Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ֆաթիմայի մէջ աղօթեցի խաղաղութեան համար առանց գովազդի»

Լիզպոնէն Վատիկան վերադարձի թռիչքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը լրագրողներու բացատրեց, թէ ինչու Ֆաթիմայի սրբավայրին մէջ ուզեց լռելեան աղօթել եւ ինչու երիտասարդներու դիմաց պատրաստուած պատգամներու տեղ նախընտրեց անպատրաստից խօսք ուղղել։ Նորին Սրբութիւնը վերահատաստեց զեռօ հանդուրժողականութիւնը անչափահասներու ոտնձգութիւններուն նկատմամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 6 դեկտեմբերին, Լիզպոնի մէջ կայացած ԵՀՕ աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ թռիչքով փոխադրուեցաւ Վատիկան։ Թռիչքի ընթացքին սովորութեան համաձայն հարցազրոյց ունեցաւ իրեն ընկերացող լրագրողներուն հետ։

Հարցազրոյցին բացումը կատարեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն, Տիար Մաթթէօ Պրունիին։

Ֆրանչիսկոս Պապին լռելեան աղօթքը Ֆաթիմայի Յայտնութիւններուն մատրան մէջ

Պատասխանելով լրագրողի մը առաջին հարցումին, թէ ինչո՞ ւ Ֆաթիմայի յայտնութիւններուն մատրան մէջ չվերանորոգեց Տիրամօր հրաւէրը՝ աղօթելու խաղաղութեան համար ու նախընտրեց լռելեան աղօթել, Սրբազան Պապը հաստատեց թէ Ինք այս մէկը ըրաւ ու Տիրամօր աղօթեց խաղաղութեան համար՝ բայց «առանց գովազդի» ապա հրաւիրեց շարունակել կրկնել խաղաղութեան աղօթքը, որովհետեւ «Տիրամայրն է, որ խնդրած այդ կատարել համաշխարհային առաջին պատերազմին օրերուն» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Փորթուկալի մէջ անչափահասներու սեռային ոտնձգութիւններուն մասին զեկոյցը

Պատասխանելով երկրորդ հարցումին, որ կը վերաբերի Փորթուկալի մէջ անչափահասներուն սեռային ոտնձգութիւններուն իրականութեան ու թէ եթէ ինք տեղեակ է իրավիճակէն Ֆրանչիսկոս Պապ` ակնարկելով Եկեղեցւոյ այս հարցին նկատմամբ վերջին տարիներուն ի գործ դրած մեծ աշխատանքին նշեց, թէ իր ձեռքերուն հասած է այդ հարցին տեղեկագիրը ընդգծելով թէ բոլոր հոգեւոր հովիւները, պէտք է իրենց վրայ կրեն պատասխանատուութիւնները ու պայքարիլ այդ ախտին դէմ, յիշեցնելով նաեւ, որ սեռային չարաշահումներու աշխարհը շատ դաժան է եւ պէտք է շատ բաց գտնուիլ անոր հանդէպ։

Նորին Սրբութեան առողջապահական վիճակը

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ իր առողջապահական վիճակի մասին ուղղած հարցումին պատասխանեց թէ լաւ է, ապա այն հարցումին թէ ինչու մէկդի դրաւ պատրաստուած ճառերը ու նախընտրեց սրտաբուխ խօսք ուղղել երիտասարդներուն, Քահանայապետը բացատրեց, թէ առաջին ճառը ստիպուած է եղած է կրճատել իր տեսողութիւնը խանգարող լոյսի մը պատճառաւ մինչ միւս պատգամներն ու քարոզները փոխած է ուղղակի կերպով կապի մէջ մտնելու համար երիտասարդներուն հետ, հաղորդակցութեան ձեւ մը, որովհետեւ «երիտասարդները կեդրոնացումի շատ ժամանակ չունին, անոնք յստակ գաղափարներով եւ պատկերներով պատգամի մը կրնան հետեւիլ ամենէն շատ 8 վայրկեան», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով թէ «Աւետարանի ուրախութիւն» իր առաքելական նամակին մէջ անդրադարձած է քարոզներու մասին շեշտելով, որ եկեղեցին պէտք է դարձի գայ քարոզի իրականութեան մէջ՝ կարճ, յստակ եւ սիրալիր պատգամներ կատարելով։

