչիսկոս եւ Գերապայծառ Պեթթաձի Ֆրանչիսկոս եւ Գերապայծառ Պեթթաձի 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը Գերպ. Լուիճի Պեթթաձիի մահուան առիթով

Իվրէա թեմի երբեմնի եպիսկոպոս Գերպ Լուիճի Պեթթաձին, Տիեզերական Բ ժողովի վերջին վկան է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 18 յուլիսին, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցական գիր յղեց Իվրէա թեմի եպիսկոպոս գերապայծառ Էտուարտօ Ալտօ Չեռաթոյիի, Վատիկանի Տիեզերական Բ ժողովին վերջին վկայ, Գերպ Լուիճի Պեթթաձիի մահուան առիթով։

Ցաւակցագիրին մէջ Վատիկանի Պետական քարտուղար գրեց.

«Նորին Սրբութիւնը ստանալով Իվրէա թեմի երբեմնի եպիսկոպոս, գերապայծառ Լուիճի Պեթթաձիի մահուան լուրը Իր հոգեւոր մօտիկութիւնը կը յայտնէ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն ու բոլոր անոնց որոնք կը ողբան գերապայծառին կորուստին համար, որ շատ սիրուած ու բարձր գնահատուած է բոլոր անոնց կողմէ որոնց հանդիպեցաւ իր երկար եւ բեղուն առաքելութեան շրջանին։

Կարդինալ Փարոլին նշեց թէ «Սրբազան Քահանայապետը գերապայծառ Պեթթաձին կը յիշէ, որպէս Աւետարանի մեծ սիրահար, որ յատկանշուեցաւ աղքատներուն մօտիկութեամբ ու դարձաւ արդարութեան եւ խաղաղութեան մարգարէական նշան՝ եկեղեցւոյ պատմութեան յատուկ ժամանակաշրջանին։ նաեւ երկխօսութեան մեծ մարդ ու յղման կէտ Իտալիոյ հանրային եւ քաղաքական կեանքին բազմաթիւ ներկայացուցիչներուն»։

Կարդինալ Փարոլին Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւկացագիրը եզրափակեց նշելով, որ Սրբազան Քահանայապետը երախտապարտ է Տիրոջ Տիեզերական ժողովին այդ քաջարի վկային համար, հայցելով Յարուցեալէն յաւիտենական պարգեւը, զոր խոստացաւ հաւատարիմ ծառաներուն ու սրտանց իր առաքելական օրհնութիւնը կը փոխանցէ Իվրէա թեմի հասարակութեան ինչպէս նաեւ Պոլոնիա թեմի եւ յուղարկաւորութեան արարողութեան բոլոր մասնակիցներուն։


Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2023, 15:00