Որոնել

Քահանայապետին յայտարարութիւնները. ԵՀՕ յաջորդ միջազգային հաւաքը Սէուլի մէջ` 2027ին. Իսկ 2025ին Հռոմի մէջ Երիտասարդութեան Յոբելեանը։

Պատարագի աւարտին ներկաներուն ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան Պապը հրաւիրեց երիտասրադները իր հետ կիսելու երազ մը` Խաղաղութեան երազը։ երազը երիտասարդներու` որոնք կ՛աղօթեն խաղաղութեան համար, կ՛ապրին խաղաղութեամբ ու կը կառուցեն խաղաղ ապագայ մը։Սուրբ Զոհին իրենց մասնակցութիւնը բերին մէկ ու կէս միլիոն երիտասարդներ, եօթը հարիւր եպիսկոպոսներ եւ տասը հազար քահանաներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 6 օգոստոսին Ֆրանչիսկոս Պապը տեղական ժամով առաւօտեան ժամը 9ին, Լիզպոնի «Parque Tejo» հրապարակին վրայ մատուցեց ԵՀՕ օրերուն նուիրուած եւ այդ օրերը եզրափակող սուրբ պատարագը, որուն ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց Յիսուս պայծառակերպութեան դէպքին վրայ ու այդ դէպքի մանրամասնութիւններուն վրայ` մեկնաբանելով փայլիլ, ունկնդրել եւ չվախնալ բայերը։ 

Պատարագի աւարտին Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Քեւին Ֆարրել շնորհակալական խօսք ուղղեց Նորին Սրբութեան որմէ ետքը Քահանայապետը ԵՀՕ խորհրդանիշ Խաչը` յանձնեց հինգ ցամաքամասերը ներկայացնող խումբ մը երիտասարդներուն ապա իր կարգին ուզեց իր շնորհակալական ուղերձը յղել շեշտը դնելով «շնորհակալութիւն» բառին վրայ, կամ աւելի շիտակ փորթուկալներէն «obrigado» բառին վրայ, որ «չի նշանակեր միայն երախտագիտութիւն արտայայտել ընդունած բաներուն համար, այլ նաեւ իղձ է` այդ բարիքը փոխադարձելու» ըսաւ Սրբազան Պապը։ 

Շնորհակալութիւն իշխանութիւններուն ու երազներու քաղաք Լիզպոնին

Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց նախ Լիզպոնի Պատրիարք Կարդինալ Քլեմենթէին ու անոր հետ միասին Փորթուկալի Եկեղեցւոյ ու համայն ժողովուրդին։ Ապա շնորհակալութիւն նախագահին, ազգային իշխանութիւններուն, եպիսկոպոսներուն կրօնաւորներուն ու աշխարհականներուն հուսկ «Երախտագէտ եմ քեզի Լիզպոն, որ պիտի մնաս այս երիտասարդներուն մտքին մէջ որպէս «եղբայրութեան տուն», «երազներու քաղաք» ըսաւ Քահանայապետը ու շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Կարդինալ Ֆարելին եւ բոլոր անոնց` որոնց վստահուած էր ԵՀՕ կազմակերպութիւնը ու յատուկէն անոնց որոնք աղօթքով հաւաքին ընկերացան ու նաեւ կամաւորներուն` որոնք մատուցեցին իրենց ծառայութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն սուրբերուն մասնաւորապէս Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բին

«Յատուկ երախտագիտութիւն անոնց, որոնք վերէն հսկեցին ԵՀՕ վրայ, այսինքն պաշտպան սուրբերը եւ անոնցմէ առաջինը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ որ ծնունդ տուաւ Երիտասարդներու Համաշխարհային Օրերուն» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը որ յատուկ երախտագիտական խօսք ուղղեց երիտասարդներուն։ 

Շնորհակալութիւն երիտասարդներուն

«Աստուած կը տեսնէ այն ամէն բարին, որ ձեր մէջն է, Ան է որ միայն գիտէ այն ինչ, որ սերմանեց ձեր սրտերուն մէջ։ Հաճեցէք զայն պահպանել խնամքով։ Կ՛ուզեմ ձեզի ըսել. Ձեր մտքին մէջ պահեցէք ամենագեղեցիկ պահերը եւ երբ կու գայ յոգնութեան և յուսահատութեան անխուսափելի պահը և գուցէ կանգ առնելու կամ ձեր մէջ փակուելու փորձութիւնը, վերակենդանացուցէք այս օրերու փորձառութիւնները և շնորհքը, որովհետև այս է իրականութիւնը, այս մէկը դուք էք` Աստուծոյ սուրբ Ժողովուրդը, որ կը քալէ Աւետարանի ուրախութեան մէջ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը։ 

