Որոնել

Ռիմինիի Միթինկ (Արխիւ) Ռիմինիի Միթինկ (Արխիւ) 

«Ժողովուրդներուն միջև թող աճի ընկերային բարեկամութիւնը». Քահանայապետին պատգամը Ռիմինիի միթինկին

«Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում» կաթողիկէ շարժումի նախաձեռնութեամբ 20էն 25 օգոստոսին, Իտալիոյ ծովեզերեան Ռիմինի քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Մարդկային գոյութիւնը անսպառ բարեկամութիւն է» խորագրով «Ժողովուրդներու միջև բարեկամութեան 44-րդ «Միթինկը» որուն առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ պատգամ մը յղած է ժողովականներուն զայն յանձնելով Ռիմնիի Եպիսկոպոս գերապայծառ Նիքոլօ Անսելմիին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Սրբազան Քահանայապետը այս տարի եւս ձեզի կը յանձնէ Իր պատգամը ուղղուած ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան Միթինկի կազմակերպիչներուն ու մասնակիցներուն, մինչ դժբախտաբար պատերազմն ու բաժանումները սրտերուն մէջ կը սերմանեն ատելութիւն ու վախեր եւ միւսը որ տարբեր է ինձմէ ընկալուած է յաճախ որպէս մրցակից»։ Այս կը կարդանք Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող «Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում» կաթողիկէ շարժումի նախաձեռնութեամբ 20էն 25 օգոստոսին, Իտալիոյ ծովեզերեան Ռիմինի քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք «Մարդկային գոյութիւնը անսպառ բարեկամութիւն է» խորագրով «Ժողովուրդներու միջև բարեկամութեան 44-րդ «Միթինկին» ուղղուած Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամին մէջ զոր ժողովականներուն պիտի փոխանցուի Ռիմնիի Եպիսկոպոս գերապայծառ Նիքոլօ Անսելմիի ձեռամբ։

Սորվինք քալել եղբայրութեան մէջ

«Միթինկին «Մարդկային գոյութիւնը անսպառ բարեկամութիւն է» խորագիրը յանդուգն է, որովհետեւ կ՛ընթանայ հակահոսանք, «ժամանակի մը ընթացքին որ յատկանշուած է անհատապաշտութեամբ ու անտարբերութեամբ, որոնք կը յառաջացնեն առանձնութիւն եւ բազմաթիւ անտեսութեան ձեւեր» գրուած է ի միջի այլոց վերոնշեալ պատգամին մէջ, ուր ապա ընդգծուած է, թէ «այս կացութենէն կարելի չէ դուրս գալ սեփական ուժերով։ Մարդկութիւնը միշտ փորձարկած է թէ ոչ մէկը կը փրկուի առանձին եւ ասոր համար է, որ պատմութեան յատուկ մէկ պահի ընթացքին Աստուած մեզի ուղարկեց իր Միածին Որդին, որպէսզի սորվինք քալել եղբայրութեան մէջ, նուիրումի ուղեւորութեան մէջ»։

Մէջբերումներ կատարելով Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն ուղղուած «Christus vivit» յորդորագիրէն ու Միթինկը կազմակերպող «Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում» կաթողիկէ շարժումի հիմնադիր` Հայր Ճուսսանիի խօսքերէն Կարդինալ Փարոլինը դիտել տուաւ, թէ «Միւսի հանդէպ բաց վերաբերմունքը, որպէս եղբայր Ֆրանչիսկոս Պապի Քահանայապետութեան, վկայութեան, ու վարդապետութեան առանձնայատուկ յատկանիշներէն մին է», ինչպէս Ան գրած է «Fratelli tutti» շրջաբերականին մէջ. «Միւսին նկատմամբ սէրը այնպէս ինչպէս որ է, մեզ կը մղէ որոնելու անոր կեանքին լաւագոյնը։ Միայն այս յարաբերութիւններու ձևը զարգացնելով է որ մենք հնարաւոր կը դարձնենք ընկերային բարեկամութիւնը, որ չի բացառեր ոչ մէկը, և եղբայրութիւնը` որ բաց է բոլորին» (Fratelli tutti, 94):

Խուլ չի ձեւանալ դէպի Աստուած բարձրացող աղաղակին դիմաց

Ասկէ մեկնելով Ծիրանաւորը նշեց թէ ասոր համար է, որ Սրբազան Քահանայապետը բոլոր քրիստոնեաներէն ու բարի կամքի տէր մարդոցմէ կը պահանջէ «խուլ չի ձեւանալ դէպի Աստուած բարձրացող աղաղակին դիմաց» հաստատելով, որ «ճառերէն աւելի հարկաւոր են շօշափելի արարքներ եւ կիսուած ընտրանքներ, որոնք կը կառուցեն խաղաղութեան մշակոյթ մը մեր ապրած միջավայրերուն մէջ, ընտանեկան, բարեկամական, դպրոցի, համալսարանի ու ընկերային կեանքի ոլորտներուն ներս։

«Եկեղեցին այս ուղղութեամբ կը քաջալերէ բոլորը քալելու այս ճանապարհէն» նշեց հուսկ Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը ու խօսքը ուղղելով ժողովականներուն յանձնարարեց ըլլալ «վայր բարեկամութեան, բանալով հանդիպումի եւ երկխօսութեան արահետներ», ապա նշեց, որ բարեկամութեան գեղեցիկ սահմանումներէն մին, որ կարելի է միշտ ի գործ դնել, այն է «թոյլ տալ` որ միւս անձը մուտք գործէ մեր կեանքին մէջ»։

Խթանել հանդիպումի մշակոյթը

«Ֆրանչիսկոս Պապը կը մաղթէ, որ ժողովուրդներու միջև բարեկամութեան հանդիպումը շարունակէ խթանել հանդիպման մշակոյթը, բաց բոլորին, առանց բացառութեան, քանի որ իւրաքանչիւրի մէջ կայ Հօր արտացոլանքը, որ բոլորին կեանք կը պարգեւէ եւ շունչ ամէն բանի» (Գործք Առաքելոց 17. 25)» գրեց Կարդինալ Փարոլինը յանուն Քահանայապետին Ռիմինիի Միթինկին ուղղած իր պատգամին մէջ, ու մաղթանք արտայայտեց, որ «մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը կարողանայ սորվիլ ուրիշներուն մօտենալ Յիսուսի ճանապարհով, որ «միշտ իր ձեռքը կ՛երկարէ, միշտ կը ձգտի բարձրացնել, այնպէս կ՛ընէ` որ մարդիկը բուժուին, որ երջանիկ ըլլան, որ հանդիպին Աստուծոյ» (Քրիստոնէական, 7 օգոստոս 2019): «Որպէսզի աճի ընկերային բարեկամութիւնը եւ ազգերու միջեւ բարեկամութիւնը» գրեց Փարոլինը ու պատգամը եզրափակեց բոլորին երաշխաւորելով Սրբազան Պապին առաքելական Օրհնութիւնը ու յաջողութիւն մաղթելով ձեռնարկին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2023, 11:00