Մարսէյ ճամբորդութեան նպատակը

Քահանայապետին ուղղուած հարցումներու շարքին եղաւ նաեւ յառաջիկային Մարսէյ քաղաք կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը որուն առնչութեամբ Ան նշեց, թէ ինք այնտեղ կ՛երթայ որովհետեւ շատ մտահոգ է միջերկրականի հարցով ու ասկէ մեկնելով նկատել տուաւ, որ գաղթականներու չարաշահումը ոճրագործութիւն է ու յիշեց Հիւսիսային Ափրիկէէն փախուստ տուող գաղթականները յորդորելով կարդալ չարաշահումի, ստրկութեան ենթարկուած Կինէայէն Սպանիա գաղթած գաղթականի մը գրկոյքը՝ «Փոքրիկ եղբայր» վերնագիրով, որուն մէջ նկարագրուած է գաղթականներու ողբերգութիւններու իրականութիւնը։ «Միջերկրականը գերեզման մըն է, սակայն ոչ թէ ամենէն մեծ գերեզմանը։ Ամենէն մեծ գերեզմանը Հիւսիսային Ափրիկէն է» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը բացատրելով իր Մարսէյ կատարելիք ճամբորդութեան դրդապատճառը ու յիշեցնելով նաեւ թէ ինք առ այժմ կ՛ուզէ այցելել փոքր իրականութիւններ ու արուարձանային շրջաններ։

Եկեղեցին բաց է բոլորին առջեւ եւ խորհուրդներու մատակարարումը ուն իր կանոնները

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ եկեղեցին բաց է բոլորին առջեւ սակայն եկեղեցւոյ մէջ, ոչ բոլորը ունին հաւասար իրաւունք՝ ինչպէս միասեռականները, որոնք չեն կրնար ստանալ բոլոր Սուրբ Խորհուրդները, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ «իւրաքանչիւր անձ եկեղեցւոյ մէջ իր իր ճանապարհով Աստուծոյ կը հանդիպի եւ եկեղեցին Մայր է, որ իւրաքանչիւր անձ կ՝առաջնորդէ իր ճանապարհով։ Ամէն մէկ անհատ, երկխօսութեան, աղօթքի եւ հոգեւոր հովիւներուն հետ հովուական ծառայութեան երկխօսութեան մէջ կը փնտռէ ձեւ մը՝ յառաջ երթալու համար։ Եկեղեցին Մայր է եւ կ՝ընդունի ամէնքը եւ իւրաքանչիւր անձ իր ուղեւորութիւնը կը կատարէ եկեղեցւոյ մէջ» շեշտեց Սրբազան Քահանայապետը բացատրելով սակայն թէ խորհուրդներու մաշկարարումը այլ բան է եւ ունի իր կանոնները։

Երիտասարդներու համաշխարհին օրերը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսեցաւ երիտասարդաց համաշխարհին օրերու մասին ըսելով, որ ինք չորս անգամ մասնակցած է այդ միջազգային օրերուն առաջինը՝ Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ, երկրորդը Քրաքովիա, երրորդը Փանամա իսկ չորրորդը Լիզպոնի մէջ, ուր երիտասարդներու մասնակցութեան ամենաբարձր թիւը արձանագրուած է ու ասկէ մեկնելով նշեց թէ հարկաւոր է գիտնալ ընկերանալ երիտասարդներուն որպէսզի անոնք չի խզուին իրենց արմատներէն։

«Ասոր համար է որ ես կը պնդեմ տարեց-երիտասարդ երկխօսութեան վրայ, մեծ հայրերն ու մայրերը իրենց թոռնիկներուն հետ։ Այս երկխօսութիւնը շատ կարեւոր է» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը խոստովանելով թէ իրեն համար այս ԵՀՕ շատ գեղեցիկ էր։

Երիտասարդներու անձնասպանութեան հարցը

Քահանայապետին ուղղուած վերջին հարցումը կը վերաբերէր երիտասարդներու ընկճուածութեան եւ կամ այլ պատճառներու հետեւանքով անձնասպանութեան հարցին։ Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ այսօր շատ բարձր է անձնասպանութեան դիմող երիտասարդներուն թիւը, որոնց մասին հաղորդամիջոցները շատ քիչ կ՝անդրադառնան, դիտել տալով, որ երիտասարդներուն միջեւ կան շատ դիւրաբեկ անհատներ, զանազան պատճառներու բերումով, ու թէ անձնապաստանութիւնը ժամանակից մեծ խնդիր է, զոր է պէտք է դիմագրաւել։ Այս ուղղութեամբ Քահանայապետը պատմեց նաեւ երիտասարդի մը հետ իր ունեցած զրոյցի մասին որ Սրբազան Պապին հետ խօսելէ ետքը անոր շնորհակալութիւն յայտնած է որովհետեւ այդ անձերէն եղած է որ կ՛ուզէր անձնասպանութեան դիմել։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2023, 12:59