Ան ողջոյն յղեց նաեւ բոլոր այն երիտասարդներուն, որոնք կարելիութիւնը չունեցան ներկայ գտնուելու ու մասնակցեցան իրենց Երկիրներուն մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներուն յատուկէն աղօթք խնդրելով այն երիտասարդներուն համար որոնք չկարողացան ԵՀՕ մասնակցիլ պատերազմի ու հակամարտութիւններու պատճառաւ։ 

Խաղաղութեան երազը

«Շատ են անոնք աշխարհին մէջ։ Այս ցամաքամասին մտածելով մեծ ցաւ կը զգամ սիրելի Ուքրանիոյ համար որ կը շարունակէ տառապիլ» ըսաւ Քահանայապետը եւ աւելցուց. «Բարեկամներ, թոյլ տուէք ինծի,  ձեզի երիտասարդներուդ հետ կիսելու երազ մը որ իմ մէջս կը կրեմ. Խաղաղութեան երազն է ան, երազը երիտասարդներու որոնք կ՛աղօթեն խաղաղութեան համար, կ՛ապրին խաղաղութեամբ ու կը կառուցեն խաղաղ ապագայ մը։ 

Մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը արմատներ

Քահանայապետը ապա. յատուկ ողջոյնի ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն որոնք մեր հաւատքի եւ ուրախութեան արմատներն են ու մեզի փոխանցեցին կեանքի հորիզոնը։

Յանձնում Տիրամօր

Ձեր տուն վերադարձին շարունակեցէք, խնդրեմ, աղօթել խաղաղութեան համար։ Դուք աշխարհին համար խաղաղութեան նշան էք, վկայութիւն թէ ինչպէս ազգութիւնները, լեզուները ու պատմութիւնները կարող են միացնել փոխանակ բաժնելու։ Դուք յոյսն էք տարբեր աշխարհի մը։ Շնորհակալութիւն ձեզի այս բանի համար` Օն յառաջ։ 

ԵՀՕ յաջորդ միջազգային հաւաքը Սէուլի մէջ 2027ին

«Աւարտին բոլորդ կը սպասէք այս պահը ԵհՕ յաջորդ փուլի յայտարարութիւնը։ Բայց նախքան այդ մէկը, թէ ու՞ր պիտի կայանայ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ 41-րդ օրը, ես կը ցանկանայի հրաւէր ուղղել աշխարհի բոլոր երիտասարդներուն` 2025 թուականին Հռոմի մէջ միասին նշելու Երիտասարդութեան յոբելեանը: Այսպիսով, ես ձեզ կը սպասեմ այնտեղ, 25-ին, միասին նշելու Երիտասարդութեան յոբելեանը» ըսաւ Քահանայապետը ու յայտարարեց թէ Երիտասարդութեան համաշխարհային յաջորդ օրը տեղի պիտի ունենայ Ասիայի մէջ ` Հարաւային Քորէայի մէջ` Սէուլ 2027 թուականին, Եւրոպայի արեւմտեան սահմանէն տեղափոխուելով հեռաւոր Արեւելք։ Եւ այս մէկը Եկեղեցւոյ տիեզերականութեան և միասնութեան երազանքի գեղեցիկ նշան է, որուն ականատեսն էք դուք» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու երախտագիտութեան վերջին խօսքը ուղղեց  երկու յատուկ անձերու,  որոնք եղան այս հանդիպումի դերակատարները։

«Անոնք մեր հետն էին, ու միշտ ալ մեր հետն են, երբեք իրենց աչքին առջեւէն չեն հեռացներ մեր կեանքերը ու զանոնք կը սիրեն որեւէ անձէ աւելի. Շնորհակալութիւն Քեզի Տէր Յիսուս, շնորհակալութիւն քեզի Մարիամ մեր Մայրը» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։ 

Քահանայապետին մօտիկութիւնը Վրաստանի մէջ ձիւնափուլի զոհերուն

Աղօթքէն ետքը Նորին Սրբութիւնը յիշեց երկու օրեր առաջ Վրաստանի Ռաշա շրջանին մէջ տեղի ունեցած ձիւնափուլի զոհերը անոնց վստահեցնելով աղօթք ու մօտիկութիւն ու նաեւ մօտիկութիւնը Պատրիարք Էլիա Բ-ին։

Սրբազան Պապը առ այդ վերադարձաւ Լիզպոնի Առաքելական Նուիրակութիւն ուր կէսօրէն ետք ժամը երեքի ժամանակները հրաժեշտ առաւ Նուիրակութեան անձնակազմէն եւ ուղղուեցաւ Լիզպոնի արուարձանը գտնուող «Passeio Maritimo de Alges» վայրը, ուր հանդիպում ունեցաւ ԵՀՕ կամաւորներուն հետը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2023, 11:35