Որոնել

++ Papa Francesco partito per la Gmg di Lisbona ++

Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին դէպի Լիզպոն տանող միջազգային 42րդ ճամբորդութիւնը

Այս կը հանդիսանայ Սրբազան Քահանայապետին այս տարուայ երրորդ միջազգային ճամբորդութիւնը` իսկ Փորթուկալ կատարած երկրորդ այցելութիւնը 2017 թուականի 12 եւ 13 մայիսին Ֆաթիմայի սրբավայր կատարած այցելութենէն ետքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 2 օգոստոս 2023ին առաւօտ կանուխ, Վատիկանի իր բնակարանէն` Սանթա Մարթայէն մեկնումով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ իր Քահանայապետութեան միջազգային 42րդ ճամբորդութեան, որ զինք կ՛առաջնորդէ Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոն, ուր զինք կը սպասեն ու պիտի դիմաւորեն աշխարհի բոլոր ցամաքամասերէն ու տարբեր երկիրներէն այնտեղ համախմբուած մէկ միլիոնէ աւելի երիտասարդներ, որոնք Քահանայապետին հրաւէրով Լիզպինի մէջ միասնաբար պիտի տօնախմբեն Երիտասարդներու Համաշխարհային 37րդ օրը։ Անոնց շարքին են նաեւ Լիբանանէն, Հայաստանէն, Սուրիայէն եւ Թուրքիայէն հայ կաթողիկէ պատանիներ եւ երիտասարդներ։

Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն մեկնեցաւ ժամը 8ին իր հետ ճամբորդող վատիկանեան պատուիրակութեան եւ միջազգային հանրութիւնը ներկայացնող աւելի քան ութսուն լրագրողներուն հետ։

Թռիչքին տեւողութիւնը գրեթէ երեք ժամ է ու Ֆրանչիսկոս Պապին ժամանումը Լիպզոնի «Ֆիկօ Մատուրօ» օդակայան նախատեսուած է Լիզպոնի ժամով ժամը 10ին շուրջ , որ Հռոմի ժամին կը համապատասխանէ 11ին։

Օդակայանին մէջ նախատեսուած է պաշտօնական ընդունելութիւն ի ներկայութեան Փորթուկալի նախագահին ու պատկան իշխանութիւններուն։

Այս կը հանդիսանայ Սրբազան Քահանայապետին այս տարուայ երրորդ միջազգային ճամբորդութիւնը` իսկ Փորթուկալ կատարած երկրորդ այցելութիւնը 2017 թուականի 12 եւ 13 մայիսին Ֆաթիմայի սրբավայր կատարած այցելութենէն ետքը։ Ֆրանչիսկոս Պապը չորրորդ Քահանայապետն է որ կ՛այցելէ Փորթուկալը։ Անորմէ առաջ այնտեղ մեկնած էին Պօղոս Զ Քահանայապետը 1967ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը երեք անգամ` 1982ին, 1991ին եւ 2000ին ապա երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԶը 2010 թուականին։

Սրբազան Պապը այս ճամբորդութեամբ այցելած պիտի ըլլայ վաթսուն Երկիրներ։

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապին այս այցելութեան առիթով Փորթուկալի նախագահը համաներման օրէնք մը հրատարակեց ներում շնորհելով բազմաթիւ բանտարկեալներուն։

Դէպի Լիզպոն թռիչքի ընթացքին  Քահանայապետը Իտալիոյ նախագահին յղած աւանդական հեռագիրին մէջ մաղթանք յայտնեց` որ ԵՀՕ մասնակցող երիտասարդները մղուած հաւատքէն ու ոտքի ելլելու եւ ուղեւորութեան մէջ դնելու իղձէն ուժ քաղէն Քրիստոսի հետ հանդիպումէն եւ քաջալերուած ըլլան փնտռելու ճշմարտութիւնը ու կեանքին իմաստը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2023, 08:00